– ԸՍՏ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթի տեղեկութեան, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն այս ամսուան կիսուն Քաթար պիտի այցելէ:
– ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատը հաղորդեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Քարիմ Սուէյտ երէկ նախագահ Աունի դիմաց կատարած է իր պաշտօնի ստանձնման երդումը:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին կը յայտնեն. «(Հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլի վրայ վերջին) հրթիռարձակումներուն պատասխանատուին ինքնութիւնը տակաւին չէ վճռուած, եւ միակ յայտնի եղող իրողութիւնը այն է, որ արարքի հեղինակները այլ շրջանէ եկած են հարաւային Լիբանան»:
– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ կողմեր «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են. «Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլայի ղեկավարներէն Հասան Պատիրի ահաբեկումը կրնայ անցեալ հոկտեմբերին սկսած ու 27 նոյեմբերին աւարտած գործողութեան նման զինուորական գործողութեան մը նախապատրաստական քայլը ըլլալ»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը Պընթ Ժպէյլ-Եարուն ճամբուն վրայ Տաուրա շրջանին մէջ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Արձանագրուեցան 2 վիրաւորներ:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը Ալմա Շաապ գիւղին մէջ յարձակում գործեց ինքնաշարժի մը վրայ: Արձանագրուեցաւ վիրաւոր մը:
Իսրայէլեան բանակի բանբերը պնդեց, թէ օդուժը յարձակում գործած է Հըզպալլայի անդամի մը վրայ, որ հարաւային Լիբանանի Ալմա Շաապ շրջանին մէջ կը գործէր:
– ԱԶԳԱՅԻՆ համաձայնութիւն կուսակցութեան ղեկավար Պիլալ Թաքիէտտին յայտնեց. «Լիբանան հանդարտեցման կը ձգտի, իսկ իսրայէլացի թշնամին կը շարունակէ մագլցումի դիմել: Իսրայէլացիին ու անոր թիկունք կանգնող Միացեալ Նահանգներուն Լիբանանի վրայ բոլոր ճնշումներուն նպատակը սիոնական գոյացութեան հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է»:
«Մենք վտանգաւոր փուլի առջեւ կանգնած ենք, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ յառաջիկայ օրերը ի՛նչ պիտի բերեն», աւելցուց ան:


