Հայկական

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Ցոյցը` Կառավարութեան  Շէնքին Դիմաց

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Ցոյցը` Կառավարութեան Շէնքին Դիմաց

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները երէկ` հինգշաբթի, 6 նոյեմբերին ցոյց մը կատարած են կառավարութեան շէնքին դիմաց: Ցոյցը արձագանգ էր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին սպառնալիքներուն եւ Հայաստանի կառավարութեան լռութեան: ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ժորա Ավդալեան իր խօսքին մէջ յիշեցուց, որ Քաղաքացիական պայմանագիրի երազանքի «խաղաղութեան» պայմաններուն մէջ Արցախը հայաթափուեցաւ, իսկ Ալիեւ կը շարունակէ յոխորտալ: «Մեզի համար Ազրպէյճանի նպատակները միշտ եղած...

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Յանձնած Է  Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն  Մուտքի Արտօնագիրներու Ազատականացման  Գործողութիւններու Ծրագիրը

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Յանձնած Է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Մուտքի Արտօնագիրներու Ազատականացման Գործողութիւններու Ծրագիրը

Երէկ Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին Եւրոպական յանձնաժողովի Գաղթի եւ ներքին գործոց ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Եոհաննես Լուշներ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան հարցերով հայկական կողմի բարձրաստիճան պաշտօնատար, Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեանին յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման գործողութիւններու ծրագիրը: Յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի ներկայութեամբ: Սարգսեան, ստանալով փաստաթուղթը, նշած է, որ...

Մելնիքով. «Չինաստանէն Հայաստան Բեռնարկղային  Բեռնափոխադրումներ Կազմակերպելու  Կարելիութիւն Ստեղծուած Է»

Մելնիքով. «Չինաստանէն Հայաստան Բեռնարկղային Բեռնափոխադրումներ Կազմակերպելու Կարելիութիւն Ստեղծուած Է»

Չինաստանէն Հայաստան բեռնարկղային բեռնափոխադրումներ կատարելու կարելիութիւն ստեղծուած է: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ալեքսէյ Մելնիքով: Մելնիքով ընդգծած է, որ այժմ կարելի է Չինաստանէն Հայաստան բեռնարկղային գնացքներ կազմակերպել: Անոր համաձայն, Նոր երկաթուղային երթուղիի գործարկումը պիտի նուազեցնէ Վերին Լարսի գերբեռնուածութիւնը եւ բեռներու առաքման արժէքը, յատկապէս` Սեւ ծովու ծովային հատուածով, որ ամէնէն սուղն է:...

Շոյկու. «Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութիւնը  Մնայուն Ուշադրութիւն Կը Պահանջէ»

Շոյկու. «Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութիւնը Մնայուն Ուշադրութիւն Կը Պահանջէ»

Կովկասի մէջ տիրող կացութիւնը մնայուն ուշադրութիւն կը պահանջէ: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու: «Մեզի համար կարեւոր է համաժամեցնել ժամացոյցները: Ինչ կը վերաբերի վերջին իրադարձութիւններուն, շրջանին մէջ` Կովկասի մէջ ամբողջութեամբ, Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցած տարբեր իրադարձութիւններուն, կացութիւնը կը պահանջէ մեր մնայուն ուշադրութիւնը եւ խորհրդակցութիւնները», ըսած...

Փայլան. «Կը Կարծեմ, Որ 2026-ի Յունուարին  Կամ Փետրուարին Հայ-Թրքական Սահմանի Բացման  Հոլովոյթին Ուղղութեամբ  Շատ Լաւ Զարգացումներ Կրնանք Տեսնել»

Փայլան. «Կը Կարծեմ, Որ 2026-ի Յունուարին Կամ Փետրուարին Հայ-Թրքական Սահմանի Բացման Հոլովոյթին Ուղղութեամբ Շատ Լաւ Զարգացումներ Կրնանք Տեսնել»

Երազանքս է, որ այս սահմանը օր առաջ բացուի: Երազանքս է հայ-թրքական սահմանը բացուած տեսնել, կը կարծեմ` յառաջիկայ տարուան յունուար-փետրուար ամիսներուն այս առումով դրական զարգացումներ պիտի տեսնենք: Երեւանի մէջ այս մասին լրագրողներուն ըսած է «Քառնըկի» հիմնադրամի ներկայացուցիչ Կարօ Փայլան, որ կը մասնակցէր «Օրպելի Ֆորում. Կառուցելով խաղաղութիւն եւ բազմակողմանի համագործակցութիւն» խորագիրով քննարկման: Ան կ՛ենթադրէ, որ յունուարին այդ հարցին մէջ շատ լաւ զարգացումներ...

Մինչեւ Յաջորդ Տարուան Ապրիլ  Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Վերանորոգման  Աշխատանքները Պիտի Աւարտին

Մինչեւ Յաջորդ Տարուան Ապրիլ Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Վերանորոգման Աշխատանքները Պիտի Աւարտին

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ մեկնարկած վերանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին նախատեսուած ծրագիրով եւ պիտի աւարտին մինչեւ 2026 թուականի ապրիլ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` 2026 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի նախնական քննարկման ժամանակ Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու միացեալ նիստին այս մասին յայտարարեց կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան: «Ծիծեռնակաբերդին մէջ կ՛ընենք անհրաժեշտ աշխատանքները, որոնք կը շարունակուին: Ես ամէն շաբաթ կ՛այցելեմ յուշահամալիր` հետեւելու շինարարական աշխատանքներու...

Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան  Ցորեն Ուղարկուած Է

Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Ցորեն Ուղարկուած Է

Ազրպէյճանի տարածքով Հայաստան ցորեն ուղարկուած է: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: «15 վակոնէ բաղկացած գնացքը, որ կը տեղափոխէր 1048 թոն ցորեն, Ռուսիայէն Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի ճամբով ուղեւորուած է դէպի Հայաստանի Դալարիկ կայարան, ուր նախատեսուած է ատոր բեռնաթափումը», նշուած է լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած յայտարարութեան մէջ: Յիշեցնենք, որ 21 հոկտեմբեր 2025-ին Ղազախստան կատարած պետական այցելութեան ժամանակ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած...

Փաշինեան Էրտողանը Պաշտօնապէս Հրաւիրած Է  Մասնակցելու Երեւանի Վեհաժողովին

Փաշինեան Էրտողանը Պաշտօնապէս Հրաւիրած Է Մասնակցելու Երեւանի Վեհաժողովին

Ամրան Թուրքիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Հայաստանի վարչապետը Թուրքիոյ նախագահին պաշտօնապէս հրաւիրած է մասնակցելու Երեւանի մէջ 2026-ի գարնան կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին: Այս մասին Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց երէկ Երեւանին մէջ Օրպելի ֆորումի ժամանակ` յոյս յայտնելով, որ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կ՛ընդունի այս հրաւէրը: Էրտողանը եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը երեւանեան հաւաքին հրաւիրելու մասին քանի մը օր առաջ արտաքին գործոց նախարար...

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը

Ազրպէյճանցի Պետական Մեղադրողը Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Մեղքը Ապացուցուած Նկատեց

Ազրպէյճանցի պետական մեղադրողը Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան մեղքը ապացուցուած նկատած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ երէկ շարունակուած դատական նիստի ընթացքին ընդհանուր դատախազի առաջին օգնական Վիուսալ Ալիեւ յայտարարած է, թէ մեղադրեալներուն կը վերագրուին յանցագործութիւններ, որոնք սկսած են գործուիլ 1998 թուականէն մինչեւ 20 սեպտեմբեր 2023: «Հարցաքննուած են մեղադրեալները, տուժածներն ու վկաները: Իբրեւ մեղադրող կողմ` մենք կը...

Ալիեւ. «Չկայ Սեւանայ Լիճ, Կայ Գէօյչա Լիճ.  Այսօրուան Հայաստանի Տարածքին Մէջ Գրեթէ  Բոլոր Տեղանունները Ազրպէյճանական Ծագում Ունին»

Ալիեւ. «Չկայ Սեւանայ Լիճ, Կայ Գէօյչա Լիճ. Այսօրուան Հայաստանի Տարածքին Մէջ Գրեթէ Բոլոր Տեղանունները Ազրպէյճանական Ծագում Ունին»

Չկայ Սեւանայ լիճ, Կայ Գէօյչա լիճ: Այս մասին Ազրպէյճանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: «Գիտնականները արդէն այս նիւթով բազմաթիւ աշխատանքներ կատարած են, սակայն անհրաժեշտ է աւելին` հետազօտութիւններ, ցուցահանդէսներ, հրապարակումներ, պատմական քարտէսներ: «20-րդ դարու սկիզբին հին ռուսական կայսերական քարտէսները յստակ ցոյց կու տան, որ այսօրուան Հայաստանի տարածքին մէջ գրեթէ բոլոր տեղանունները ազրպէյճանական ծագում...

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք. «Իշխանութիւններուն  Կոչ Կ՛ուղղենք` Դադրեցնելու Եկեղեցւոյ Ներքին  Կեանքին Միջամտութիւնները, Ապահովելու Եկեղեցւոյ  Սպասաւորներու Անվտանգ Ու Խաղաղ Գործունէութիւնը»

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք. «Իշխանութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղենք` Դադրեցնելու Եկեղեցւոյ Ներքին Կեանքին Միջամտութիւնները, Ապահովելու Եկեղեցւոյ Սպասաւորներու Անվտանգ Ու Խաղաղ Գործունէութիւնը»

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան իր զօրակցութիւնը յայտնած է Էջմիածինին եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ կարգալոյծ հոգեւորականի մը կողմէ պետական իշխանութիւններու բացայայտ հովանաւորութեամբ իրականացուող քայլերը ոչ միայն անօրինական են եւ կը հակասեն եկեղեցական կանոնադրութեան, այլ նաեւ կը խաթարեն Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը, կը վիրաւորեն հաւատացեալներու զգացումները եւ կը վտանգեն ազգային ինքնութիւնն ու հոգեւոր արժէքները:...

Ըստ Թրքական Դիւանագիտական Աղբիւրի Մը.  Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի  Բացումը Առայժմ Չի Քննարկուիր

Ըստ Թրքական Դիւանագիտական Աղբիւրի Մը. Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի Բացումը Առայժմ Չի Քննարկուիր

Հայ-թրքական սահմանի բացումը առայժմ չի քննարկուիր: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը: Լրատու գործակալութեան զրուցակիցը միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցային հոլովոյթը կը շարունակուի: «Այս պահուս խօսքը յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին է եւ ոչ թէ սահմանի որոշակի բացման: Այդ հարցը կախեալ պիտի ըլլայ գործընթացէն, տակաւին որոշակի ժամկէտներ չկան», ըսած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի...

Ըստ «Փաստ»-ի  Թրամփ Կրտսերը Հայաստան Պիտի Այցելէ

Ըստ «Փաստ»-ի Թրամփ Կրտսերը Հայաստան Պիտի Այցելէ

«Փաստ» օրաթերթը կը գրէ. «Մեր ունեցած տեղեկութիւններով, 12 նոյեմբերին Հայաստան պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որդին` Թրամփ կրտսերը: Ըստ մեր աղբիւրներուն, այցելութեան նպատակները կը ներառեն առեւտուրի հետաքրքրութիւններ, իշխանութիւններու տարբեր շրջանակներու հետ հանդիպումներ»: «Առայժմ յայտնի չէ` Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպում նախատեսուա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Հաւանական կը նկատուի, որ այցելութիւնը կազմակերպած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նշանակուած դեսպան...

Ձերբակալուած Են Գարեգին  Բ. Կաթողիկոսի Եղբայրը Եւ Անոր Որդին

Ձերբակալուած Են Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Եղբայրը Եւ Անոր Որդին

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եղբայրը` Գէորգ Ներսիսեանը եւ անոր որդին ձերբակալելու որոշում տրուած է, յայտնած է փաստաբան Արա Զոհրաբեան: Քննչական կոմիտէի բանբեր Կիմա Ավդալեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած է, որ քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին 2 անձի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում` Քրէական օրէնսգիրքի 211-րդ յօդուածով (քարոզչութիւն կատարելու կամ քարոզչութիւն կատարելէ հրաժարելու հարկադրելը կամ քարոզչութիւն կատարելուն այլ ձեւով խոչընդոտելը):...

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Պաքուի մէջ աւարտած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ միւս գերիներու դատավարութիւնը: Յաջորդ դատական նիստը նշանակուած է 3 նոյեմբերին: Մեղադրող կողմը հանդէս պիտի գայ ճառով: Տակաւին չէ աւարտած միայն Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը: Այդ նիստերը կ՛ընթանան անկախ լրատուամիջոցներու եւ միջազգային կառոյցներու բացակայութեամբ:    

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարական Աշխատանքները Կը Մօտենան Աւարտին»  Կ՛ըսէ Հաճիեւ

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարական Աշխատանքները Կը Մօտենան Աւարտին» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

«Զանգեզուրի միջանցք»-ի (ԹՐԻՓՓ, «Ա.») Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին վրայ կատարուող շինարարական աշխատանքները կը մօտենան աւարտին: Այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ: «Ազրպէյճան տեղւոյն վրայ բարդ աշխատանքներ կը կատարէ շրջանային փոխադրամիջոցային եւ գումակային կապ հաստատելու համար», յայտարարած է Հաճիեւ: Ազրպէյճանի նախագահի յանձնարարականներուն համաձայն, երէկ երկրին մէջ հաւատարմագրուած աւելի քան 50 դեսպանատուներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարները այցելեցին Մեխակաւանի եւ...

Անի Զալինեան` Նետերլանտներու  Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը

Անի Զալինեան` Նետերլանտներու Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը

Նետերլանտներուն մէջ 29 հոկտեմբերին տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Անի Զալինեան ընտրուած է երեսփոխան` դառնալով երկրի պատմութեան մէջ առաջին հայ երեսփոխանը: Անոր շնորհաւորանքներ յղած են «Աբովեան» մշակութային միութիւնը, FAON-ը, ինչպէս հայկական այլ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ: Անի Զալինեան առաջադրուած էր GroenLinks-PvdA դաշինքին կողմէ:  

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու  Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին

ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան յայտնած է, որ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան պատգամաւորները դէմ քուէարկած են Արցախի բռնի տեղահանուածներու վերադարձի իրաւունքը պաշտպանող առաջարկին: Խաչատրեանի համաձայն, Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի նիստի ընթացքին իր, ինչպէս նաեւ պատգամաւորներ Աննա Գրիգորեանի, Էլինար Վարդանեանի, Հայկ Մամիջանեանի եւ Եւրոպական խորհրդարանի երկու ընկերվարական պատգամաւորներու միասնաբար ներկայացուցած փոփոխութեան առաջարկը նպատակ ունէր պահանջել Ազրպէյճանէն` ապահովել արցախցիներու...

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ  Զինուորական Ծառայութեան  Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Զինուորական Ծառայութեան Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին

Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը կէս տարիով կրճատելու նախագիծին: Նախագիծը ներկայացուցած պաշտպանութեան փոխնախարար Արման Սարգսեան տեղեկացուց, որ ձմեռնային զօրակոչը կը նախատեսեն սկսիլ 7 յունուարէն: Այսինքն` եթէ օրէնսդրական փոփոխութիւնները Ազգային ժողովին մէջ ամբողջութեամբ ընդունուին, արդէն այս ձմրան երիտասարդները բանակ պիտի զօրակոչուին 1,5 տարիով: Փոփոխութիւնները, սակայն, յետադարձ ուժ պիտի չունենան, այս պահուն զինուորականները բանակին մէջ կը ծառայեն 2 տարի:  ...

Ըստ  Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը

Ըստ Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը

Ազրպէյճանի նախագահը պիտի չմեկնի Երեւան` Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին մասնակցելու համար: Ազրպէյճանական կառավարամէտ «Քալիպըր» կայքը` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, կը հաղորդէ, որ Ալիեւ մերժած է Հայաստանի հրաւէրը` մասնակցելու Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 2026 թուականի գարնան, Երեւանի մէջ: Մերժումին իբրեւ բացատրութիւն կը տրուի այն իրողութիւնը, թէ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը տակաւին վերջնականապէս չէ ստորագրուած: Յիշեցնենք, որ...

Page 3 of 697 1 2 3 4 697

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?