Ազրպէյճան Կը Բազմապատկէ Զինադադարի Խախտումները
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ իրադրութիւնը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ ուժերու սահմանագիծին վրայ կը մնայ լարուած եւ հակառակորդը բազմապատկած է զինադադարի խախտումները ամբողջ առաջին գիծին երկայնքին: «4 յունուարի գիշերը հակառակորդին կողմէ արձանագրուած են զինադադարի 350 խախտումներ, որոնց ընթացքին, տարբեր տրամաչափի զէնքերէ, հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 4500 կրակոցներ: Բացի հրաձգային զէնքերէ, հակառակորդը սահմանագիծին տարբեր հատուածներուն...







