Պաքուի համաձայնութեան պարագային Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախարարներու հանդիպում կրնայ կազմակերպուիլ: Այս մասին Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու:
Ան աւելցուցած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման նախապատրաստական աշխատանքները բարձր մակարդակով կ՛ընթանան, եւ որ Ազրպէյճանի հետ բաւականաչափ համակարգուած աշխատանք տարուած է:


