Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ուրբաթ, 28 մարտին իրերայաջորդ կերպով այցելեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի:
Այցելութիւններուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակի, կառավարութեան ծրագիրներուն եւ որդեգրած քաղաքականութեան մասին տեսակէտներու փոխանակում:
Նախարար Պայրագտարեան այս առիթով ներկայացուց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարութեան ծրագիրներն ու աշխատանքները: