Լիբանանեան

«Ժամանակն Է Լիբանանի Մէջ Զէնքը Միաւորելու,  Եւ Հիմա Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Ժամանակը Չէ»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարք

«Ժամանակն Է Լիբանանի Մէջ Զէնքը Միաւորելու, Եւ Հիմա Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ժամանակը Չէ» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարք

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը Լիբանանեան մամուլի խմբագիրներու սենտիքայի պատուիրակութիւնը ընդունելուն ընթացքին յայտնեց. «Ժամանակն է գումարելու ազգային խորհրդաժողով` մաքրելու համար յիշողութիւնը, եւ մենք շատոնց կոչ կ՛ուղղենք` միասին նստելու, եւ եթէ ատիկա չապահովուի, ապա պէտք է միջազգային խորհրդաժողով գումարուի»: Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու վիճակին պատրիարքը նշեց. «Հայըաթ Թահրիր Շամը Հալէպ եւ Դամասկոս մտնելէ ետք կապ հաստատեց առաջնորդարաններուն հետ եւ հանգստացուց զանոնք, ուստի քրիստոնեաները...

Քաց. «Հըզպալլայի Եւ Լիբանանի Դէմ Խաղի  Կանոնները Փոխելու Պահուն Շատ Մօտ Ենք»

Քաց. «Քանդուած Գիւղերը 5 Տարիով Կ՛արգիլեն Հըզպալլային Եւ Քաղաքայիններուն Հարաւային Լիբանան Վերադարձը»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց, որ քանդուած գիւղերը 5 տարիով կ՛արգիլեն Հըզպալլայի եւ քաղաքայիններուն հարաւային Լիբանան վերադարձը: «Հըզպալլան դադրեցաւ Իրանի պաշտպանական վահանը ըլլալէ, եւ անհաւանական է, որ կարենայ վերականգնիլ», նշեց Քաց: «Մտադիր չենք հարաւային Լիբանանի մէջ 5 դիրքերէն որեւէ մէկէն հեռանալու, քանի տակաւին զէնքը չէ յանձնուած», աւելցուց ան: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը նաեւ յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը անյայտ ժամանակով պիտի...

Աուն-Շարհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԸՍՏ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթի տեղեկութեան, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն այս ամսուան կիսուն Քաթար պիտի այցելէ: - ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատը հաղորդեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Քարիմ Սուէյտ երէկ նախագահ Աունի դիմաց կատարած է իր պաշտօնի ստանձնման երդումը: - ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին կը յայտնեն. «(Հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլի վրայ վերջին) հրթիռարձակումներուն պատասխանատուին ինքնութիւնը տակաւին չէ վճռուած, եւ միակ յայտնի եղող իրողութիւնը այն է,...

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  «Լուծումը Զինուորական Չէ, Այլ Դիւանագիտական,  Եւ Չենք Կրնար Երկու Զէնքերով  Եւ Երկու Բանակով Շարունակել»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարք

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. «Լուծումը Զինուորական Չէ, Այլ Դիւանագիտական, Եւ Չենք Կրնար Երկու Զէնքերով Եւ Երկու Բանակով Շարունակել» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարք

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Ռայի պատրիարքը հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Ես զինադադարի միակողմանի խախտումներուն դէմ եմ: Աշխատանքը դիւանագիտական է: Լուծումը զինուորական չէ, այլ դիւանագիտական, չենք կրնար երկու զէնքերով եւ երկու բանակով շարունակել»: «Ընդհանուր հարցերու մասին խօսեցանք եւ չանդրադարձանք կարգ մը լիբանանեան գիւղերու վրայ իսրայէլեան յարձակումներու հարցին», նշեց պատրիարքը:

Պաարինի. «Կը Մերժենք «Բանակ, Ժողովուրդ,  Դիմադրութիւն» Նշանաբանի Նախարարական  Ուղերձի Մէջ Ներառումը»

Պաարինի. «Այո՛ Իսրայէլի Հետ Յարաբերութեան Բնականոնացման, Եթէ Մեզ Յարձակումներէ Կը Պաշտպանէ»

Երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ «յարաբերութիւններու բնականոնացումը վէճերով եւ պորոտախօսութեամբ չի լուծուիր»: «Այո՛ յարաբերութիւններու բնականոնացման, եթէ մեզ յարձակումներէն կը պաշտպանէ: Այո՛ յարաբերութիւններու բնականոնացման, եթէ մեր հողերը կը վերադարձնէ եւ անոնց բռնագրաւման բացառումը կ՛երաշխաւորէ: Այո՛ յարաբերութիւններու բնականոնացման, եթէ Լիբանանին կու տայ խաղաղութիւն մը եւ բարգաւաճում մը, որոնցմէ տարիներէ ի վեր զրկուած է: Այո՛ յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ ո՛չ արաբական երթերուն...

Պասիլ. «Հըզպալլան Չի Կրնար Առանձինը  Եւ Իր Քաղաքականութեամբ Լիբանանը Պաշտպանել,  Եւ Պէտք Չէ Մերը Չեղող Ճակատամարտի Մէջ Մտնենք»

Պասիլ. «Հըզպալլան Չի Կրնար Առանձինը Եւ Իր Քաղաքականութեամբ Լիբանանը Պաշտպանել, Եւ Պէտք Չէ Մերը Չեղող Ճակատամարտի Մէջ Մտնենք»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հունգարական «Հիր Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Քրիստոնեաները սպառնալիքի տակ են Սուրիոյ, Իրաքի, Յորդանանի եւ Լիբանանի մէջ, ուր անոնց թիւը կը նուազի: Անոնք գոյութենական պայքարի մէջ են, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական գաղափարներու եւ արարքներու սպառնալիքին ենթակայ»: Պատասխանելով Հըզպալլայի հետ յարաբերութիւններուն եւ կուսակցութեան պատերազմէն ետք տկարանալուն մասին հարցումի մը` Պասիլ ըսաւ. «Կուսակցութիւնը...

Նախարար Պայրագտարեան Այցելեց Ռաֆայէլ  Պետրոս ԻԱ.-ին Եւ Վերապատուելի Հայտոսթեանին

Նախարար Պայրագտարեան Այցելեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին Եւ Վերապատուելի Հայտոսթեանին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ուրբաթ, 28 մարտին իրերայաջորդ կերպով այցելեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի: Այցելութիւններուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակի, կառավարութեան ծրագիրներուն եւ որդեգրած քաղաքականութեան մասին տեսակէտներու փոխանակում: Նախարար Պայրագտարեան այս առիթով ներկայացուց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարութեան ծրագիրներն...

Եազպեք. «Ներքին Շինիչ Որեւէ Երկխօսութեան  Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Ենք,  Եւ Միայն Բանակը Լիբանանը Կը Պաշտպանէ»

Եազպեք. «Իշխանութիւնը Պէտք Է Հըզպալլայէն Իր Զէնքը Յանձնել Եւ Ներքին Քաղաքական Կեանքին Ներգրաւուիլ Պահանջէ»

Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղայեաս Եազպեք յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի շրջանին մէջ, մասնաւորաբար ներլիբանանեան զարգացումներուն ու փոփոխութիւններուն վերաբերեալ դիրքորոշումներն ու ճառերը, կ՛արտացոլեն կուսակցութեան ինքնիրեն, իր համակիր զանգուածին եւ ընդհանրապէս Լիբանանին պատճառած աղէտներուն, ողբերգութեան, քանդումին, աւերին ու հարաւային շրջաններու եւ գիւղերու իսրայէլեան բռնագրաւումին մերժումը: Ան այս մասին խօսեցաւ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին: Եազպեք նշեց,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ աղբիւր մը «Ռաշա Թուտէյ»-ին յայտնած է. «Լիբանանը անցնող ժամերուն ստացաւ մտահոգիչ նշաններ, թէ Իսրայէլ պիտի շարունակէ ահաբեկումներու քաղաքականութիւնը»: «Լիբանան ստացաւ նշաններ, թէ Իսրայէլ յանձն առած է քանդել Հըզպալլայի զինանոցը, քանի տակաւին լիբանանեան կառավարութեան քայլերը անբաւարար են», նշած է աղբիւրը: -ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին յայտնած են. «Իսրայէլեան մագլցումը Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի այցելութեան նախօրեակին որոշ...

Իսրայէլ Լայնածաւալ Յարձակումներու Ծիրին Մէջ Նաեւ Յարձակում Գործեց Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

Իսրայէլ Լայնածաւալ Յարձակումներու Ծիրին Մէջ Նաեւ Յարձակում Գործեց Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտ յայտարարեց, որ իր օդային պաշտպանութեան համակարգերը վնասազերծած են Լիբանանէն արձակուած հրթիռ մը, իսկ երկրորդ հրթիռ մըն ալ ինկած է լիբանանեան հողերու մէջ: Մինչ այդ, ահազանգ հնչած էր հիւսիսային Իսրայէլի Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին եւ անոր մերձակայքին մէջ: Իսրայէլեան բանակը հակադարձեց հրետանիով եւ ֆոսֆորէ ռումբերով ռմբակոծելով հարաւային Լիբանանի Խիամ քաղաքի արեւելեան թաղամասը: Իսրայէլեան ռմբակոծման պատճառով Խիամի Պարաքէ...

Մաքրոն. «Կը Կարծեմ, Որ Լիբանանը Այսօր Ճիշդ Ուղիի Վրայ Է, Մենք Լիբանանի Կողքին Պիտի Կանգնինք` Նոր Իշխանութեան Յաջողութիւնը Երաշխաւորելու Համար»

Մաքրոն. «Կը Կարծեմ, Որ Լիբանանը Այսօր Ճիշդ Ուղիի Վրայ Է, Մենք Լիբանանի Կողքին Պիտի Կանգնինք` Նոր Իշխանութեան Յաջողութիւնը Երաշխաւորելու Համար»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Փարիզ, ուր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի ընկերակցութեամբ առցանց ժողով մը գումարեց Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ, ապա երկու նախագահները Կիպրոսի նախագահին ու Յունաստանի վարչապետին կողքին մասնակցեցան լիբանանեան-ֆրանսական-յունական-կիպրական միացեալ բանակցութիւններու: Նախագահ Աուն Մաքրոնի հետ ունեցաւ լիբանանեան եւ ֆրանսական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ հանդիպում մը, որուն աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Մաքրոն զօրակցութիւն յայտնեց Պէյրութի բնակիչներուն,...

Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Սահմանագծման Ռազմավարական Կարեւորութեան Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցին

Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Սահմանագծման Ռազմավարական Կարեւորութեան Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցին

Սէուտական Արաբիոյ պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիան Սալման պըն Ապտելազիզ թագաւորի եւ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանի ցուցմունքով հինգշաբթի, 27 մարտին հիւրընկալած է Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մրհեֆ Ապու Քասրայի, Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսայի եւ անոնց ընկերակցող ապահովական պատուիրակութիւններուն միջեւ ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող խնդիրներ, մասնաւորաբար անոնք, որոնք...

Նախագահ Աուն. «Ներկայիս Իրանի Հետ Թռիչքները Պիտի Չվերականգնենք»

Նախագահ Աուն. «Ներկայիս Իրանի Հետ Թռիչքները Պիտի Չվերականգնենք»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին շեշտեց. «Իսրայէլ կը խախտէ զինադադարի համաձայնութիւնը, եւ ատիկա ցաւալի է»: «Մենք լիովին յանձնառու ենք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան», աւելցուց ան: Նախագահ Աուն նաեւ յայտարարեց. «Ներկայիս Իրանի հետ թռիչքները պիտի չվերականգնենք, եւ զանոնք կրնանք օր մը վերականգնել»: «Պիտի սկսինք լուծել Սուրիոյ հետ ցամաքային եւ ծովային սահմաններուն...

Նախարար Պայրագտարեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Հայր Խատրայի Եւ Սլամի Հետ

Նախարար Պայրագտարեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Հայր Խատրայի Եւ Սլամի Հետ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց «Լապորա» հաստատութեան նախագահ հայր Թոնի Խատրայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ նախարարին ներկայացուց հաստատութեան ծրագիրները եւ քննարկեց նախարարութեան հետ գործակցութեան կարելիութիւնները: Նախարար Պայրագտարեան նաեւ ընդունեց Լիբանանի կոլֆի ֆետերասիոնի նախագահ Քարիմ Սալիմ Սլամը, որ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարին ներկայացուց կոլֆի ֆետերասիոնի պատմականն ու տեղական ու միջազգային ծրագիրները:      

Մնէյմնէ. «Բարեկարգչական Խումբը Բարեկարգչական Առաջին Ճակատամարտին Պարտուեցաւ»

Մնէյմնէ. «Բարեկարգչական Խումբը Բարեկարգչական Առաջին Ճակատամարտին Պարտուեցաւ»

Երեսփոխան Իպրահիմ Մնէյմնէ յայտնեց. «Խոր պետութիւնը երդման ճառի եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի ծածկոյթին տակ ներթափանցեց կառավարութեան մէջ: Կառավարութեան մէջ տեղի ունեցաւ բարեկարգչական առաջին ճակատամարտը. բարեկարգչական խումբը պարտուեցաւ,  յաղթանակ արձանագրեց դրամատուներու աւանդական ուժերուն հետ լոպին»: «Այս ճակատամարտին պէտք եղածին պէս պատրաստութիւն չտեսնուեցաւ, եւ ասիկա դաս մըն է, որ պէտք է ընդունինք թափանցիկութեան եւ ինքնաքննադատութեան ճամբով: Սակայն կարեւորագոյնը քաղաքական կողմնացոյցը պէտք եղածին...

«Սալամ Սուէյտի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին Անոր Նշանակման Համաձայնութիւն Չյայտնեց, Եւ Անոր Դիրքորոշումը Հաստատ Է Ու Չէ Փոխուած» Կ՛ըսէ Վարչապետի Գրասենեակը

«Սալամ Սուէյտի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին Անոր Նշանակման Համաձայնութիւն Չյայտնեց, Եւ Անոր Դիրքորոշումը Հաստատ Է Ու Չէ Փոխուած» Կ՛ըսէ Վարչապետի Գրասենեակը

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի տեղեկատուական գրասենեակը յայտարարեց, որ Սալամ «կը հերքէ պատկերասփիւռի կայանի մը Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Քարիմ Սուէյտի այն խօսքը, թէ Սալամ տասը օր առաջ իրեն հետ հանդիպած է եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին հեռաձայնած փոխանցելու համար, թէ Սուէյտ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնին իր թեկնածուն է»: «Այս առումով ամբողջ հաղորդուածը սխալ է եւ տեղի չէ ունեցած, եւ Սուէյտի հետ հանդիպում...

Նախարարաց Խորհուրդը Քարիմ Սուէյտը  Նշանակեց Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչ

Նախարարաց Խորհուրդը Քարիմ Սուէյտը Նշանակեց Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչ

Երէկ Պաապտայի պալատին մէջ նախարարաց խորհուրդի ժամը 12:30-ին նախատեսուած նիստէն առաջ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Սալամի միջեւ հանդիպում մը, որմէ ետք ընթացք առաւ կառավարութեան նիստը: Նախքան այդ, «Ախպար» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Քարիմ Սուէյտի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի թեկնածութեան շուրջ համախոհութիւն գոյանալէն ետք, նախագահին ու վարչապետին միջեւ տարակարծութիւնը հասած է գագաթնակէտին, եւ վերջինս սպառնացած է հրաժարիլ, ուստի...

Հիուիթ. «Լիբանանի Կառավարութիւնը  Պիտի Դատենք Հիմնուելով Իր Հողերէն Իսրայէլի Վրայ  Յարձակում Գործողին Անոր Հակադարձութենէն»

Հիուիթ. «Լիբանանի Կառավարութիւնը Պիտի Դատենք Հիմնուելով Իր Հողերէն Իսրայէլի Վրայ Յարձակում Գործողին Անոր Հակադարձութենէն»

Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճէյմս Հիուիթ յայտնեց. «Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի դատենք հիմնուելով իր հողերէն Իսրայէլի վրայ յարձակում գործողին անոր հակադարձութեան ձեւին վրայ»: Այս մասին հաղորդեց «Փոլիթիքօ»-ն: «Լիբանանեան կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է Լիբանանի դրացիներուն վրայ յարձակումները արգիլել», շեշտեց Հիուիթ: «Կը զօրակցինք Իսրայէլի` Լիբանանէն իր ուղղութեամբ հրթիռարձակման հակադարձելուն», աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբերը: Յիշեցնենք, որ շաբաթ, 22 մարտի...

Հասպանի. «Եթէ Պետութիւնը Սահմանադրութիւնը  Գործադրելու Եւ Զէնքի Մենաշնորհը Ունենալու  Քայլերը Չկատարէ, Կրնան Միջազգային Կողմեր Միջամտել»

Հասպանի. «Եթէ Պետութիւնը Սահմանադրութիւնը Գործադրելու Եւ Զէնքի Մենաշնորհը Ունենալու Քայլերը Չկատարէ, Կրնան Միջազգային Կողմեր Միջամտել»

Նախկին փոխվարչապետ, երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց. «Հըզպալլան չզինաթափելու լիբանանեան պաշտօնական որոշում գոյութիւն չունի, սակայն թափը սահմանափակ է»: Ան այս մասին յայտնեց Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի հետ զրոյցի ընթացքին: «Լիբանան միջազգային լուսարձակի տակ է, եւ եթէ լիբանանեան իշխանութիւնները իրենց իշխանութիւնը տարածելու, ուստի եւ դրական պատգամ յղելու լուրջ քայլեր չկատարեն, ապա մենք մեծ վտանգի առջեւ կանգնած ենք», զգուշացուց Հասպանի: «Ոչ ոք Լիբանանի...

Page 130 of 986 1 … 129 130 131 … 986

Արխիւներ