Երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ «յարաբերութիւններու բնականոնացումը վէճերով եւ պորոտախօսութեամբ չի լուծուիր»:
«Այո՛ յարաբերութիւններու բնականոնացման, եթէ մեզ յարձակումներէն կը պաշտպանէ: Այո՛ յարաբերութիւններու բնականոնացման, եթէ մեր հողերը կը վերադարձնէ եւ անոնց բռնագրաւման բացառումը կ՛երաշխաւորէ: Այո՛ յարաբերութիւններու բնականոնացման, եթէ Լիբանանին կու տայ խաղաղութիւն մը եւ բարգաւաճում մը, որոնցմէ տարիներէ ի վեր զրկուած է: Այո՛ յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ ո՛չ արաբական երթերուն մերժման, որոնց գլխաւորը կը ղեկավարէ Սէուտական Արաբիան», յայտարարեց Պաարինի: