– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ աղբիւր մը «Ռաշա Թուտէյ»-ին յայտնած է. «Լիբանանը անցնող ժամերուն ստացաւ մտահոգիչ նշաններ, թէ Իսրայէլ պիտի շարունակէ ահաբեկումներու քաղաքականութիւնը»:
«Լիբանան ստացաւ նշաններ, թէ Իսրայէլ յանձն առած է քանդել Հըզպալլայի զինանոցը, քանի տակաւին լիբանանեան կառավարութեան քայլերը անբաւարար են», նշած է աղբիւրը:
-ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին յայտնած են. «Իսրայէլեան մագլցումը Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի այցելութեան նախօրեակին որոշ նպատակներու իրագործման համար Լիբանանի վրայ ճնշում է»:
-ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպանատան գործավար Նատա Քարիմ Մաժուլէն ստացաւ Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանիի նամակը, որ կը պարունակէր պաշտօնական հրաւէր մը այցելելու Իրաք` «քննարկելու համար երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները»:
-ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ անոր հետ քննարկեց Իսրայէլի զինադադարի համաձայնութիւնը խախտելուն եւ Լիբանանի վրայ յարձակումը շարունակելուն լոյսին տակ քաղաքական ու գետնի վրայ վերջին զարգացումները:
-ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ` փորձելով նուազեցնել Լիբանանի նկատմամբ իսրայէլեան մագլցումը եւ Հըզպալլան ապազինելու համար բռնի ուժի կիրարկումէն այլ ուղիներ գտնել»:
– «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-Ի տեղեկութեան համաձայն, լիբանանեան կառավարութենէն Հըզպալլան ապազինելու ժամանակացոյց ճշդելու դիւանագիտական պահանջներ գոյութիւն ունին:
Ըստ այդ տեղեկութեան, ժամանակացոյցը ճշդուած է, ապրիլին բարեկարգումներու որդեգրումէն եւ մայիսին քաղաքապետական ընտրութիւններէն ետք, եւ անոր պիտի ընկերակցի շիի համայնքին հետ երկխօսութիւն` յստակացնելու համար, թէ «անոնց ապագան պետութեան մէջ է, եւ ոչ թէ` անկէ դուրս»:
– ՆԵՐՔԻՆ գործոց ու քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար ստորագրեց քուէարկողները 4 մայիսին Լեռնալիբանանի մէջ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն մասնակցելու հրաւիրող որոշումը:
– «ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի տեղեկութեան համաձայն, Միջազգային դրամատունը պիտի չսկսի պատերազմի փլատակներու վերացման յատկացուած 250 միլիոն տոլարի փոխատուութիւնը գործադրել, նախքան Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդին մէջ նշանակումներու ամբողջացումը, որ կը նախատեսուի, որ լիբանանեան պետական պատուիրակութիւնը իր հետ տանի 21 ապրիլին Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած Միջազգային դրամական ֆոնտի հետ ժողովներուն: