Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարարաց Խորհուրդը Քարիմ Սուէյտը Նշանակեց Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչ

Մարտ 28, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Պաապտայի պալատին մէջ նախարարաց խորհուրդի ժամը 12:30-ին նախատեսուած նիստէն առաջ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Սալամի միջեւ հանդիպում մը, որմէ ետք ընթացք առաւ կառավարութեան նիստը:

Նախքան այդ, «Ախպար» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Քարիմ Սուէյտի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի թեկնածութեան շուրջ համախոհութիւն գոյանալէն ետք, նախագահին ու վարչապետին միջեւ տարակարծութիւնը հասած է գագաթնակէտին, եւ վերջինս սպառնացած է հրաժարիլ, ուստի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակումը դուրս բերուած է նախարարաց խորհուրդի երէկուան նիստի օրակարգէն:

«Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը աւելի ուշ հաղորդեց. «Նախագահ Աուն տակաւին աշխատանք կը տանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակումը այսօր կատարելու, եւ նախարարաց խորհուրդի նիստէն առաջ Աուն-Սալամ հանդիպումը այս առումով վճռորոշ պիտի ըլլայ»:

Ըստ «Էլ.Պի.Սի.»-ի տեղեկութեան. «Քրիստոնէական կուսակցութիւնները կը մղեն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակման շուրջ այսօր քուէարկութիւն կատարելու ուղղութեամբ` համաձայնութեան առիթ ընծայելու համար, ինչ որ օտարներուն բարեկարգումներու եւ կառավարութեան միասնականութեան վերաբերեալ դրական ցուցանիշ կու տայ»:

Շիի երկեակին` Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի աղբիւրներն ալ «Ժատիտ»-ին յայտնեցին. «Եթէ նախագահ Աուն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակման հարցը արծարծէ, անոր կողքին պիտի ըլլանք եւ անոր հետ պիտի քուէարկենք»:

«Նաշրա» կայքը նշեց. «Նախագահին ու վարչապետին միջեւ առաջին տարակարծութեան հարցին մէջ, նախարարաց խորհուրդի երկու երրորդը կը զօրակցի նախագահ Աունի դիրքորոշման»:

«Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը նախարարաց խորհուրդի նիստին սկսելէն ետք հաղորդեց, որ Քարիմ Սուէյտ քուէարկութեամբ կամ համախոհութեամբ պիտի նշանակուի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ:

Աւելի ուշ, Սուէյտ Պաապտայի պալատ բարձրացաւ եւ միացաւ նախարարաց խորհուրդի նիստին:

Նախարարաց խորհուրդը քուէարկութեամբ Քարիմ Սուէյտը նշանակեց Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ: Ան 17 քուէ ստացաւ: Ըստ «Էլ. Պի. Սի. Այ.»-ի, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ եւ նախարարներ Ղասսան Սալամէ, Թարեք Մըթրի, Հանին Սէյիտ, Ամեր Պսաթ եւ Ռիմա Քարամէ ձեռնպահ մնացին:

Մինչ այդ, նախարարաց խորհուրդը յետաձգեց Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի վարչական խորհուրդի եւ խորհուրդի նախագահի նշանակման օրակարգի քննարկումը:

Քարիմ Սուէյտ ծնած է Քարթապա: Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն ստացած է իրաւաբանութեան պսակաւոր գիտութեան վկայական, ապա ուսումը շարունակած Պոսթընի Հարվըրտ համալսարանին մէջ, ստանալով իրաւաբանութեան մարզին մէջ մագիստրոսի վկայական` մասնագիտանալով դրամատուներու օրէնքին մէջ:

Ան եղբայրն է նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտի: Ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակ:

Սուէյտ հիմնադիրն ու վարչական գործընկերն է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գործող «Կրոթկէյթ Էքուիթի Փարթնըրզ» ընկերութեան, ինչպէս նաեւ մաս կազմած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ու Լիբանանի դրամատան, որուն նախագահն է Վարուժ Ներկիզեանը: Ան հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի ելեւմտական խորհրդատուն է:

Վարչապետ Սալամ յայտնեց. «Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչ Քարիմ Սուէյտ պէտք է յանձնառու ըլլայ մեր կառավարութեան ելեւմտական բարեկարգչական քաղաքականութեան, ինչ կը վերաբերի Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ նոր ծրագիրի շուրջ բանակցութիւններուն եւ պահ դրուած գումարներու պահպանման համար վերադասաւորման»:

«Այսօր նախարարաց խորհուրդի նիստի ընթացքին հաւանութիւն տուինք դրամատնային գաղտնիութիւնը բարեփոխելու օրինագիծին», ըսաւ ան:

Տեղեկատուութեան նախարար, կառավարութեան բանբեր Փոլ Մըրքոս իր կարգին նիստէն ետք «Պրէօվէ»-ի քննութեան ջնջումը յայտարարեց:

 

 

Նախորդը

Հիուիթ. «Լիբանանի Կառավարութիւնը Պիտի Դատենք Հիմնուելով Իր Հողերէն Իսրայէլի Վրայ Յարձակում Գործողին Անոր Հակադարձութենէն»

Յաջորդը

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Գումարեցին Հերթական Նիստ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?