Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրամով. «44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Մաքրոն Սպառնացած Է, Որ Պիտի Ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղը»

Նոյեմբեր 10, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

44-օրեայ պատերազմի սկսելէն ետք Ազրպէյճանի վրայ քաղաքական-դիւանագիտական ճնշումներ սկսան գործադրուիլ, եւ զինուորական յաջողութիւններու հասնելուն պէս այդ ճնշումները երկրաչափական ընթացքով աւելցան եւ նոյնիսկ վերածուեցան սպառնալիքներու: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:

Անոր համաձայն, այդ օրերուն Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն բազմիցս հեռաձայնած եւ սպառնացած է Ազրպէյճանին:

«Ֆրանսայի նախագահը ըսած է. «Պէտք է անյապաղ կանգ առնէք»: Իբրեւ թէ, եթէ ատիկա տեղի չունենայ, Ֆրանսան պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղը: Եւ անմիջապէս պատասխան ստացած է Ազրպէյճանի նախագահէն, որ ընդգծած է, թէ ֆրանսական կողմը կրնայ ատիկա ընել, սակայն մեզի համար ատիկա ոչինչ պիտի փոխէ: Եւ որ անոնք կրնան վստահ ըլլալ, թէ Ազրպէյճան անմիջապէս պիտի խզէ Ֆրանսայի հետ բոլոր դիւանագիտական յարաբերութիւնները», ըսած է Պայրամով` բացայայտելով Ալիեւի պատասխանը Մաքրոնին:

Պայրամով «Այ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Ալիեւի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջին հաղորդակցութիւնը վերջինիս իշխանութեան գալէն ետք տեղի ունեցած է Տուշանպէի մէջ սեպտեմբեր 2018 թուականին: Այդ ժամանակ Ալիեւ յայտարարած էր, որ խնդիրը պէտք է լուծուի, եւ որ «ազրպէյճանական հողերը պէտք է ազատագրուին»:

Պայրամովի համաձայն, Փաշինեանի այդ ժամանակուան դիրքորոշումը բաւական կառուցողական էր. ան ըսած է. «Ես նոր իշխանութեան եկած եմ եւ պիտի ձեռնարկեմ անհրաժեշտ քայլերը` տագնապը լուծելու համար»: Ան խնդրած է դադրեցնել սահմանին վրայ կրակոցները` տագնապը լուծելու համար:

«Գտնուելով Տուշանպէի մէջ` Ալիեւ պաշտպանութեան նախարարութեան յանձնարարած է ապահովել լիակատար խաղաղութիւն եւ կայունութիւն բոլոր ուղղութիւններով: Նիկոլ Փաշինեանի հետ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է երկու երկիրներուն միջեւ ուղիղ կապի գիծ կազմակերպելու վերաբերեալ, եւ այդ գիծը ստեղծուած է, որպէսզի լարուածութեան պարագային կողմերը կարենան անյապաղ քայլեր ձեռնարկել կայունութեան ապահովման համար», ըսած է Պայրամով:

Ըստ անոր, 29 մարտ 2019-ին Վիեննայի մէջ արդէն յայտնի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդութեամբ տեղի կ՛ունենայ Ազրպէյճանի նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի հերթական հանդիպումը: Նիկոլ Փաշինեան այդ հանդիպման ժամանակ ամբողջովին կը փոխէ իր դիրքորոշումը, բացայայտ կը յայտարարէ, որ ինք չի կրնար այդ հարցը լուծել, եւ զայն պիտի չլուծէ:

«Ան շատ հետաքրքրական փաստարկ կը բերէ. «Եթէ ես ատիկա ընեմ, զիս կը սպաննեն»: Ալիեւ անոր կը պատասխանէ. «Ես ընդհանուր առմամբ ոչ ոքի մահը կ՛ուզեմ, սակայն ատիկա ոչ մէկ ձեւով «ազրպէյճանական հողերու շարունակուող բռնագրաւումին համար» արդարացում կրնայ ըլլալ», ըսած է Պայրամով:

 

Նախորդը

Ուրալօղլու. «Պաքուի Համաձայնութեան Պարագային Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Նախարարներու Հանդիպում Կրնայ Կազմակերպուիլ»

Յաջորդը

Հայաստանի Նախաձեռնութեամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Որդեգրած Է Փոքր Կղզի Զարգացող Պետութիւններու Միջազգային Օր Հռչակելու Մասին Բանաձեւը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Եկեղեցւոյ Դէմ Արշաւը Ծրագրուած Պայքար Է Մեր Ազգային Ինքնութեան Դէմ»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Եկեղեցւոյ Դէմ Արշաւը Ծրագրուած Պայքար Է Մեր Ազգային Ինքնութեան Դէմ»

Նոյեմբեր 10, 2025
Էրտողան. «Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի, Հայաստանի  Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի  Ընդլայնումը Դրական Ազդեցութիւն  Պիտի Ունենայ Շրջանային Առեւտուրին Վրայ»
Հայկական

Էրտողան. «Կը Գնահատենք Ալիեւի Անկեղծ Ջանքերը Եւ Կ՛ողջունենք Փաշինեանի Խիզախ Քայլերը

Նոյեմբեր 10, 2025
Հայաստանի Նախաձեռնութեամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Որդեգրած Է Փոքր Կղզի Զարգացող Պետութիւններու Միջազգային Օր Հռչակելու Մասին Բանաձեւը
Հայկական

Հայաստանի Նախաձեռնութեամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Որդեգրած Է Փոքր Կղզի Զարգացող Պետութիւններու Միջազգային Օր Հռչակելու Մասին Բանաձեւը

Նոյեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?