Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց «Լապորա» հաստատութեան նախագահ հայր Թոնի Խատրայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ նախարարին ներկայացուց հաստատութեան ծրագիրները եւ քննարկեց նախարարութեան հետ գործակցութեան կարելիութիւնները:
Նախարար Պայրագտարեան նաեւ ընդունեց Լիբանանի կոլֆի ֆետերասիոնի նախագահ Քարիմ Սալիմ Սլամը, որ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարին ներկայացուց կոլֆի ֆետերասիոնի պատմականն ու տեղական ու միջազգային ծրագիրները:


