«Ազրպէյճան պէտք է լուրջ բանակցութիւններ վարէ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ: Մենք պէտք չէ ազգային շահերը կապենք Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին»: «Խրոնիքա Քաւքազա» կը հաղորդէ, որ «Թելեկրաֆ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Կուտրաթ Հասանկուլիեւ:
Անոր համաձայն, եթէ Հայաստան գործնական կերպով միջանցքի բացման մասին որոշում չտայ, «Ազրպէյճան ստիպուած պիտի ըլլայ ուժով մաքրել միջանցքի տարածքը, իսկ յետոյ զայն յանձնել Ռուսիոյ կամ Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեան` 2020 թուականի նոյեմբեր 10-ի կամ 2025 թուականի օգոստոսի 8-ի համաձայնագիրներու համաձայն»:
Հասանկուլիեւ նշած է, որ Հայաստան կը փորձէ դրացիներու հետ հաղորդակցութիւնները բանալ իր համար շահաւէտ պայմաններով, սակայն հակառակ Նախիջեւան տանող ճամբու մնայուն քննարկումներուն, տակաւին իրական քայլերու չի ձեռնարկեր:
«Ուաշինկթընեան հռչակագիրէն ետք յոյսեր կային, որ ճամբու շինարարութիւնը մօտ օրէն պիտի սկսի, սակայն հիմա մենք հետզհետէ աւելի կը համոզուինք, որ փաստաթուղթի ստորագրութենէն ետք անոնք հանդարտած են», աւելցուցած է երեսփոխանը:
Ան նաեւ յայտարարած է, որ Ազրպէյճան կրնայ առաջարկել խաղաղութեան յուշագիր ստորագրել այն պամանով, որ Հայաստան շտապ սկսի դէպի Նախիջեւան ճամբու կառուցումը եւ մօտիկ ապագային պարտաւորութիւն ստանձնէ սահմանադրութեան մէջ համապատասխան փոփոխութիւններ կատարել:


