«Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի կրճատէ հեռաւորութիւնները, պիտի նուազեցնէ ծախսերը եւ պիտի ամրապնդէ Թուրքիոյ շրջանային առեւտրական հզօրութիւնը: «Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ այս մասին 45 երկիրներէ Ալանիա քաղաք հասած 310 լրագրողներու խորհուրդի 5-րդ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու:
Ուրալօղլու նշած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի եւ Ալիջան սահմանային անցակէտի նախագիծերը պիտի վերահաստատեն շրջանային առեւտուրի ցանցին մէջ Թուրքիոյ դերը:
Ըստ անոր, «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի ստեղծէ առեւտրական նոր գիծ Ասիայէն դէպի Եւրոպա` Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ուղղակի կերպով իրարու կապելով:
Անդրադառնալով Ալիջան սահմանային անցակէտին` Ուրալօղլու նշած է, որ այդ անցակէտին բացման համար սկսած են նախապատրաստական աշխատանքները:
Ան մասնաւորաբար նշած է, որ կազմուած են որոշակի ծրագիրներ, որոնց շարքին` Ալիջան սահմանային դարպասին մօտ գտնուող կամուրջի ներկայ վիճակի գնահատման եւ նորի կառուցման ծրագիրը:
«Աւարտին հասցուցած ենք մեր ծրագիրները, ներառեալ կամուրջի ներկայ վիճակի գնահատումն ու վերականգնումը: Մենք արագօրէն յառաջ կը շարժինք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ միասին համախոհութեան հոլովոյթի ուղղութեամբ: Երբ խաղաղութեան հոլովոյթը աւարտի, Ալիջան անցակէտը պիտի բացուի», յայտնած է Ուրալօղլու:
Խօսելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի խաղաղութեան հոլովոյթին մասին` Ուրալօղլու նշած է, որ հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախարարներու հետ:
«Այստեղ կարգաւորման լուրջ հոլովոյթ կ՛ընթանայ: Յատկապէս Հայաստանի վարչապետը շատ լուրջ նախաձեռնութիւններ եւ ռիսքեր կը ձեռնարկէ: Մենք անոնց ուշադիր կը հետեւինք», նշած է Ուրալօղլուն:
Թուրք նախարարին ձեւակերումով` նման զարգացումը պիտի բարձրացնէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի արդիւնաւէտութիւնը եւ Չինաստանէն Բրիտանիա տանող առեւտրական ուղին պիտի դարձնէ աւելի արդիւնաւէտ: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Կարսի գիծը պիտի ձեւաւորէ ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Եւրասիոյ ապագան:


