Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Սահմանագծման Ռազմավարական Կարեւորութեան Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցին

March 29, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիան Սալման պըն Ապտելազիզ թագաւորի եւ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանի ցուցմունքով հինգշաբթի, 27 մարտին հիւրընկալած է Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մրհեֆ Ապու Քասրայի, Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսայի եւ անոնց ընկերակցող ապահովական պատուիրակութիւններուն միջեւ ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող խնդիրներ, մասնաւորաբար անոնք, որոնք անոնց միջեւ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը  կ՛ամրապնդեն:

Ժողովի աւարտին ստորագրուած է համաձայնութիւն մը, որուն մէջ երկու կողմերը կ՛ընդգծեն երկու երկիրներուն միջեւ սահմանի սահմանագծման, տարբեր ոլորտներու միջեւ իրենց միջեւ իրաւական ու մասնագիտական յանձնախումբերու ստեղծման, երկու կողմերուն միջեւ ապահովական, զինուորական եւ մասնաւորաբար սահմանին վրայ որեւէ զարգացման դիմակայման համար համակարգման մեքանիզմներու կեանքի կոչման ռազմավարական կարեւորութիւնը:

Նաեւ համաձայնութիւն գոյացած է յառաջիկայ փուլին Սէուտական Արաբիոյ մէջ յաւելեալ ժողով մը գումարելու:

Ժողովի աւարտին Լիբանանի եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարները շնորհակալութիւն յայտնած են սէուտական ղեկավարութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարարին` թագաւորութեան ժողովի հովանաւորութեան եւ հիւրընկալման համար, ինչպէս նաեւ իրենց գոհունակութիւնը արտայայտած ժողովի արդիւնքին գծով:

Սէուտական Արաբիան վերահաստատած է իր ամբողջական աջակցութիւնը այն ամէն ինչին, որ եղբայրական երկու երկիրներուն մէջ անվտանգութիւն ու կայունութիւն կը հաստատէ, ինչ որ կը նպաստէ շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման:

 

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Ներկայիս Իրանի Հետ Թռիչքները Պիտի Չվերականգնենք»

Յաջորդը

Մաքրոն. «Կը Կարծեմ, Որ Լիբանանը Այսօր Ճիշդ Ուղիի Վրայ Է, Մենք Լիբանանի Կողքին Պիտի Կանգնինք` Նոր Իշխանութեան Յաջողութիւնը Երաշխաւորելու Համար»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.