Ըստ Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան. Հայաստան Կ՛ուզէ Մոսկուայէն Անջատուիլ Եւ Ուքրանիայէն Աւելի Սուղ Հացահատիկ Գնելով Քիեւին Օգնել
Հայաստան քաղաքական պատճառներով կ՛ուզէ անջատուիլ Մոսկուայէն եւ Ուքրանիայէն աւելի սուղ հացահատիկ գնելով օգնել Քիեւին: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը: «Սակայն, ինչպէս Երեւանը կ՛ընդգծէ, ատիկա սկզբունքի հարց է` ընկերութիւնը ընկերութիւն է, դրամը` դրամ: Պրիւքսելէն կը խնդրեն փոխհատուցել ուքրանական հացահատիկի յաւելուած արժէքը», նշած է ծառայութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արձագանգելով նշեց, թէ այդպիսի բան չի կրնար ըլլալ: Ռուսիոյ...




















