Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատասխանելով Էրտողանի Հրաւէրին`. «Մեր Մօտ Ընդունուած Չէ Հիւրընկալուիլ Հրաւիրողին` Առանց Սեփական Հրաւէրի Պատասխանը Ստանալու» Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան

Յունուար 17, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
1
Share on FacebookShare on Twitter

11615_SarksianԵրէկ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը հրաւիրեց 24 ապրիլ 2015-ին մասնակցելու Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակին: Նախագահ Սարգսեան պատասխան-նամակով մերժեց Էրտողանի հրաւէրը:

Ստորեւ կու տանք նախագահ Սարգսեանի պատասխան-նամակին բնագիրը եւ Էրտողանի հրաւէրը:

«Յարգելի՛ պարոն նախագահ,

Ստացայ Կալիփոլիի ճակատամարտի հարիւրամեակի յիշատակի միջոցառումներին մասնակցելու` ինձ ուղղուած ձեր հրաւէրը:

Յիրաւի, Առաջին աշխարհամարտը մարդկութեան պատմութեան ամենազարհուրելի էջերից է, որ միլիոնաւոր անմեղ մարդկային կորուստների եւ ճակատագրերի խեղման պատճառ դարձաւ:

Կալիփոլիի ճակատամարտի մասնակից էր նաեւ Օսմանեան կայսրութեան զօրքերի հայազգի հրետանաւոր, հարիւրապետ Սարգիս Թորոսեանը. սպայ, որ նուիրուել էր կայսրութեան պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ապահովմանը եւ հաւատարիմ ծառայութեան ու սխրանքների համար Օսմանեան կայսրութեան կողմից արժանացել էր ռազմական պարգեւների: Մինչդեռ, նոյն թուականին իր գագաթնակէտին հասած` Օսմանեան կայսրութեան կողմից հայ ժողովրդի նկատմամբ նախապէս ծրագրուած եւ իրականացուած զանգուածային ջարդերի ու բռնի տեղահանման ալիքը չշրջանցեց անգամ Սարգիս Թորոսեանին: Ցեղասպանութեանը զոհ գնացած մէկուկէս միլիոն հայերի թւում էին նրա ծնողները, ովքեր դաժանաբար սպաննուեցին, իսկ քոյրը մահացաւ Սիրիայի անապատում:

Հէնց նախադէպը չունեցող այդ կոտորածի արդիւնքում էր, որ Ռաֆայէլ Լեմքինը ստեղծեց «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը, եւ դրա անպատժելիութիւնն էր, որ հող նախապատրաստեց Ողջակիզումի եւ Ռուանտայում, Քամպոտիայում ու Տարֆուրում ցեղասպանութիւնների համար:

Ըստ ձեզ` Կալիփոլիի մարտերը ոչ միայն Թուրքիայի, այլեւ ողջ աշխարհի համար պատերազմից ծնունդ առած բարեկամական յարաբերութիւնների առանձնայատուկ օրինակ են, իսկ ճակատամարտի դաշտը` պատերազմի դառը ժառանգութեան մասին յիշեցնող խաղաղութեան եւ բարեկամութեան յուշարձան: Մի կողմ թողնելով բոլորին քաջ յայտնի Կալիփոլիի ճակատամարտի նշանակութիւնը կամ Թուրքիայի վիճայարոյց դերակատարութիւնը Առաջին եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմների ընթացքում` անհրաժեշտ է յիշել, որ խաղաղութիւնը եւ բարեկամութիւնն առաջին հերթին պէտք է հիմնուած լինեն սեփական անցեալի հետ առերեսման խիզախութեան, պատմական արդարութեան, ինչպէս նաեւ համամարդկային յիշողութեան` ոչ թէ ընտրովի, այլ ամբողջական ճանաչման վրայ:

Աւա՜ղ, Թուրքիան շարունակում է ժխտողականութեան իր աւանդական քաղաքականութիւնը եւ տարէցտարի «կատարելագործելով» պատմութեան աղճատման իր գործիքակազմը` Կալիփոլիի մարտերի հարիւրամեակն այս տարի առաջին անգամ նշում է ապրիլի 24-ին, այն դէպքում, երբ դրանք սկսուել են 1915 թուականի մարտի 18-ին եւ շարունակուել մինչեւ 1916 թուականի յունուարի վերջը, իսկ դաշնակիցների ափհանման գործողութիւնը` Կալիփոլիի ցամաքային մարտերը սկսուել են ապրիլի 25-ին: Ի՞նչ նպատակ է սա հետապնդում, եթէ ոչ համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի միջոցառումներից շեղելու պարզունակ նպատակ: Մինչդեռ, մինչեւ յիշատակի միջոցառում նախաձեռնելը, Թուրքիան շատ աւելի կարեւոր պարտականութիւն ունէր սեփական ժողովրդի եւ ողջ մարդկութեան հանդէպ, այն է` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը:

Ուստի, խորհուրդ կը տայի համաշխարհային խաղաղութեանն ուղղուած ձեր կոչերում չմոռանալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղերձ յղել աշխարհին` ոգեկոչելով մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերի յիշատակը: Իւրաքանչիւրիս պարտքն է գալիք սերունդներին փոխանցել խեղաթիւրումից զերծ իրական պատմութիւնը` այդ կերպ կանխելով ոճրագործութիւնների կրկնութիւնն ու հող նախապատրաստելով ազգերի, յատկապէս հարեւան ազգերի միջեւ մերձեցման եւ հետագայ համագործակցութեան համար:

Յ.Գ. Ձերդ գերազանցութիւն, դեռեւս մի քանի ամիս առաջ հրաւիրել եմ ձեզ Երեւան` 2015 թուականի ապրիլի 24-ին միասին յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակների յիշատակը: Մեզ մօտ ընդունուած չէ հիւրընկալուել հրաւիրուողին` առանց սեփական հրաւէրի պատասխանը ստանալու»:

Էրտողանի Հրաւէրը

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը եւ «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 23-24 ապրիլին 102 երկիրներու ղեկավարներ հրաւիրած է Թուրքիա` Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ներկայ գտնուելու համար:

«Միլլիյէթ» կը գրէ, որ այդ հրաւէր-նամակներէն մէկը չափազանց ուշագրաւ է: Էրտողան հրաւէր ուղարկած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին: «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու ստորագրած է երկիրներու վարչապետներուն ուղղուած հրաւէրները, իսկ Էրտողան` նախագահներուն հրաւէրները, որոնց կցուած է հետեւեալ պատգամը. «Շատ ուրախ պիտի ըլլանք Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի ձեռնարկներուն ձեզ ունենալու մեզի հետ»: Կառավարական պաշտօնատար մը «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի նախագահին ուղղուած հրաւէրին անդրադառնալով յիշեցուցած է, որ օսմանեան բանակին մէջ զինուորագրուած բազմաթիւ այլ ազգային խմբաւորումներու կողքին հայերը եւս մասնակցած են Կալիփոլիի ճակատամարտին` աւելցնելով. «Մենք միասնաբար կռուեցանք Կալիփոլիի մէջ: Այդ է պատճառը, որ Սարգսեանին ալ հրաւէր ուղղեցինք»:

23 ապրիլին Պոլսոյ մէջ կը նախատեսուի «Խաղաղութեան խորհրդաժողով»:

102 հրաւիրեալ ղեկավարներու շարքին է նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, որ ընդունուած կարգին համաձայն, 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ յայտարարութիւն մը կը հրապարակէ: «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը նախատեսէ, որ ո՛չ Սարգսեան, ո՛չ ալ Օպամա ընդառաջեն հրաւէրին: «Միլլիյէթ» իր կարգին կը գրէ. «Եթէ Օպաման ու Սարգսեանը այս հրաւէրին ընդառաջեն, ապա ատիկա պատմական մեծ անակնկալ պիտի ըլլայ: Սակայն նոյնիսկ եթէ Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները այդ ձեռնարկին չմասնակցին, ասիկա պիտի ըլլայ երկրորդ անակնկալը Էրտողանի կողմէ` անցեալ տարի 1915-ի դէպքերու ընթացքին զոհերու հարազատներուն ուղղուած անոր ցաւակցական ուղերձէն ետք»:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Թուրք Երեսփոխաններ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Հարցով Պիտի Այցելեն Իտալիա Եւ Շուէտ

RelatedPosts

Շրջափակման 100-րդ Օրը Ստեփանակերտի Մէջ  ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան  Նախաձեռնութեամբ Ցոյց Կազմակերպուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Շրջափակման 100-րդ Օրը Ստեփանակերտի Մէջ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Նախաձեռնութեամբ Ցոյց Կազմակերպուեցաւ

Մարտ 22, 2023
Միացեալ Նահանգներուն Կոչ Ուղղելով Անհետեւանք  Չձգելու Ազրպէյճանի Քայլերը`  «Պատերազմական Գերիները Հետապնդելը  Միջազգային Ուխտերու Կոպիտ Խախտում Է»  Կ՛ըսէ Շիֆ
Հայկական

Քոնկրեսական Շիֆ Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցները Բացառելու Վերաբերեալ Պոնոյի Յայտարարութիւնը

Մարտ 22, 2023
Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով.   ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին  Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական  Ներկայացուցչութիւններու
Գաղութային

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու

Մարտ 22, 2023

Comments 1

  1. Hagop Atamian says:
    8 years ago

    Ամէն տեսակի լիրբ միջոցներու դիմելու պատրաստ է Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը:
    Ժամանակը կը բուժէ գրեթէ ամէն բան…
    Կարեւորը՝ Հայը կարենայ սիրել եւ հանդուրժել Հայուն…
    Հայրենասէր ըլլալը բաւարար չէ, ՏԻՐԱՍԷՐ ըլլալն է կարեւորը…
    Սիրել եւ հանդուրժել….
    Խօսքի ազատութիւն չի նշանակեր ԼՐԲՈՒԹԻՒՆ (Cynicism)

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In