ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր ժողովի 43-րդ նստաշրջանի ընթացքին որդեգրուած է Հայաստանի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած` Փոքր կղզի զարգացող պետութիւններու միջազգային օր հռչակելու մասին բանաձեւը: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Փոքր կղզի զարգացող պետութիւններու միջազգային օր սահմանելու վերաբերեալ Հայաստանի նախաձեռնութեան զօրակցած եւ զայն համահեղինակած էին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ շուրջ 130 պետութիւններ:
Բանաձեւը կ՛ընդգծէ Փոքր կղզի զարգացող պետութիւններու խոցելիութիւնները եւ անոնց նկատմամբ միջազգային ուշադրութեան, համերաշխութեան եւ աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Փաստաթուղթով 25 ապրիլը ճշդուած է իբրեւ Փոքր կղզի զարգացող պետութիւններու միջազգային օր:


