2023 թուականին Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութիւնը Արցախի վրայ յարձակումին մասին տեղեկացուած է անոր սկսումէն 10-15 վայրկեան առաջ: Ազրպէյճանի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարած է երկրի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
Ազրպէյճանցի նախարարը նշած է. «Խաղաղապահները տեղեկացուած են վտանգին մասին եւ անոնց խորհուրդ տրուած է տեղափոխուիլ աւելի անվտանգ վայրեր կամ զօրանոցներ»:
«Հիմնականին մէջ անոնք հետեւած են ցուցմունքներուն: Խաղաղապահները այդ ցուցմունքներուն չհետեւելու համար պատճառներ չունէին, որովհետեւ երեք տարուան ընթացքին անոնք բազմիցս զգուշացուած էին հայկական անօրինական զինեալ կազմաւորումներու գործողութիւններու, տարածքներու ականապատման, ամրութիւններու կառուցման, զէնքի եւ զինամթերքի փոխադրման մասին: Խաղաղապահները կը պնդէին, որ այդ հարցերը իրենց իրաւասութիւններուն մէջ չեն մտներ, անոնց լիազօրութիւն չեն տուած, ուստի անոնք միայն ընդհանուր հսկողութիւն կը կատարեն», յայտարարած է ան:
Ըստ Պայրամովի, հայերը Արցախէն արտաքսելէ ետք հարց յառաջացած է այնտեղ խաղաղապահներու ներկայութեան նպատակայարմարութեան մասին:
«Մենք լրջօրէն պնդած ենք այս հարցին մէջ: Մենք արդէն գիտէինք, որ անոնք որոշակի ժամկէտ ունին: Անոնք կը կարծէին, թէ իրենց կարիքը դարձեալ պիտի յառաջանայ, եթէ հայ բնակիչները ուզեն վերադառնալ: Մոսկուայէն նման ազդանշաններ կը ստացուէին: Որոշ ժամանակ ետք պարզուեցաւ, թէ հայերը վերադառնալու մտադրութիւն չունին, եւ խաղաղապահներուն պարզ դարձաւ, որ այստեղ մնալը իմաստ չունի: Ստեղծուած էին բոլոր անհրաժեշտ պայմանները, որպէսզի անոնք կարենային լքել այդ տարածքները», յայտարարած է ան:
Պայրամով յիշեցուցած է, թէ եռակողմ յայտարարութեան պայմաններուն համաձայն, եթէ կողմերէն մէկը ժամկէտի աւարտէն վեց ամիս առաջ տեղեկութիւն չի տրամադրեր, խաղաղապահներու գործունէութիւնը պէտք է երկարաձգուի յաջորդ հինգ տարիով:
«Այդ ժամկէտը լրացած է 10 մայիս 2025-ին: Հակառակ անոր որ ռուս խաղաղապահները արդէն Ազրպէյճանի մէջ չէին, զուտ իրաւական տեսանկիւնէն, որպէսզի յետոյ ոչ ոք հարցեր ունենայ, մենք այս տարուան 30 ապրիլին պաշտօնական դիմում ուղարկեցինք ռուսական կողմին եւ ամբողջութեամբ նկարագրեցինք կացութիւնը: Մենք յայտարարեցինք, որ անոնց լիազօրութիւնը ամբողջութեամբ չեղեալ կը նկատուի», ըսած է ան:


