Կապանի մէջ Իրանի հիւպատոս Մորթեզա Ապետի Վարամին քննարկած է Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական եւ տնտեսական ամուր կապերը` ներկայացնելով շրջանային ենթակառուցային նախագիծերը, առեւտրական զարգացումները եւ երկրին առջեւ ծառացած բնապահպանական մարտահրաւէրները: Այս մասին հաղորդեց «Արմինիըն Ռիփորթ»-ը:
Իրան յայտարարած է, որ որեւէ մտահոգութիւն չունի «Թրամփի միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ուղիի` ԹՐԻՓՓ-ի նախագիծի վերաբերեալ, որ կը ներառէ ԹՐԻՓՓ ճամբու կառուցում Հայաստանի հարաւը:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նախապէս յայտարարած էր, որ Թեհրան նախագիծը չի դիտարկեր իբրեւ սպառնալիք:
Իրանի պաշտօնատարները հաստատած են, որ երկու երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակի քննարկումներ եւ շարունակական խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան` շրջանին մէջ տեղի ունեցող որեւէ զարգացում քննարկելու համար:
Իրան կը շեշտէ, որ քանի տակաւին իր շահերուն սպառնալիք չկայ, ինք մտահոգուելու պատճառ չի տեսներ:


