Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանային Գիծին Վրայ Լարուածութիւնը Կը Շարունակուի Հայ Զինուորական Ծառայող Մը` Զոհուած

January 19, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11815zinvorՇաբաթ, 17 յունուարին, ազրպէյճանական կողմի կրակոցէն հայ զինուորական ծառայող մը զոհուած է:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ զինուորը զոհուած է Ոսկեվանի սահմանային գօտիին վրայ: Զոհուածը Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Ոսկեվան գիւղի բնակիչ, պայմանագրային զինուորական ծառայող Արման Յարութիւնեանն է:

Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն համաձայն, 16-17  յունուարի լուսցող գիշերը հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուած է շուրջ 300 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 3 հազար կրակոց, իսկ 11-էն 17 յունուարի  ժամանակամիջոցին զինադադարը խախտուած է շուրջ 1200 անգամ, որուն ընթացքին արձակուած է աւելի քան 12000 կրակոց:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ  ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդը կը շարունակէ  խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը եւ բացի վերոնշեալ խախտումներէն, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հիւսիսարեւելեան (Ջրաբերդ) եւ արեւելեան (Ակնա) ուղղութիւններով ազրպէյճանական յատուկ նշանակութեան ջոկատայինները ձեռնարկած են ներթափանցման փորձեր:

«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը համարժէք պատասխան տուած են հակառակորդի սադրիչ գործողութիւններուն եւ  անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկած շփման գիծի ամբողջ երկարութեամբ` մարտական դիրքերու պաշտպանութիւնը յուսալի կերպով  կազմակերպելու համար», ըսուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Տինքի Հարցով Ոստիկանապետ Մը Ձերբակալուած Է

Յաջորդը

Անդրադարձ` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Մէջ Նախատեսուող Աշխատանքներուն

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր  Փոխանակեցին Խաղաղութեան  Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ
Հայկական

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր Փոխանակեցին Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ

November 14, 2026
Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի  Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի  Անունով Կոչելու Որոշումը
Հայկական

Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի Անունով Կոչելու Որոշումը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.