Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հանդիպած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն: Այս մասին կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմէն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը եւ համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները: Անդրադարձ կատարուած է երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն: Նախագահը ներկայացուցած է վերջին տարուան հիմնական ձեռքբերումները, խօսած է յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին եւ պատասխանած է դեսպաններու հարցումներուն:


