Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Հըզպալլան Կարելի Եղածին  Չափ Շուտ Պէտք Է Ապազինել»

Օրթէյկըս. «Հըզպալլան Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Պէտք Է Ապազինել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ պատկերասփռուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «հոյակապ» ժողովներ գումարած է: «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունիմ, հանդիպում ունեցայ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Մենք կանոնաւոր կերպով կապի մէջ ենք, եւ միշտ ալ լաւ է զանոնք դէմ առ դէմ տեսնել:...

Աուն Եւ Պըրրի Քննարկեցին Օրթէյկըսի  Այցելութեան Արդիւնքները

Աուն Եւ Պըրրի Քննարկեցին Օրթէյկըսի Այցելութեան Արդիւնքները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Աուն Պըրրիի հետ քննարկած է երկրի ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ զարգացումները: Նախագահական պալատը նաեւ աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահն ու խորհրդարանի նախագահը քննարկած են Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի Լիբանան այցելութեան արդիւնքները:...

Պըրրի. «Օրթէյկըսէն Իսրայէլի Հետ  Յարաբերութիւնները Բնականոնացնելու  Կոչ Չլսեցի»

Պըրրի. «Օրթէյկըսէն Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնելու Կոչ Չլսեցի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի հետ Այն Թինէի մէջ իր հանդիպումին ընթացքին յստակօրէն յայտնած է, թէ անցեալ այցելութեան ընթացքին անոր արտայայտած դիրքորոշումները քաջալերական չէին, եւ անկէ կ՛ակնկալուի, որ Պէյրութ երկրորդ այցելութեան ընթացքին այլ ուղղութեամբ ընթանայ: Պըրրի Օրթէյկըսին յայտնած է. «Մեր հարաւային սահմանները արդէն իսկ սահմանագծուած են»` նշելով,...

Պայրագտարեան Մարզական Աւան Այցելելով  Պահանջեց Նախնական Ուսումնասիրութիւն Պատրաստել

Պայրագտարեան Մարզական Աւան Այցելելով Պահանջեց Նախնական Ուսումնասիրութիւն Պատրաստել

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան այցելեց Պէյրութի «Քամիլ Շամուն» մարզական աւան եւ ծանօթացաւ ֆութպոլի դաշտին ու «Փիեռ Ժեմայել» փակ սրահին հասած վնասներուն: Պայրագտարեան լսեց կառոյցներու պետական հաստատութեան պաշտօնակատար դոկտ. Նաժի Համմուտի Մարզական աւանի վիճակին եւ մրցումներ հիւրընկալել կարողանալու համար ֆութպոլի դաշտին վերանորոգման շուրջ բացատրութիւնները: Նախարար Պայրագտարեան Համմուտէն պահանջեց մասնաւորաբար ֆութպոլի դաշտի այլ բաժիններուն, աթլեթիզմի բաժինին եւ տարբեր...

Ժապեր. «Ելեկտրականութեան Մարզին Մէջ Իսկական Փոփոխութիւն Սկսած Է»

Ժապեր. «Ելեկտրականութեան Մարզին Մէջ Իսկական Փոփոխութիւն Սկսած Է»

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը գործադրէ տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ բարեկարգչական օրէնքներ, եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այդ մասին խօսած է: Ժապեր «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ կառավարութիւնը արագ քայլերով յառաջ կ՛ընթանայ, եւ մասնաւորաբար ելեկտրականութեան մարզի մէջ իսկական փոփոխութիւն սկսած է: Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած են. «(Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն) Օրթէյկըս ճկունութիւն ցուցաբերեց յանձնախումբերու կազմութեան հարցին մէջ եւ յայտնեց, թէ հարցը քննարկելի ու բանակցելի է` հասնելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութիւնները ներկայ փուլին շտապ հարց չեն»: -ԸՍՏ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթի յատուկ տեղեկութիւններուն, ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսին թելադրուած է Հըզպալլայի զինաթափման...

Օրթէյկըս Լիբանանի Մէջ  Ունեցաւ Շինիչ Հանդիպումներ

Օրթէյկըս Լիբանանի Մէջ Ունեցաւ Շինիչ Հանդիպումներ

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս շաբաթ օր այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Օրթէյկըս պալատէն հեռացաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Նախագահական պալատը հաղորդեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Միջին Արեւելքի ամերիկացի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի հանդիպումը շինիչ էր: Երկու պատուիրակութիւնները քննարկեցին շարք մը թղթածրարներ, որոնց գլխաւորը հարաւային Լիբանանի...

Արաղչի. «Ճնշումի Եւ Սպառնալիքի Տակ  Պիտի Չբանակցինք, Եւ Բանակցութիւնը  Բռնածաղրէն Ու Ցուցմունքներու  Պարտադրումէն Տարբեր Է»

Արաղչի. «Պետութիւնները Պէտք Է Գործակցին Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները Դադրեցնելու Համար»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի շեշտեց. «Պետութիւնները պէտք է գործակցին Լիբանանի եւ Սուրիոյ վրայ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու համար»: «Եմէնի վրայ ամերիկեան յարձակումները ապօրինի են, եւ պետութիւնները պէտք է վերջ տան պաղեստինցիներու տառապանքին», նշեց Արաղչի: «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նամակին մեր պատասխանը կը համապատասխանէ անոր բովանդակութեան, եւ կը  պահպանէ դիւանագիտութեան օգտագործման առիթը», ըսաւ ան: Յիշեցնենք, որ Թրամփ սպառնացած էր...

Շէյխ Քապալան. «Այն, Ինչ Որ Քուլիսներու Մէջ  Տեղի Կ՛ունենայ, Վտանգաւոր Է  Եւ Ազգային Շահին Չի Ծառայեր»

Շէյխ Քապալան. «Այն, Ինչ Որ Քուլիսներու Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ, Վտանգաւոր Է Եւ Ազգային Շահին Չի Ծառայեր»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Այն, ինչ որ քուլիսներու մէջ տեղի կ՛ունենայ, վտանգաւոր է եւ ազգային շահին չի ծառայեր, եւ լիբանանեան կարգ մը գաղտնիքները սիոնական գործողութիւններու սենեակներէն վտանգաւոր են: Ոմանց Լիբանանի մէջ կը հետաքրքրեն միայն իր ագարակը եւ արեան ու ահաւոր արարքներու մէջ խեղդուած իր միլիսական վարմունքը»: «Լիբանան պատմական արժէք է, եւ անոր գոյատեւումը իր սուղ...

Ռայի Պատրիարք. «Սահմանադրական Փոփոխութիւն  Պահանջողներէն Ոմանք Իրենց Իշխանութեան  Ընդլայնման Կը Ձգտին, Եւ Ոչ Թէ` Պետութեան Բարելաւման»

Ռայի Պատրիարք. «Սահմանադրական Փոփոխութիւն Պահանջողներէն Ոմանք Իրենց Իշխանութեան Ընդլայնման Կը Ձգտին, Եւ Ոչ Թէ` Պետութեան Բարելաւման»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Ս. պատարագի ընթացքին իր քարոզին մէջ նշեց. «Բոլորը Լիբանանի մէջ վարչակարգի փոփոխութիւն կը պահանջեն, սակայն լիբանանցիները տարակարծիք են իրենց զարգացնել ուզած վարչակարգին եւ այդ արկածախնդրութիւններով ու անակնկալներով լեցուն աշխատանքին ձեռնարկելու ժամկէտին շուրջ»: «Ոմանց նպատակը պետութեան վրայ վերահսկողութիւն հաստատելն է, եւ ոչ թէ` վարչակարգը արդիականացնելը: Այն օրը, երբ թիւը եւ համայնքը յառաջընթացի  արժեչափի կը վերածուին, քաղաքակրթութիւնը կը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը երէկ առտու հարաւային Լիբանանի Զըպքին գիւղին մէջ հարուածեց քարշակ մը: Արձանագրուեցան վիրաւորներ: - ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարուածեց Նաքուրայի ճամբուն վրայ «Ռափիտ» տիպի ինքնաշարժ մը:

Սալամ. «Սայտայի Եւ Լիբանանեան Որեւէ Այլ Շրջանի  Թիրախաւորումը Լիբանանի Գերիշխանութեան Աղաղակող  Ոտնահարում Է Եւ Թիւ 1701 Որոշումի Յստակ Խախտում»

Սալամ. «Սայտայի Եւ Լիբանանեան Որեւէ Այլ Շրջանի Թիրախաւորումը Լիբանանի Գերիշխանութեան Աղաղակող Ոտնահարում Է Եւ Թիւ 1701 Որոշումի Յստակ Խախտում»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Իսրայէլ անգամ մը եւս կը թիրախաւորէ ապահով քնացածներուն գիշերը, այս անգամ հարաւային Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ: Սայտա քաղաքի կամ լիբանանեան որեւէ այլ շրջանի թիրախաւորումը Լիբանանի գերիշխանութեան աղաղակող ոտնահարում է եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 ոոշումի ու թշնամական արարքներու դադրեցման յատուկ ապահովական դասաւորումներու համաձայնութեան յստակ խախտում մը»: Սալամ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Իսրայէլի...

Ռաժժի. «Լիբանանի Մէջ Զէնքը Պետութեան  Մենաշնորհը Դարձնելու Պահանջի Գործադրումէն  Առաջ Ո՛չ Տնտեսական Օժանդակութիւններ Կան,  Ո՛չ Ալ Վերաշինութեան Աջակցութիւն»

Ռաժժի. «Լիբանանի Մէջ Զէնքը Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնելու Պահանջի Գործադրումէն Առաջ Ո՛չ Տնտեսական Օժանդակութիւններ Կան, Ո՛չ Ալ Վերաշինութեան Աջակցութիւն»

Արտաքին գործոց եւ արտերկիրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի  ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Վերաշինութեան եւ օժանդակութիւններուն համար պայմաններ կան, որոնք, սակայն, քաղաքական չեն, այլ` ազգային, եթէ կարելի է ըսել: Անոնց կարեւորագոյնը միջազգային որոշումները գործադրելն է` մեկնելով Լիբանանի մէջ ներքին խաղաղութեան ու կայունութեան նկատմամբ նախանձախնդրութենէն»: «Եթէ ներքին խաղաղութիւն եւ կայունութիւն չհաստատուի, ապա արաբ եւ օտար ներդրողներն...

Պայրագտարեան Ընդունեց Սերպիոյ Դեսպանը

Պայրագտարեան Ընդունեց Սերպիոյ Դեսպանը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Սերպիոյ դեսպան Միլան Թրոյանովիչն ու դեսպանատան խորհրդական Սաշա Օժտանին: Հանդիպումը կեդրոնացաւ Սերպիոյ մէջ նախատեսուած «Էքսփօ 2027»-ին վրայ, որ կը միատեղէ մշակոյթը, ճարտարագիտութիւնը, մարմնակրթութիւնն ու այլ ոլորտներ: Երկու կողմերը քննարկեցին երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ շուտափոյթ համաձայնութիւն կնքելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ միացեալ ձեռնարկներու կազմակերպման մէջ գործակցութեան եւ մասնաւորաբար մարմնակրթական դիւանագիտութեան...

Համտան. «Օրթէյկըսի Այցելութեան Նպատակը  Լիբանանը Թշնամիին Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Յանգեցնող Բանակցային  Հոլովոյթի Մէջ Ներքաշելն Է»

Համտան. «Օրթէյկըսի Այցելութեան Նպատակը Լիբանանը Թշնամիին Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Յանգեցնող Բանակցային Հոլովոյթի Մէջ Ներքաշելն Է»

Ամալ շարժումի ղեկավար մարմինի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամին կը շարունակէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի խախտումները, որոնց թիւը անցաւ 2000-ը` թիրախաւորելով տուները եւ ինքնաշարժները. այս խախտումներուն հետեւանքով ամէն օր նահատակ մը կ՛ունենանք»: «Այս ցաւալի տեսարանին առջեւ կուսակցական, պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եղող կարգ մը լիբանանցիներ կամաւոր կերպով կը ձեռնարկեն իրականութիւնը աղաւաղելու եւ Դիմադրութիւնը կ՛այպանեն` անտեսելով 1948...

Նախարարաց Խորհուրդը Քարիմ Սուէյտը  Նշանակեց Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչ

Սուէյտ. «Պէտք Է Աստիճանաբար Վճարել Եւ Վերադարձնել Բոլոր Պահ Դրուած Գումարները»

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Քարիմ Սուէյտ իր պաշտօնի ստանձնման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Պէտք է աշխատանք տանիլ աստիճանաբար վճարելու ու վերադարձնելու բոլոր պահ դրուած գումարները եւ այդ մէկը կատարելու Կեդրոնական դրամատան, դրամատուներուն ու պետութեան իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնելու ճամբով, առաջնահերթութիւն տալով պահ դրուած փոքր գումարներ ունեցողներուն, ապա միջին չափի պահեստ ունեցողներուն»: «Բոլոր դրամատուները պէտք է իրենց դրամագլուխները աւելցնեն, աստիճանաբար...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 3:00-ին Սայտա քաղաքի Տալլաա շրջանին մէջ յարկաբաժինի մը վրայ երկու հրթիռներ արձակելով սպաննեց պաղեստինեան Համաս շարժումի ղեկավարներէն Հասան Ֆարհաթն ու անոր երկու զաւակները` Համզան ու Հանինը: Յարձակումին հետեւանքով նշեալ յարկաբաժինին մէջ յառաջացած հրդեհին պատճառով շէնքին մէջ շարք մը յարկաբաժիններ վնասուեցան: Ասիկա զինադադարի համաձայնութեան գոյացումէն ի վեր Սայտայի մէջ 2-րդ ահաբեկումն...

Սահեր. «Թրքական Դերակատարութիւնը Սուրիայով  Սահմանափակուած Չէ, Թուրքերը Լիբանանի Մէջ  Ժխտական Դերակատարութիւն Ունին»

Սահեր. «Թրքական Դերակատարութիւնը Սուրիայով Սահմանափակուած Չէ, Թուրքերը Լիբանանի Մէջ Ժխտական Դերակատարութիւն Ունին»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր երէկ յայտարարեց. «Թրքական դերակատարութիւն Սուրիայով սահմանափակուած չէ, թուրքերը Լիբանանի մէջ ժխտական դերակատարութիւն ունին»: Ան նախապէս յայտնած էր, թէ Թուրքիան Իրանէն Հըզպալլային գումարներու փոխանցման մէջ դեր ունի: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշեց. «Լիբանանի հետ սահմաններու եւ մեր ուժերուն ձերբակալուած գերիներու հարցով բանակցութիւններ կը կատարուին: Սահեր նաեւ նշեց. «Մեր նպատակն է Իրանին արգիլել հիւլէական զէնք...

Պըրրի. «Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  Յետաձգումը Բացառուած Է, Եւ Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Պիտի Քուէարկենք Թէկուզ Հողի Վրայ»

Պըրրի. «Քաղաքապետական Ընտրութիւններու Յետաձգումը Բացառուած Է, Եւ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Պիտի Քուէարկենք Թէկուզ Հողի Վրայ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւնները յետաձգելու առաջարկներուն, շեշտեց. «Յետաձգումը բացարձակապէս բացառուած է, բացարձակապէս յետաձգման պատճառ չկայ»: «Մենք վճռական ենք ընտրութիւնները կատարելու ամբողջ Լիբանանի մէջ, մասնաւորաբար հարաւային շրջաններու գիւղերուն մէջ, զորս իսրայէլեան յարձակումը քանդեց: Եթէ քուէարկութեան կեդրոններ հաստատելը կարելի ըլլայ, շատ բարի, իսկ եթէ ոչ, ապա քուէարկութեան կեդրոնները այլուր պիտի դնենք, նոյնիսկ...

Պայրագտարեան Ընդունեց  Գնդապետ-Զօրավար Մուսան

Պայրագտարեան Ընդունեց Գնդապետ-Զօրավար Մուսան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Զինուորական մարմնակրթութեան բարձրագոյն կեդրոնի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Միխայիլ Մուսան եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ մարմնակրթութեան ընդհանուր կացութիւնը: Գնդապետ-զօրավար Միխայիլ Մուսա նախարարին ներկայացուց իր ղեկավարած կեդրոնի աշխատանքային ծրագիրը եւ նախարարութեան ու կեդրոնին միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի նախարար Պայրագտարեանի` երիտասարդները բանակին ու անոր մարմնաւորած ազնիւ արժանիքներուն մերձեցնելու տեսլականին:

Page 129 of 986 1 … 128 129 130 … 986

Արխիւներ