Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաղաթէլեան. «Եկեղեցւոյ Դէմ Արշաւը Ծրագրուած Պայքար Է Մեր Ազգային Ինքնութեան Դէմ»

November 10, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան տարածեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դէմ արշաւը ծրագրուած պայքար է մեր ազգային ինքնութեան դէմ, եւ այդ արշաւին հեղինակները կը գտնուին երկրէն դուրս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընդամէնը գործիք է այդ հրէշաւոր ծրագիրը իրականացնելու համար` աւելցնելով. «Աւելորդ է անդրադառնալ գործիքի ձեռքին գործիք դարձած ծառաներու պահուածքին` ըլլան անոնք կարգալոյծ քահանաներ, ՔՊ-ական պատգամաւորներ, թէ ուժային կառոյցի ներկայացուցիչներ»:

«Մենք պէտք է ամբողջութեամբ ընկալենք հարցի խորքը, հասկնանք, որ սա միայն մեր բարձրաստիճան հոգեւորականներուն դէմ պայքար չէ. անոնց վերջնական նպատակը մեր ազգային ինքնութեան ոչնչացումն է` ապազգայնացումը: Ես պիտի չյոգնիմ կրկնելէ, որ այն, ինչ որ կը կատարուի մեր դէմ, հայկականութեան ապազգայնացման ծրագիր է, ան ունի նաեւ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն, որուն դրսեւորումները պիտի տեսնենք յառաջիկային:

«Հետեւաբար, եկեղեցւոյ դէմ արշաւին պէտք է նայիլ այս պարունակին մէջ, հասկնալ հարցին լրջութիւնն ու խորքը, ստեղծել պաշտպանութեան ազգային ճակատ եւ միասնական ուժերով կանխել այդ հրէշաւոր ծրագիրի գործադրումը», ընդգծեց Սաղաթէլեան:

Սաղաթէլեան նկատել տուաւ, որ ապազգայնացումը կամ ազգային ինքնութեան ոչնչացումը կը ներառէ շարք մը գործողութիւններ, որոնք ուղղուած են որեւէ ազգի կամ ազգային խումբի ազգային ինքնութեան, մշակոյթի եւ ազգային դիմագիծի վերացման:

 

Նախորդը

Էրտողան. «Կը Գնահատենք Ալիեւի Անկեղծ Ջանքերը Եւ Կ՛ողջունենք Փաշինեանի Խիզախ Քայլերը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.