Հայաստան քաղաքական պատճառներով կ՛ուզէ անջատուիլ Մոսկուայէն եւ Ուքրանիայէն աւելի սուղ հացահատիկ գնելով օգնել Քիեւին: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը:
«Սակայն, ինչպէս Երեւանը կ՛ընդգծէ, ատիկա սկզբունքի հարց է` ընկերութիւնը ընկերութիւն է, դրամը` դրամ: Պրիւքսելէն կը խնդրեն փոխհատուցել ուքրանական հացահատիկի յաւելուած արժէքը», նշած է ծառայութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արձագանգելով նշեց, թէ այդպիսի բան չի կրնար ըլլալ:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, սակայն, մեկնաբանելով Քիեւէն հացահատիկ գնելու Երեւանի մտադրութեան մասին հետախուզական տուեալները, յայտարարեց. «Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը երբեք մերկապարանոց հաղորդագրութիւններ չի հրապարակեր»:


