Սահմանային Գիծին Վրայ Լարուածութիւնը Կը Շարունակուի Հայ Զինուորական Ծառայող Մը` Զոհուած
Շաբաթ, 17 յունուարին, ազրպէյճանական կողմի կրակոցէն հայ զինուորական ծառայող մը զոհուած է: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ զինուորը զոհուած է Ոսկեվանի սահմանային գօտիին վրայ: Զոհուածը Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Ոսկեվան գիւղի բնակիչ, պայմանագրային զինուորական ծառայող Արման Յարութիւնեանն է: Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն համաձայն, 16-17 յունուարի լուսցող գիշերը հակառակորդին կողմէ...




















