Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Լայնածաւալ Յարձակումներու Ծիրին Մէջ Նաեւ Յարձակում Գործեց Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

Մարտ 29, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտ յայտարարեց, որ իր օդային պաշտպանութեան համակարգերը վնասազերծած են Լիբանանէն արձակուած հրթիռ մը, իսկ երկրորդ հրթիռ մըն ալ ինկած է լիբանանեան հողերու մէջ: Մինչ այդ, ահազանգ հնչած էր հիւսիսային Իսրայէլի Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին եւ անոր մերձակայքին մէջ:

Իսրայէլեան բանակը հակադարձեց հրետանիով եւ ֆոսֆորէ ռումբերով ռմբակոծելով հարաւային Լիբանանի Խիամ քաղաքի արեւելեան թաղամասը: Իսրայէլեան ռմբակոծման պատճառով Խիամի Պարաքէ թաղամասին մէջ պետական դպրոցին մէջ հրդեհ յառաջացաւ: Իսրայէլեան հրետանին նաեւ ռմբակոծեց Այթա Շաապ գիւղը, Նաքուրա գիւղի մերձակայքը, Եոհմոր գիւղի մերձակայքը, Քահահիէ գիւղի մերձակայքը եւ Թիպէ գիւղի մերձակայքը:

Իսրայէլեան օդուժը իր կարգին օդային յարձակումներ գործեց Զաութար եւ Եոհմոր գիւղերու մերձակայքը, ինչպէս նաեւ Իքլիմ Թուֆֆահի մէջ Սոժոտի եւ Քֆարհունայի մերձակայքը: Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակումներ գործեց Ժեզզինի շրջանին մէջ Ժապալ Սաֆիի վրայ եւ արեւմտեան Պեքայի Ժապպուր բարձունքներուն վրայ:

Իսրայէլեան օդուժը նաեւ 2 հրթիռներով յարձակում գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Հատաս շրջանին մէջ գտնուող շէնքի մը վրայ, որ ամբողջովին փուլ եկաւ: Նախքան այդ, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր երեք անգամ զգուշացնելու նպատակով երեք փոքր ռումբեր նետեցին թիրախաւորուած շէնքին վրայ:

Իսրայէլեան բանակը յարձակումէն ետք յայտնեց, որ յարձակում գործած է Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլայի պատկանող անօդաչու թռչող սարքերու պահեստի մը վրայ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց սպառնաց. «Եթէ Քիրիաթ Շմոնայի եւ Գալիլիոյ բնակիչները խաղաղութիւն չունենան, Պէյրութի մէջ խաղաղութիւն պիտի չըլլայ»:

«Լիբանանեան կառավարութիւնը ուղղակի պատասխանատուութիւն կը կրէ Գալիլիոյ ուղղութեամբ իւրաքանչիւր կրակոցի համար, եւ Քիրիաթ Շմոնայի ճակատագիրը Պէյրութի ճակատագիրին պէս է», աւելցուց Քաց:

Իսրայէլեան Մթըլլէ գիւղի տեղական կառավարման մարմինի նախագահ Տաւիտ Էազուլայ յայտնեց. «Եթէ Լիբանանի կառավարութիւնը չգործակցի, պէտք է նաեւ յարձակում գործենք պետութեան եւ անոր բանակին վրայ»:

«Իսրայէլի կառավարութիւնը պէտք է այսօր 1701-ի (Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան) համաձայնութեան ջնջումը յայտարարէ», աւելցուց ան:

Լիբանանեան բանակը կէսօրէ ետք յայտարարեց, որ կրցած է ճշդել Քահքահիեթ Ժըսրի մէջ հրթիռարձակման վայրը եւ սկսած հեղինակներու ինքնութեան բացայայտման համար հետաքննութիւնը:

Սալամ Կը Զգուշացնէ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ զգուշացուց «հարաւային Լիբանանի սահմանին վրայ զինուորական գործողութիւններու վերսկսումէն» եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի հետ հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան ծանօթանալու համար:

Վարչապետը բանակի հրամանատարէն պահանջեց «արագօրէն գործել պէտք եղած հետաքննութիւնները կատարելու` բացայայտելու համար Լիբանանի ու անոր կայունութեան սպառնացող անպատասխանատու հրթիռարձակման ետին կանգնող կողմերը»:

Սալամ կոչ ուղղեց «աշխուժացնելու հետաքննութիւնը` բացայայտելու հրթիռարձակման հեղինակները եւ զանոնք առնչակից արդարադատութեան յանձնելու»` շեշտելով. «Անհրաժեշտ է արգիլել այսպիսի անհեթեթ արարքները եւ պէտք է ամբողջացնել այն քայլերը, զորս լիբանանեան բանակը կ՛որդեգրէ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու համար»:

Սալամ արաբ եւ միջազգային պաշտօնատարներու հետ ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու շարք մը` «Իսրայէլի վրայ առաւելագոյն ճնշումը բանեցնելու համար, որպէսզի դադրեցնէ իր իրերայաջորդ յարձակումները»` վերահաստատելով Լիբանանի կառչածութիւնը «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի եւ թշնամական արարքներու դադրեցման դասաւորումներու ամբողջական գործադրութեան»: Ան յայտարարեց,  թէ «միայն լիբանանեան բանակն է, որ սահմանները պաշտպանելու լիազօրութիւնը ունի, եւ լիբանանեան պետութիւնը բացառապէս տէրն է պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումին»:

Սալամ աւելի ուշ դատապարտեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումը` զայն որակելով «վտանգաւոր մագլցում»: Ան քննադատեց իսրայէլեան յարձակումները, «որոնք թիրախ կը դարձնեն քաղաքայինները, ապահով բնակուած վայրերը, ուր դպրոցներ եւ համալսարաններ կան»:

«Պէտք է դադրեցնել թշնամական արարքները դադրեցնելու յատուկ դասաւորումներու իսրայէլեան մնայուն խախտումները եւ պէտք է Իսրայէլ ամբողջութեամբ ու կարելի եղածին չափ շուտ հեռանայ իր բռնագրաւած կէտերէն», նշեց վարչապետը:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ժանին Պլասխարթ իր կարգին յայտնեց. «Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութիւնը զգայուն է, եւ պէտք է ամէն գնով խուսափիլ տագնապի ընդլայնումէն»:

Օրթէյկըս. «Կարելի Չէ Ըսել, Թէ Իսրայէլ
Զինադադարը Կը Խախտէ. Ժամանակն Է
Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Դիւանագիտութեան»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ բանագնացի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս «Արապիա»-ին յայտնեց. «Լիբանանէն Իսրայէլի վրայ հրթիռարձակումները զինադադարի համաձայնութեան բացայայտ խախտումներ են, եւ լիբանանեան կառավարութիւնը անկարող է ամէն բանի վերահսկելու»:

«Կարելի չէ Լիբանանը Կազայի հետ բաղդատել եւ կարելի չէ ըսել, թէ Իսրայէլ Լիբանանի հետ զինադադարի համաձայնութիւնը կը խախտէ», յայտարարեց Օրթէյկըս` շեշտելով. «Լիբանանեան կառավարութիւնը պէտք է դադրեցնէ իր հողերէն հրթիռարձակումները, եւ Լիբանան պէտք է իր պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնի, փոխանակ Իսրայէլը այպանելու»:

«Պատերազմ չենք ուզեր, այլ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի շարունակումը, եւ Իսրայէլ իբրեւ բարի կամեցողութեան նշան Լիբանանին գերիներ յանձնեց», ըսաւ ան:

«Ժամանակն է Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտութեան, եւ Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն կը զօրակցի դիւանագիտական բանակցութիւններուն», յայտնեց ամերիկացի պատուիրակը:

«Ամերիկան կ՛ընդգծէ Հըզպալլան ամբողջովին զինաթափելու անհրաժեշտութիւնը, եւ Իսրայէլի Լիբանանի մէջ հինգ կէտերէն հեռացումը պէտք է տեղի ունենայ բանակցութիւններու ճամբով: Մենք Լիբանանի մէջ պետութեան մէջ պետութիւն չենք ուզեր տեսնել», ընդգծեց Օրթէյկըս` աւելցնելով. «Կը զօրակցինք լիբանանեան բանակին, սակայն այն, ինչ որ կ՛ընէ, բաւարար չէ»:

Եգիպտոս «Կը Մերժէ Որեւէ Քայլ, Որ Կը Վնասէ Լիբանանցի
Ժողովուրդին Անվտանգութեան, Ապահովութեան Ու Կայունութեան»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին վերահաստատեց, որ Գահիրէն կը մերժէ «որեւէ քայլ, որ կը վնասէ լիբանանցի ժողովուրդին անվտանգութեան, ապահովութեան ու կայունութեան»:

Ան ընդգծեց «հարաւային Լիբանանի մէջ թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան ամբողջական գործադրութեան եւ յարգման, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան ուժերու անմիջական եւ ամբողջական հեռացման անհրաժեշտութիւնը»:

Ապտելաթի յայտնեց, որ Եգիպտոս խորապէս մտահոգ է Լիբանանի մէջ վտանգաւոր մագլցումին նկատմամբ «եւ կը զգուշացնէ վտանգաւոր ճակատումէ մը, որ կը սպառնայ շրջանային անվտանգութեան»` աւելցնելով, որ Եգիպտոս շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ շտապ հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան մագլցումը դադրեցնելու համար:

Տիւժարիք. «Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ
Իսրայէլեան Օդային Յարձակումը Չափազանց Վտանգաւոր Մագլցում Է»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք յայտնեց, որ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումը «չափազանց վտանգաւոր մագլցում է»` աւելցնելով. «Դէպի Իսրայէլ ուղղուող հրթիռներ տեսանք, եւ այդ ամբողջը պէտք է դադրի»:

«ՖԻՆԻՒԼ-ը կանխարգելիչ աշխատանք կը տանի հարաւային Լիբանանի մէջ զէնքերու թաքստոցներ փնտռելով», նշեց ան` աւելցնելով. «Թշնամական արարքներու դադրեցման վերաբերեալ յանձնառութիւններ ստանձնուեցան, եւ պէտք է զանոնք յարգել»:

 

 

 

 

Նախորդը

Մաքրոն. «Կը Կարծեմ, Որ Լիբանանը Այսօր Ճիշդ Ուղիի Վրայ Է, Մենք Լիբանանի Կողքին Պիտի Կանգնինք` Նոր Իշխանութեան Յաջողութիւնը Երաշխաւորելու Համար»

Յաջորդը

Ակնարկ. Յարձակումներու Արարներ, Զգուշացման Յուշումներով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?