Լիբանանեան

Պըզրի Հակառակ Թեկնածուներու Անուններու  Անորոշութեան Նախագահի  Ընտրութեան Նիստ Կը Նախատեսէ

Պըզրի Հակառակ Թեկնածուներու Անուններու Անորոշութեան Նախագահի Ընտրութեան Նիստ Կը Նախատեսէ

Երեսփոխան Ապտելռահման Պըզրի նախատեսեց, որ 9 յունուարին նախատեսուած նախագահի ընտրութեան նիստը գումարուի, հակառակ առաջադրուած թեկնածուներու անուններուն շուրջ տիրող անորոշութեան եւ թեկնածուներուն նկատմամբ պլոքներու դիրքորոշումներուն: «Զինուորական կամ ապահովական անձնաւորութեան մը ընտրութեան շուրջ համաձայնութեան պարագային հարցը քուէներուն աւելի քան երկու երրորդին կը կարօտի», նշեց ան: Պըզրի «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ֆրանսացի պատուիրակին սպասուող այցելութիւնը Լիբանանի նկատմամբ ֆրանսական հետզհետէ աճող հետաքրքրութեան...

Արսլան. «Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսն  ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կարեւոր  ու Ազդու Դեր Ունին` Փրկելու Համար  Այս Ազգին Մնացորդը»

Արսլան. «Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կարեւոր ու Ազդու Դեր Ունին` Փրկելու Համար Այս Ազգին Մնացորդը»

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Մեր ազգին անցած պառակտումի, բոլոր կողմերէն կասկածելի գրաւներու ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ, եւ մեզ ակնդէտ սպասող, մեզ քարէ դարաշրջան վերադարձնող սադրիչ ծրագիրներով ու շրջանային օգնութեամբ միջազգային սադրանքներու պայմաններուն մէջ, պէտք է իւրաքանչիւր ողջախոհ հաստատէ, որ Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կարեւոր ու ազդու դեր ունին փրկելու համար այս ազգին...

Այցելելով Հանրապետութեան Միւֆթիին`  Պուսթանի. «Ես Բնաւորութեամբ Համախոհական Եմ,  Եւ Եթէ Իբրեւ Համախոհական Անձ Ներկայութեանս  Կարիք Կայ, Ես Պատրաստ Եմ  Պատասխանատուութեան Ստանձնման»

Այցելելով Հանրապետութեան Միւֆթիին` Պուսթանի. «Ես Բնաւորութեամբ Համախոհական Եմ, Եւ Եթէ Իբրեւ Համախոհական Անձ Ներկայութեանս Կարիք Կայ, Ես Պատրաստ Եմ Պատասխանատուութեան Ստանձնման»

Երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի Տար Ֆաթուայի մէջ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հանդիպումը շատ արդիւնաւէտ էր, եւ ազգային հարցեր քննարկեցինք: Մտիկ ըրի միւֆթիին ցուցմունքներուն, եւ խօսեցանք նախագահի ընտրութեան հարցին մասին: Միւֆթին ինծի ըսաւ, որ յաջորդ նախագահը պէտք է բոլոր լիբանանցիներուն ըլլայ եւ ոչ միայն մարոնի համայնքին, եւ ատիկա մեր ուսերուն մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ, որովհետեւ սիւննի...

Ֆրանսա Եւ Միացեալ Նահանգներ Անհրաժեշտ  Կը Նկատեն Լիբանանի Հանրապետութեան  Նոր Նախագահի Ընտրութիւնը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհանի Լիբանան այցելութիւնը պիտի ըլլայ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամետ Պըն Սալմանի հովանաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ պիտի ըլլայ չափազանց կարեւոր իրադարձութիւն եւ անցնող տարիներէն ետք Սէուտական Արաբիոյ պաշտօնապէս Լիբանան վերադարձի բացումը: Այցելութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ տարուան առաջին օրերուն` ընկերակցութեամբ դիւանագիտական պատուիրակութեան մը: «Ժատիտ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, ամերիկացի պատուիրակ...

Իսրայէլեան Բանակը Փակեց Թիպէի  Եւ Տէյր Սրիանի Միջեւ Ճամբան

Իսրայէլեան Բանակը Փակեց Թիպէի Եւ Տէյր Սրիանի Միջեւ Ճամբան

Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ քաղաքային պաշտպանութեան հին կեդրոնին մօտ փակած է Թիպէի եւ Տէյր Սրիանի միջեւ ճամբան եւ այդտեղ տեղակայուած: ՖԻՆԻՒԼ-ի տեղեկատուական գրասենեակի փոխտնօրէն Քանիս Արտել յայտնեց. «Իսրայէլեան ուժերը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն փոխանցեցին, որ Թիպէի շրջանի մերձակայքը խաղաղապահներուն անվտանգութիւնը կարելի չէ երաշխաւորել, եւ անոնք պարեկութիւն կատարելու ընթացքին պէտք է խուսափին այս շրջանէն»: «Խաղաղապահ զինուորներուն...

Ապտալլա Բ. Թագաւոր Եւ Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղեն`  Երաշխաւորելու Լիբանանի Մէջ  Զինադադարի Յաջողութիւնը

Ապտալլա Բ. Թագաւոր Եւ Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղեն` Երաշխաւորելու Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Յաջողութիւնը

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաստատեց Յորդանանի աջակցութիւնը Սուրիոյ` կառուցելու համար ազատ, անկախ ու ամբողջական գերիշխանութեան տէր պետութիւն մը, որ կը բաւարարէ ամբողջ սուրիացի ժողովուրդին ձգտումները: «Սուրիոյ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը շրջանին համար հիմնական են», նշեց թագաւորը` շեշտելով. «Յորդանան կը մերժէ Սուրիոյ հողերուն եւ գերիշխանութեան վրայ որեւէ յարձակում»: «Անհրաժեշտ է Կազայի վրայ իսրայէլեան պատերազմը...

Մաքրոն Եւ Սիսի Կը Շեշտեն Լիբանանի Մէջ  Զինադադարի Ամբողջական Գործադրութեան  Կարեւորութիւնը Եւ Կոչ Կ՛ուղղեն Նախագահի Ընտրութեան Շտապելու

Մաքրոն Եւ Սիսի Կը Շեշտեն Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Ամբողջական Գործադրութեան Կարեւորութիւնը Եւ Կոչ Կ՛ուղղեն Նախագահի Ընտրութեան Շտապելու

Եգիպտոսի նախագահի բանբեր Մոհամետ Շըննաուի յայտարարեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հեռաձայնած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Եգիպտոսի եւ Ֆրանսայի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ անոնց մասնաւորաբար տնտեսական ու ներդրումային ոլորտներու մէջ ամրապնդումը շարունակելու կարեւորութիւնը: Անոնք նաեւ տեսակէտներու փոխանակում կատարած են շրջանային զարգացումներու շուրջ` ընդգծելով Կազայի մէջ շուտով զինադադար հաստատելու, գերիներու փոխանակում կատարելու եւ մարդասիրական...

Խրէյս. «Կռուեցանք Մեր Հայրենիքին Մասնատումն  ու Բռնագրաւումը Արգիլելու Համար Եւ Պիտի Շարունակենք  Ամբողջ Ուժով Զայն Պաշտպանել»

Խրէյս. «Եթէ Իսրայէլ Մեր Հողերէն Մասերու Վրայ Մնայ, Բնական Է, Որ Դիմադրութիւնը Գործի Լծուի»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց. «Ներկայ փուլը ամէնէն վտանգաւոր փուլերէն մէկն է, ոչ միայն Լիբանանի մակարդակին վրայ, այլեւ շրջանի մակարդակին վրայ, որովհետեւ թշնամին կը շարունակէ մեր գիւղերուն վրայ իր յարձակումները, եւ մենք յանձնառու դարձանք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին, սակայն Իսրայէլ զայն չյարգեց եւ կը շարունակէ զայն խախտել ու ներթափանցել շարք մը գիւղեր, տուները կը...

Ապու Ֆաուր. «Լիբանանեան Պետութիւնը  Պէտք Է Կապ Հաստատէ Սուրիոյ Նոր Իշխանութեան Հետ»

Ապու Ֆաուր. «Լիբանանեան Պետութիւնը Պէտք Է Կապ Հաստատէ Սուրիոյ Նոր Իշխանութեան Հետ»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ անհրաժեշտ է, որ «լիբանանեան իմաստութիւնն ու պատասխանատուութիւնը գերակշռեն»` յոյս յայտնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը կը ձեռնարկէ «Սուրիոյ մէջ կազմաւորուող իշխանութեան հետ հաղորդակցութեան լուրջ խողովակներ հաստատելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու փոխադարձ յարգանքի ու քաղաքական նոր իրողութիւններու հիման վրայ»: Ան վերահաստատեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի այն դիրքորոշումն ու...

Հըմայետ Կոչ Կ՛ուղղէ` Միախմբուելու  Եւ Նախագահի Ընտրութեան Շտապելու

Հըմայետ Կոչ Կ՛ուղղէ` Միախմբուելու Եւ Նախագահի Ընտրութեան Շտապելու

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայետ կոչ ուղղեց` «պետական հաստատութիւններու աշխատանքը կանոնաւորելու ու երկիրը փրկելու համար» միախմբուելու եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան շտապելու: «Լիբանանի մէջ նախագահական համակարգ չունինք, եւ Լիբանանը ներկայ փուլին կարիքը ունի միախմբումի եւ ոչ թէ նոր անգիր օրէնքներու ստեղծման», նշեց Հըմայետ: «Չկայ մէկը, որ հրաժարեցաւ հայրենիքի մակարդակի վրայ գոյութիւն ունեցող իշխանութիւններու եւ հաստատութիւններու դիրքերէն», ըսաւ երեսփոխանը`...

Ժահժահ. «Իշխող Համակարգը Աշխատանք  Կը Տանի Ժողովուրդին Ձգտումները Չիրականացնող  Հանրապետութեան Նախագահի Մը  Ընտրութիւնը Ապահովելու»

Ժահժահ. «Իշխող Համակարգը Աշխատանք Կը Տանի Ժողովուրդին Ձգտումները Չիրականացնող Հանրապետութեան Նախագահի Մը Ընտրութիւնը Ապահովելու»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան թղթածրարի հարցով իր հաղորդակցութիւններուն ընթացքին անդրադարձած է, որ «իշխող համակարգը» տակաւին գոյ է եւ սովորական կերպով կը շարունակէ իր աշխատանքը: Ան ըսաւ, որ Դիմադրութեան առանցքը լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի ընտրութիւնը չ՛ուզեր, եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը եւս անոր ընտրութիւնը չ՛ուզեր, ուստի աշխատանք կը տանին ընտրութիւնը տապալելու: «Իշխող...

Ռիաշի. «Կը Կարծեմ, Որ 9 Յունուարին  Նախագահ Պիտի Ընտրուի»

Ռիաշի. «Կը Կարծեմ, Որ 9 Յունուարին Նախագահ Պիտի Ընտրուի»

Երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց. «Աշխատանք կը տանինք, որպէսզի նախագահի ընտրապայքարին համար մէկ անուն ըլլայ, եւ 9 յունուարի նիստէն առաջ թեկնածութեան առաջադրման օրուան շուրջ պիտի համաձայնինք, եւ մեր դաշնակիցներուն հետ հաւասարակշռուած վարմունք ունինք»: Ան «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Առաջադրուած բոլոր անունները հանրապետութեան նախագահի արժեչափերուն համահունչ չեն, եւ ատիկա բոլոր կողմերուն միջեւ հասարակաց կէտ մըն է: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար...

Միքաթի Շարհին Յայտնած Է, Թէ Մօտ Օրէն  Կառավարական Պաշտօնական Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Պիտի Ուղարկէ

Միքաթի Շարհին Յայտնած Է, Թէ Մօտ Օրէն Կառավարական Պաշտօնական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Պիտի Ուղարկէ

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնած է Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհին` շնորհաւորելով զինք աւելի քան տասնամեակ մը տեւած պայքարէ ետք սուրիացի ժողովուրդի ձեռք բերած իրագործումին համար: Լիբանանեան պետական աղբիւրները «Թելեւիզիոն Սուրիա» կայքին յայտնած են, որ Միքաթի եւ Շարհ հաստատած են երկու եղբայրական պետութիւններուն միջեւ յարատեւ համակարգման , առկախ հարցերու լուծման եւ երկու ժողովուրդներու զաւակներուն միջեւ գործերը դիւրացնելու...

Իսրայէլ Պեքայի Մէջ Սուրիոյ Հետ Սահմանային  Անցքի Մը Վրայ Յարձակում Գործեց

Իսրայէլ Պեքայի Մէջ Սուրիոյ Հետ Սահմանային Անցքի Մը Վրայ Յարձակում Գործեց

Իսրայէլեան օդուժը երէկ յարձակումներ գործեց` թիրախաւորելով Պեքայի մէջ Սուրիոյ հետ սահմանային անցակէտ մը: Իսրայէլեան ուժերը մէկ օր առաջ ալ հարաւային Լիբանանի մէջ Քանթարա, Ատշիթ Քուսէյր եւ Ուատի Հուժէյր շրջաններուն մէջ յառաջացած էին: Իսրայէլեան օդուժը ուրբաթ առաւօտեան Պեքայի Քուսայա շրջանին մէջ երեք դիրքեր թիրախաւորեց, ապա շարունակեց Պեքայի վերեւ ցած բարձրութեան վրայ թռիչքներ կատարել: Ասիկա 2-րդ անգամն է, որ իսրայէլեան օդուժը 27...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Աղբիւրներ «Ախպար»-ին. Հոքշթայն Լիբանանին Պիտի Փոխանցէ Վերաշինութեան Մէջ Իրանի Որեւէ Դերակատարութիւն Մերժող Յստակ Պատգամ Մը

Ամերիկացիներուն հետ կապի մէջ եղող աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, թէ Լիբանանի մէջ պաշտօնական կողմերուն նախնական տեղեկութիւններ հասած են ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի այցելութեան ընթացքին արծարծուելիք նիւթերուն վերաբերեալ: Ամերիկացիները ամբողջովին համամիտ են հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կատարածին եւ անոնք յաջորդ փուլին Լիբանանի վրայ ճնշում պիտի բանեցնեն պատերազմին առնչուած պայմաններ պարտադրելու համար: Աղբիւրները «Ախպար»-ին ըսած են, թէ Ուաշինկթըն եւ Թել Աւիւ...

Խօսքը Սէուտական Արաբիոյ Ուղղելով`  Շէյխ Քապալան. «Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Կայունութիւնն  Ու Կազան Փրկելը Շրջանին Պաշտպանութեան  Եւ Ապահովութեան Համար Հրատապ Անհրաժեշտութիւն Են»

Խօսքը Սէուտական Արաբիոյ Ուղղելով` Շէյխ Քապալան. «Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Կայունութիւնն Ու Կազան Փրկելը Շրջանին Պաշտպանութեան Եւ Ապահովութեան Համար Հրատապ Անհրաժեշտութիւն Են»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան Պըրժ Պարաժինայի Իմամ Հուսէյն մզկիթին մէջ ուրբաթօրեայ նամազի ընթացքին իր արտասանած խօսքի ընթացքին յայտնեց. «Մեր սկզբունքը հաստատ է, անիկա համաձայնական գործընկերութեան սկզբունքն է, եւ պիտի չընդունինք որեւէ ընտրանք, որ ազգային գործընկերութեան կը հակասէ, մանաւանդ որ Լիբանանը շրջանային քաոսի սրտին մէջ է»: «Իրենց ազգային պարտականութիւններն ու գերիշխանական խնդիրները լքողներէն չենք», նշեց ան` աւելցնելով. «Իսրայէլ պատերազմին չյաղթեց,...

Ռիատ Թեհրանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Մաղմուրա Շրջանի  Արեւելեան Ծայրամասի Սահմանագծման Շուրջ  Բանակցութիւններու Սկսելու

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ քաղաքական կողմեր տեղեակ պահուեցան, թէ լիբանանեան թղթածրարը Սէուտական Արաբիոյ մէջ արքունիքի խորհրդական Նիզար Ալուլայէն փոխանցուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհանին եւ անոր օգնականներուն: Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են. «Վերջինս տարեվերջէն ետք նախարարութենէն պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Լիբանան պիտի այցելէ»: Մամլոյ տեղեկութիւններու համաձայն, «Ռիատ Լիբանանի մէջ նոր դեսպան պիտի նշանակէ միայն հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ետք, եւ այժմ Սէուտական...

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Բագրատունին

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Բագրատունին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Միքաթի ներկայացուց ներկայ փուլի իր պատկերացումը` արտաքին կողմերու հետ կատարած վերջին հաղորդակցութիւններէն ետք: Ան յատկապէս անդրադարձաւ Եգիպտոս եւ Թուրքիա տուած այցելութիւններէն ստացած տպաւորութեան: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ 9 յունուարի խորհրդարանի նիստը արդիւնաւորուի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ, որուն կը հետեւի նոր կառավարութեան...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Յորդանանի  Դեսպանին Հետ Քննարկեց Շրջանային  Վերջին Զարգացումները

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Յորդանանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Շրջանային Վերջին Զարգացումները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան 26 դեկտեմբերին այցելեցին Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան տարածաշրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` Սուրիոյ վարչակարգի անկումէն ետք: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Սուրիոյ ժողովուրդին կամքի արտայայտութեան յարգումը` երկրի հողային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան, ժողովրդավարութեան եւ կրօնական ու անհատական իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքներու շրջագիծին մէջ: Քննարկուեցաւ նաեւ...

Հոքշթայն Այսօր Պէյրութ Կ՛այցելէ

Ըստ «Ժատիտ»-ի. Կը Նախատեսուի, Որ Շարք Մը Պատուիրակներ, Ներառեալ Սէուտցի Պատուիրակ Մը, Պէյրութ Այցելեն

Երեսփոխանական աղբիւրներ, անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին. «Տակաւին բանակցութեան նշաձողը բարձրացնելու համար խուսանաւումներու փուլի մէջ ենք (բոլորը իրենց զէնքերուն կառչած են, սակայն նորութիւն չկայ), եւ լուրջ աշխատանքը պիտի սկսի յառաջիկայ շաբաթ»: Աղբիւրները նաեւ նշած են. «Կը նախատեսուի, որ շարք մը պատուիրակներ, ներառեալ սէուտցի պատուիրակ մը, Պէյրութ այցելեն»: «Ժատիտ» հաղորդեց, որ չորեքշաբթի օր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար...

Page 151 of 986 1 … 150 151 152 … 986

Արխիւներ