Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
- ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Ֆրանս 24»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն կ՛աշխատի Լիբանանին օգնելու խորհրդաժողովի մը վրայ, եւ հիմնական պայմանը բարեկարգումներն ու Միջազգային դրամական ֆոնտին պայմանները կատարելն է»: Նշենք, որ նախագահ Աուն այսօր Փարիզ կ՛այցելէ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Մաքրոնի հետ: - ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի մէջ պաշտօնատարներ կը ստանան դիւանագիտական պատգամներ, թէ իշխանութեան...




















