Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան հանդիպում ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ Զարգացման հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Սուլթան Պըն Ապտուլրահման Մարշատի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հիմնադրամին կողմէ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու կարելիութիւնները` ընդգծելով փոխադարձ հետաքրքրութիւնը ներդրումային համագործակցութեան խորացման, ինչպէս նաեւ միացեալ ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ:


