Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասպանի. «Եթէ Պետութիւնը Սահմանադրութիւնը Գործադրելու Եւ Զէնքի Մենաշնորհը Ունենալու Քայլերը Չկատարէ, Կրնան Միջազգային Կողմեր Միջամտել»

March 28, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին փոխվարչապետ, երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց. «Հըզպալլան չզինաթափելու լիբանանեան պաշտօնական որոշում գոյութիւն չունի, սակայն թափը սահմանափակ է»: Ան այս մասին յայտնեց Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի հետ զրոյցի ընթացքին:

«Լիբանան միջազգային լուսարձակի տակ է, եւ եթէ լիբանանեան իշխանութիւնները իրենց իշխանութիւնը տարածելու, ուստի եւ դրական պատգամ յղելու լուրջ քայլեր չկատարեն, ապա մենք մեծ վտանգի առջեւ կանգնած ենք», զգուշացուց Հասպանի:

«Ոչ ոք Լիբանանի վերաշինութեան համար ներդրում կը կատարէ, այնքան ատեն որ պատերազմի վերադարձի եւ վերաշինուածը քանդուելու վտանգը կայ», նշեց ան:

«Միջազգային ընտանիքին կողմէ զգուշաւոր կեցուածք կայ, ինչպէս նաեւ հետզհետէ աւելի մեծաթիւ խթանող պատգամներ, մասնաւորաբար ամերիկեան վարչակազմին կողմէ, եւ կը նախատեսուի, որ Լիբանանի հարցով ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի ժամանումով Ուաշինկթընի հռետորաբանութեան սրութիւնը բարձրանայ», յայտնեց Հասպանի:

«Եթէ լիբանանեան պետութիւնը սահմանադրութիւնը չգործադրէ, զէնքը օրինական զինեալ ուժերու մենաշնորհը չդարձնէ եւ իր վերահսկողութիւնը չպարտադրէ, ապա միջազգային կողմեր կրնան միջամտել զինաթափում պարտադրելու համար, եւ այդ կատարելու պատրաստ եղողը կայ: Ասիկա բոլոր լիբանանցիներուն համար անընդունելի է: Ուստի, անկէ խուսափելու համար, կառավարութիւնը պէտք է իր աշխատանքային ծրագիրին հիմամբ այդ մէկը փոխադարձ հասկացողութեամբ կատարէ, կամ ալ բանակը պէտք է անհրաժեշտ եղածը ընէ», նշեց երեսփոխանը:

Միւս կողմէ, Հասպանի նշեց. «Պէտք չէ հարցերը կանխենք եւ խօսինք յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին առաջարկուած երեք յանձնախումբերու ճամբով, որոնց պարտականութիւնը նախ եւ առաջ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութիւնն է: Այս առաջարկին պէտք եղածէն աւելի իմաստ կը տրուի. անոր դերը կապուած է (իսրայէլեան բանակին կողմէ բռնագրաւուած) հինգ կէտերու հարցին, սահմանագծման եւ լիբանանցի կալանաւորուածներու թղթածրարի լուծման: Յիշենք, որ Իսրայէլի հետ ծովային սահմանագծման ընթացքին կար յանձնախումբ, որ ոչ միայն զինուորականներ կը ներառէր, այլ նաեւ քաղաքային փորձագէտներ»:

Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններու ընտրական օրէնքին` ան յայտնեց. «Ներկայ օրէնքը գոյանալու համար վեց տարի պահանջեց, եւ այլեւս ժամանակ չմնաց այդ հոլովոյթէն մեզ բաժնող ժամանակի ընթացքին զայն քննարկելու: Թերեւս «մեկասենթըր»-ի նման կարգ մը քայլերու գործադրութիւնը կը տեսնենք»:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հիուիթ. «Լիբանանի Կառավարութիւնը Պիտի Դատենք Հիմնուելով Իր Հողերէն Իսրայէլի Վրայ Յարձակում Գործողին Անոր Հակադարձութենէն»

RelatedPosts

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

October 1, 2026
Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին  Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած  Դիրքորոշումները Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած Դիրքորոշումները Կը Հերքէ

October 1, 2026
Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի  Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.