Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հունգարական «Հիր Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Քրիստոնեաները սպառնալիքի տակ են Սուրիոյ, Իրաքի, Յորդանանի եւ Լիբանանի մէջ, ուր անոնց թիւը կը նուազի: Անոնք գոյութենական պայքարի մէջ են, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական գաղափարներու եւ արարքներու սպառնալիքին ենթակայ»:
Պատասխանելով Հըզպալլայի հետ յարաբերութիւններուն եւ կուսակցութեան պատերազմէն ետք տկարանալուն մասին հարցումի մը` Պասիլ ըսաւ. «Կուսակցութիւնը Իսրայէլի դիմաց յստակօրէն տկարացաւ, սակայն ներլիբանանեան բեմի վրայ տակաւին հզօր է, եւ այդ պատճառով պէտք չէ որեւէ սխալ հաշուարկ կատարել մտածելով, որ կարելի է Հըզպալլան ոչնչացնել»:
«Հըզպալլան լիբանանցի ժողովուրդին մաս կը կազմէ, եւ զայն պէտք է իբրեւ այդպիսին ընդունիլ: Սակայն անիկա եւս պէտք է ընդունի, թէ այս ձեւով իր զինուորական դերակատարութիւնը այլեւս ընդունելի չէ», նշեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:
«Հըզպալլան առանձինը եւ իր քաղաքականութիւններով չի կրնար Լիբանանը պաշտպանել: Լիբանանեան պետութիւնը պէտք է այդ պատասխանատուութեան տէր կանգնի, եւ պէտք է Հըզպալլան ներառել ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան մէջ, որովհետեւ անիկա այդ ռազմավարութեան մաս կը կազմէ, սակայն այլեւս չի կրնար իր սեփական քաղաքականութիւնը ունենալ», աւելցուց Պասիլ:
«Ունէինք փոխհասկացողութիւն մը, որ այլեւս չկայ, իսկ Հըզպալլան Լիբանանը պաշտպանելու գաղափարին մէջ շատ հեռու գնաց: Պատերազմի դիմեց ոչ թէ ի շահ Լիբանանին, ինչ որ մեր յարաբերութիւնները մեծապէս տկարացուց, սակայն անիկա լիբանանեան խումբ մըն է, որուն հետ կը յարաբերինք, ինչպէս բոլոր կողմերուն հետ կը յարաբերինք, սակայն անիկա պէտք է յարգէ լիբանանեան սահմանադրութիւնն ու անոր կանոնները», յայտնեց ան:
«Կայունութեան կը ձգտինք, որ ժամանակաւոր է, եւ խաղաղութեան, որ տեւական է, եւ պէտք է անոր հասնինք ներքին ու արտաքին մակարդակներու վրայ», շեշտեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:
«Եթէ ներքին փոխադարձ հասկացողութիւն ապահովուի, կրնանք Լիբանանը հեռացնել շրջանի տագնապներէն եւ զայն անոնց մէջ չներքաշել: Լիբանանը պէտք է «անցման կամուրջ»-ի դեր կատարէ, որովհետեւ երկխօսութեան ու հանդուրժողականութեան հող է», յայտնեց ան:
«Պէտք է մեր երկիրը Իսրայէլի կամ շրջանին մէջ հաւատադրժողականներէն որեւէ յարձակումէ պաշտպանենք, սակայն պէտք չէ մուտք գործենք ճակատամարտերու մէջ, որոնք մերը չեն», ըսաւ Պասիլ: