Հայկական

Թրքական Դատարանը Ջնջած Է Արգելքը.  Փերինչեք Պիտի Մասնակցի Մարդկային  Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մէջ  Տեղի Ունենալիք Դատավարութեան

Թրքական Դատարանը Ջնջած Է Արգելքը. Փերինչեք Պիտի Մասնակցի Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մէջ Տեղի Ունենալիք Դատավարութեան

Տողու Փերինչեք Թուրք ազգայնական գործիչ Տողու Փերինչեքի փաստաբան Զէյնեփ Քիւչիւք դիմած էր դատարան` պահանջելով ջնջել իր պաշտպանեալին նկատմամբ կիրարկուող Թուրքիայէն հեռանալուն դէմ արգելքը: Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ փաստաբանը յիշեցուցած է, որ Փերինչեք Զուիցերիոյ դէմ հայց ներկայացուցած էր Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան` աւելցնելով, որ 28 յունուարին տեղի պիտի ունենայ Զուիցերիոյ  բողոքարկման քննութիւնը, որուն Փերինչեքի ներկայութիւնը չափազանց կարեւոր է:...

Կարէն Միրզոյեան Ընդունեց ԵԱՀԿ-ի  Գործող Նախագահի Անձնական Ներկայացուցիչը

Կարէն Միրզոյեան Ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահի Անձնական Ներկայացուցիչը

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան նախանցեալ օր ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ  տիրող իրավիճակը, եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի  գրասենեակին կողմէ իրականացուող դիտարկումներն ու այլ հարցեր: Անոնք անդրադարձած են 14 յունուարին  ...

Ռուս Սահմանապահներուն Վերաբերող Հրապարակումներուն Կապակցութեամբ Քննութիւն Նշանակուած Է

Վերջին օրերուն կարգ մը լրատու միջոցներ տեղեկութիւն հաղորդած են 17 յունուարին Գիւմրիի մէջ ռուս սահմանապահներու կալանաւորման մասին: «Երկիր»-ը նշած է, թէ հակառակ  անոր որ տեղեկութիւնը իրենց  կողմէ արդէն իսկ հերքուած է, կայքերուն մէջ տեղ գտած հրապարակումներուն  առնչութեամբ նշանակուած է ծառայողական քննութիւն: Ոստիկանութեան Շիրակի մարզային վարչութեան կողմէ տեղի ունեցող ծառայողական քննութեան ծիրին մէջ ոստիկանութեան Գիւմրի քաղաքի Կումայրիի բաժանմունքի հետաքննիչներ նշած են,...

8 Ներթափանցման Գործողութեան Փորձ`  Ղարաբաղեան – Ազրպէյճանական Շփման Գիծին Վրայ.  Հայ Զինուոր Մը Զոհ` Արձակազէնի Կրակոցէ

8 Ներթափանցման Գործողութեան Փորձ` Ղարաբաղեան – Ազրպէյճանական Շփման Գիծին Վրայ. Հայ Զինուոր Մը Զոհ` Արձակազէնի Կրակոցէ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը կը յայտնէ, որ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ նախորդ գիշեր արձակազէնի կրակոցէ զոհուած է հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ ծառայող 20-ամեայ  Սուրէն Փիլոսեան: Կը հաղորդուի նաեւ, որ անցեալ գիշերուան ընթացքին ազրպէյճանական բանակին  կողմէ կատարուած է ութ ներթափանցման գործողութեան փորձ, որոնք ժամանակին կանխուած են, եւ հակառակորդը կորուստներ կրելով նահանջած է: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար...

«Թուրքիան Իր Այս Քայլով Միջազգային  Հանրութեան Ուշադրութիւնը Հրաւիրեց  Ցեղասպանութեան Տարելիցին Վրայ»  Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

«Թուրքիան Իր Այս Քայլով Միջազգային Հանրութեան Ուշադրութիւնը Հրաւիրեց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Վրայ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի պատասխանը` ուղղուած Թուրքիոյ  նախագահ Էրտողանի հրաւէրին, համարժէք էր: Յիշեցնենք, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ի պատասխան Թուրքիոյ նախագահին նամակին, ուր ան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հրաւիրած է 24 ապրիլին ներկայ ըլլալու Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի յիշատակին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն, մերժողական նամակ յղած...

Խաչատուրով Պրիւքսէլ  Մեկնած Է

Խաչատուրով Պրիւքսէլ Մեկնած Է

Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Եուրի Խաչատուրովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Պրիւքսէլ կը գտնուի: Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան ծառայութեան, պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի ՕԹԱՆ-ի կեդրոնին մէջ այսօր տեղի ունենալիք Աֆղանիստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարած «Վճռական աջակցութիւն» առաքելութեան մասնակցող երկիրներու բանակներու ընդհանուր հրամանատարներու ձեւաչափով ՕԹԱՆ-ի զինուորական խորհուրդի նիստին:

Ռուսիոյ Քննչական Խորհուրդի  Նախագահը Հայաստան Հասաւ

Ռուսիոյ Քննչական Խորհուրդի Նախագահը Հայաստան Հասաւ

Հայաստանի քննչական խորհուրդի նախագահ Աղուան Յովսէփեանի հրաւէրով երէկ Հայաստան հասած է Ռուսիոյ քննչական խորհուրդի նախագահ Ալեքսանտր Պասթրիքին: Ըստ քննչական խորհուրդի տեղեկատուութեան ծառայութեան, Յովսէփեան եւ Պասթրիքին նախապէս հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած սպանութեան գործի քննութեան վերաբերող հարցեր:  

Վեցամսեայ Սերիոժա Աւետիսեանի  Կեանքը Կարելի Չեղաւ Փրկել

Վեցամսեայ Սերիոժա Աւետիսեանի Կեանքը Կարելի Չեղաւ Փրկել

Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն  հաղորդեցին, որ վեցամսեայ Սերիոժա Աւետիսեանի կեանքը կարելի չէ եղած փրկել: Կիրակի երեկոյեան երեխայի առողջական վիճակը կտրուկ վատացած էր: Արդէն 7-րդ օրը կեանքի համար պայքարող երեխային մօտ խորացած էր   երիկամային եւ սրտանօթային անբաւարարութիւնը: Հակառակ հայաստանեան եւ արտերկրի յառաջատար մասնագէտներուն կողմէ  ձեռնարկուած վերակենդանացման շարունակական, երկարատեւ, անընդմէջ միջոցառումներուն` ցուցանիշները կարելի չէ եղած բարելաւել, զարգացած է սրտանօթային, թոքային, երիկամային անբաւարարութիւնը,...

Նախագահ Սարգսեան. «Հանգեցաւ Լոյսը,  Որ Գիւմրիի Ոճրագործութենէն Ետք  Բոլորիս Միակ Սփոփանքն Էր»

Նախագահ Սարգսեան. «Հանգեցաւ Լոյսը, Որ Գիւմրիի Ոճրագործութենէն Ետք Բոլորիս Միակ Սփոփանքն Էր»

Երէկ, փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանի մահէն անմիջապէս ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հրապարակեց հետեւեալ ցաւակցական խօսքը: «Մենք չյաջողեցանք փրկել փոքրիկ Սերիոժայի կեանքը: Հակառակ հայ եւ ռուս բարձրակարգ բժիշկներու անսահման ճիգերուն, մենք կորսնցուցինք զայն: Հանգեցաւ լոյսը, որ  Գիւմրիի ոճրագործութենէն ետք բոլորիս միակ սփոփանքն էր, որ անվերականգնելին գոնէ չափով մը լեցնելու համար մեզի ընելիք կը ձգէր: Աւա՜ղ, չեղաւ, հակառակ կարելի եւ անկարելի...

Վարչապետ Աբրահամեան. «Խօսքեր  Չեմ Գտներ Արտայայտելու Այն Խոր Ցաւը,  Որ Կրկին Վերապրեցայ Այսօր»

Վարչապետ Աբրահամեան. «Խօսքեր Չեմ Գտներ Արտայայտելու Այն Խոր Ցաւը, Որ Կրկին Վերապրեցայ Այսօր»

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան իր դիմատետրի էջին մէջ  ցաւակցութիւն յայտնած է Սերիոժա Աւետիսեանի մահուան առիթով: Վարչապետը մասնաւորապէս ըսած է. «Խօսքեր չեմ գտներ արտայայտելու այն խորը ցաւը, որ կրկին վերապրեցայ այսօր փոքրիկն Սերիոժայի մահուան գոյժը լսելուս պէս: Խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Աւետիսեաններու հարազատներուն եւ իրենց հետ կը բաժնեմ այս ծանր վիշտը»:  

Գիւմրիի Դէպքերուն Վերաբերեալ  Լսումներ` Ազգային Ժողովին Մէջ

Գիւմրիի Դէպքերուն Վերաբերեալ Լսումներ` Ազգային Ժողովին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն  յանձնախումբին մէջ այսօր տեղի կ՛ունենան խորհրդարանական լսումներ Գիւմրիի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ` «12 յունուար 2015-ին տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերուն կապուած իրաւական հոլովոյթներու մասին» բնաբանով: Այս մասին յայտնած է Ազգային ժողովի  աշխատակազմի լրատուական ծառայութիւնը:  

Պոլսոյ Թաքսիմ Հրապարակին Վրայ  Հազարաւորներու Մասնակցութեամբ  Տինքի Յիշատակի Ոգեկոչում

Պոլսոյ Թաքսիմ Հրապարակին Վրայ Հազարաւորներու Մասնակցութեամբ Տինքի Յիշատակի Ոգեկոչում

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Ակօս» շաբաթաթերթը, կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի յիշատակը ոգեկոչելու նպատակով Թաքսիմի հրապարակին վրայ հաւաքուած են հազարաւոր մարդիկ: Ներկաները իրենց առջեւ պահած են մեծ պաստառ մը` «Առերեսուեցէ՛ք Հրանդի հետ, Ցեղասպանութեան հետ» վերտառութեամբ: Քայլարշաւը գլխաւորած են Տինքի ընտանիքը, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահներ Սելահեթթին Տեմիրթաշ եւ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան Ումութ Օրան, Սեզկին Թանրըքուլու, Շաֆաք Փավէյ: Մասնակիցներու շարքին...

Ֆրանսայի Կրթութեան Նախարարութիւնը  Կոչ Կ՛ուղղէ Ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Ֆրանսայի Կրթութեան Նախարարութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութիւնը կրթական պատկան բոլոր մարմիններուն շրջաբերական յղելով կոչ ուղղած է` ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Շրջաբերականին մէջ կ՛ըսուի, թէ 18 հոկտեմբեր 2002-ին` ընդառաջելով եւրոպական խորհուրդի նախաձեռնութեան` կրթութեան եւրոպացի նախարարները որդեգրեցին հռչակագիր մը, որուն հիմամբ հաստատուեցաւ Ողջակիզումի յիշատակումի եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգիլման օր մը` անդամ պետութիւններու բոլոր դպրոցներուն մէջ: Ֆրանսա եւ Գերմանիա յիշատակումի իբրեւ թուական ընտրեցին 27 յունուարը, որ կը...

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի Հետ Ուղղակի  Սփռուած Հարցազրոյցի Մը Ընթացքին.  «Ցեղասպանութիւն Տեղի Ունեցած Է»  Յայտարարած Է Տեմիրթաշ

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի Հետ Ուղղակի Սփռուած Հարցազրոյցի Մը Ընթացքին. «Ցեղասպանութիւն Տեղի Ունեցած Է» Յայտարարած Է Տեմիրթաշ

Սելահեթթին Տեմիրթաշ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանի ուղիղ սփռումին ընթացքին յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է: Ցեղասպանութիւնը ճանչցող քիւրտ գործիչը նշած է, որ ատոր մէջ դերակատարութիւն ունեցած են նաեւ քիւրտերը: «Մենք առանց տատամսելու կ՛ընդունինք, որ Հայոց ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է: Քիւրտերն ալ, բոլորն ալ դերակատարութիւն ունեցած են այդ ցեղասպանութեան գործին մէջ: Սակայն քաղաքական...

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Հոգեհանգիստի  Արարողութիւն` Գիւմրիի Ոճրագործութեան  Զոհերուն Յիշատակին

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Հոգեհանգիստի Արարողութիւն` Գիւմրիի Ոճրագործութեան Զոհերուն Յիշատակին

Ս. Փեթերսպուրկի Ս. Կատարինէ հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ կիրակի կատարուած է Աւետիսեան ընտանիքի անդամներուն հոգեհանգիստի արարողութիւնը: Պատարագէն ետք խօսք առնելով` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան իր ցաւակցութիւնը յայտնած է սպանութեան կապակցութեամբ եւ դատապարտած է կատարուած յանցագործութիւնը: Գլխաւոր հիւպատոսը տեղեկացուցած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ պիտի կատարուի ամէն բան յանցագործութեան հանգամանքները լիարժէք բացայայտելու համար,...

Թուրքիոյ Մէջ Ընդդէմ Հայոց  Ցեղասպանութեան Ստորագրահաւաք Սկսած Է

Թուրքիոյ Մէջ Ընդդէմ Հայոց Ցեղասպանութեան Ստորագրահաւաք Սկսած Է

Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու արշաւի ծիրին մէջ «Թալէաթ փաշա» կոմիտէն «Ցեղասպանութիւնը միջազգային սուտ մըն է» խորագիրով նախաձեռնութիւն մը սկսած է: Նախաձեռնութեան սկիզբը տեղի ունեցած է 14 յունուարին` ստորագրահաւաքով: Հայկական սփիւռքի քայլերուն դէմ Այվալըք բնակավայրին մէջ ձեւաւորուած կոմիտէի մասնաճիւղը կրցած է 1200 ստորագրութիւն հաւաքել: Հաւաքուած ստորագրութիւնները պիտի յանձնուին կառոյցի ղեկավարութեան` Թուրքիոյ եւ Եւրոպայի մէջ ի շահ թրքական պնդումներուն օգտագործելու համար:

Քրտական Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական  Կուսակցութիւնը Տինքի Մահուան Տարելիցին  Նուիրուած Քայլարշաւ Կազմակերպած Է

Քրտական Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը Տինքի Մահուան Տարելիցին Նուիրուած Քայլարշաւ Կազմակերպած Է

«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղը Հրանդ Տինքի սպանութեան 8-րդ տարելիցին առիթով քայլարշաւ կազմակերպած է: Քայլարշաւին մասնակիցները պնդած են, որ օրեր առաջ ձերբակալուած Ճիզրէի ոստիկանապետը կապ ունի Տինքի սպանութեան հետ` նշելով, որ Տինքի սպանութենէն ետք տեղի ունեցած հայազգի զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքճըի եւ տարեց հայ կնոջ` Մարիցա Քիւչիւքի սպանութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան շարունակութիւնն են: Քայլարշաւին մասնակիցները...

Շիրակի Մարզպետը Կը Միանայ  Գիւմրեցիներու Պահանջին

Շիրակի Մարզպետը Կը Միանայ Գիւմրեցիներու Պահանջին

Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեան, մեկնաբանելով վերջին քանի մը օրերուն Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցածները, ըսած է, որ ինչպէս գիւմրեցիներուն, այնպէս ալ իր մօտ շատ հարցեր եւ հարցականներ մնացած են: Մարզպետը ըսած է, որ կողմնակից է գիւմրեցիներուն պահանջին. Փերմեաքովը պէտք է յանձնեն հայ իրաւապահներուն: «Պահանջին կը միանամ, որովհետեւ մենք կը պահանջենք արդար դատավարութիւն, կը պահանջենք, որ մենք դատավարութիւնը ընենք, բայց ամէն բան...

Գիւմրիի Ոճրագործութեան  Առնչութեամբ.  Ռուսիոյ Նախագահը Ցաւակցութիւն  Յայտնած Է Հայ Ժողովուրդին

Գիւմրիի Ոճրագործութեան Առնչութեամբ. Ռուսիոյ Նախագահը Ցաւակցութիւն Յայտնած Է Հայ Ժողովուրդին

Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնական կայքին փոխանցումով, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի միջեւ: Ռուսիոյ նախագահը անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնած է  զոհուածներու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ հայ ազգին` Գիւմրիի մէջ 12 յունուարին տեղի ունեցած ողբերգութեան առնչութեամբ, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Ըստ նոյն աղբիւրին, նախագահ Փութինը վստահութիւն յայտնած է, որ բոլոր անհրաժեշտ քննչական...

Անդրադարձ` Եւրասիական Տնտեսական  Միութեան Մէջ Նախատեսուող Աշխատանքներուն

Անդրադարձ` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Մէջ Նախատեսուող Աշխատանքներուն

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է  առկայ տնտեսական զարգացումներուն նուիրուած խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են տնտեսութեան մարզը ներկայացնող նախարարութիւններուն ղեկավարները: Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդումով, խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ  նախատեսուող աշխատանքներուն, այդ շրջագիծին մէջ գործարար հատուածին տարբեր գործիքակազմերով օժանդակութեան, ինչ որ կը նպաստէ դէպի Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներ արտահանման ծաւալներու աճին եւ...

Page 693 of 697 1 692 693 694 697

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?