Ուորլիք. «Յառաջիկայ Շաբաթներուն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ Հանդիպում Մը Տեղի Կրնայ Ունենալ»
Ճէյմս Ուորլիք Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ըսած է, որ Հայաստանի շրջան իրենց յաջորդ այցելութեան ժամկէտը տակաւին յստակ չէ: «Տարուան ընթացքին (2014-ին) մենք բազմիցս ականատես եղանք, որ շփման գիծին մէջ որեւէ բռնութիւն ապակայունացում կը ստեղծէ եւ կրնայ կողմերուն միջեւ լարուածութեան վտանգաւոր սրման պատճառ դառնալ», ըսած է ան: Դիւանագէտներուն խօսքով` զինուորական գործողութիւնը...




















