Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Ազգային-Պետական Արժանապատուութենէն Վեր Բան Չկայ»

Յունուար 17, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արմէն Ռուստամեան
Արմէն Ռուստամեան

Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն «Երկիր»-ին հետ զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

«Մենք արդէն դատապարտած ենք Գիւմրիի մէջ  կատարուած ոճրագործութիւնը եւ մեր ցաւակցութիւնը յայտնած զոհերու  հարազատներուն, մեր ժողովուրդին: Կատարուած յանցագործութիւնը ոչ միայն ազգային, այլեւ մարդկային պատկանելիութիւն չունի:

Ինչ որ կատարուած է ատկէ ետք Գիւմրիի մէջ, մեր քաղաքացիներուն բնական արձագանգն էր` արդարութիւն գտնելու, վստահ ըլլալու, որ ոճրագործը Հայաստանի օրէնսդրութեամբ խստագոյն պատիժի կ՛արժանանայ:

Գիւմրեցիներուն եւ Հայաստանի միւս քաղաքացիներուն համար կարեւորագոյնը սեփական պետութեան արժանապատուութիւնն էր: Այն, որ այդ ոճրագործը Ռուսիոյ քաղաքացի է, իսկ զոհերը` Հայաստանի Հանրապետութեան, ոչ մէկ ձեւով կրնայ մեծ կամ փոքր պետութեան յարաբերութիւններու խնդիր ըլլալ:

Մեր իրաւապահները ամէն ինչ պէտք է ընեն, որպէսզի ոճրագործը դատապարտուի Հայաստանի իրաւական տիրոյթին մէջ: Ասիկա լիովին ներդաշնակ է ընդունուած միջազգային հոլովոյթին  եւ երկու երկիրներու պարտաւորութիւններուն:

Ցաւօք, յուզումները Գիւմրիի մէջ յանգեցուցին ոստիկաններու հետ բախումներու, ունեցանք վիրաւորներ: Եւ այստեղ խնդիր կը  յառաջացնէ մեր իրաւապահ համակարգի արհեստավարժութիւնը, նման պարագաներուն  բախումներէն խուսափելու կարողականութիւնը:

Յատուկ կ՛ուզեմ ընդգծել, որ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայել եպս. Աջապահեանը հայ հոգեւորականին վայել կեցուածքով մինչեւ  վերջ իր ժողովուրդին կողքին կանգնեցաւ եւ փորձեց հանդարտեցնել կիրքերը:

Կը կրկնեմ` աւելի մեծ բան չի կրնար ըլլալ, քան մեր ազգային-պետական արժանապատուութիւնը: Եւ մեր իշխանութիւնները պէտք է ամէն ինչ ընեն, որպէսզի մեր ժողովուրդը, գիւմրեցիները վստահ ըլլան, որ ոճրագործը պիտի դատապարտուի  Հայաստանի իրաւական տիրոյթին մէջ, որպէսզի գործի ամբողջական բացայայտումը եւ օրէնքի ամբողջ խստութեամբ պատիժին անխուսափելիութիւնը ոչ ոքի մօտ կասկած յարուցէ»:

Նախորդը

Էրտողան. «Թուրքիա Պիտի Շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցին Մէջ Աջակցիլ Ազրպէյճանին»

Յաջորդը

Գիւմրի. Հարցերը Հանդարտ Դատողութեամբ Լուծելու Կոչեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?