Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիւմրի. Հարցերը Հանդարտ Դատողութեամբ Լուծելու Կոչեր

January 17, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆելիքս Ցոլակեան
Ֆելիքս Ցոլակեան

Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին, Գիւմրիի մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին յայտարարութիւն մը ըրած է:

«Ես զգացումները շատ լաւ կը հասկնամ եւ կ՛ընդունիմ զանոնք, բայց զգացումներուն յանձնուիլը սխալ է: Բոլոր հարցերը կարելի է լուծել հանդարտ դատողութեամբ, հանգիստ պայմաններու մէջ: Ատոր համար ես կոչ կ՛ուղղեմ  բոլորիս` պէտք է հանդուրժողական ըլլանք: Խժդժութիւններու պէտք չէ երթալ, զսպուեցէ՛ք ժողովուրդ», նշած է մարզպետը:

Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան պատասխանելով Աւետիսեաններու ընտանիքի 6 անդամներու սպանութեան առնչութեամբ Գիւմրիի մէջ սուգի օր յայտարարելու մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հարցումին, ըսած է, որ այդ մասին մտածած են, սակայն հարցը քաղաքապետարանի իրաւասութենէն դուրս է:

«Քաղաքապետարանը չի կրնար առանձին որոշում տալ, այդպիսի իրաւասութիւն չունինք: Սուգի օր յայտարարելու հետ կապուած մենք ուսումնասիրած ենք տեղական ինքնակառավարման մասին օրէնքը, իրաւասութիւն չունինք», ըսած է Բալասանեան` նշելով, որ սուգի օր յայտարարելու ցանկութիւն ունեցած են, սակայն ոչ ոքի դիմած են այդ հարցով:

«Ատիկա պէտք է որոշուէր թերեւս Ազգային ժողովի կամ նախագահին կողմէ», ըսած է քաղաքապետը:

Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն, ոստիկաններուն եւ բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն միջեւ բախումներէն  ետք  քաղաքի ոստիկանական բաժանմունքներ հինգշաբթի բերման ենթարկուած են 21 քաղաքացիներ: Գիշերը զանոնք ազատ արձակած են: Անոնց մօտ զէնք, զինամթերք չէ յայտնաբերուած: 19 անձերու նկատմամբ յարուցուած են տարբեր վարչական վարոյթներ:

Իսկ Երեւանի ոստիկանութիւնը հաղորդած է, որ մայրաքաղաքին մէջ բերման ենթարկուածներէն  երկուքին մօտ ատրճանակ յայտնաբերուած է:

Ոստիկանութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը` յիշեցնելով հաւաքներու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքը:

Նախորդը

Ռուստամեան. «Ազգային-Պետական Արժանապատուութենէն Վեր Բան Չկայ»

Յաջորդը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մտահոգութիւն Յայտնած Է Գիւմրիի Դէպքերուն Առնչութեամբ

RelatedPosts

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի  Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն

February 25, 2026
Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց  Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ  Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը
Հայկական

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը

February 25, 2026
Պապիկեան Պաշտօնական  Այցելութիւն Կու Տայ Իրան
Գլխաւոր լուրեր

Պապիկեան Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Իրան

February 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.