Մեր խմբագրականներուն եւ առաջնորդող ակնարկներուն յատկանիշը ընդհանրապէս քաղաքագիտական-վերլուծաբանական է: Նման գրութիւններ ընդհանրապէս նկատի կ՛ունենան մասնագիտական բառապաշարի օգտագործումը: Եւ երբ տուեալ եզրաբանութեան համարժէք բառը հայրենիքի մէջ կատարուած բառակերտումներով կը հայանայ, այդ պարագային, մեր ըմբռնումով, որեւէ արգելք չկայ զայն արեւմտահայերէնի մէջ եւս օգտագործելու: Բոլորիս համար պարզ է, որ լեզուն զարգացող հասկացողութիւն է, եւ երբ արեւմտահայերէնը չունի համապատասխան եզրաբանական գերատեսչութիւն, որ բառակերտում կատարէ, այդ պարագային պէտք է օրինաչափ նկատել հայրենիքի մէջ գործածուածը եւ զայն ներածել արեւմտահայերէնի մէջ: Այս մէկը լեզուագիտական գիտաժողովի նիւթ է եւ չի կրնար ամփոփուիլ այս սիւնակի սահմաններուն մէջ: Այստեղ եւս պէտք է նկատել, որ լիբանանեան թեման բազմաթիւ անգամներ ներկայ եղաւ միեւնոյն սիւնակներուն մէջ, յատկապէս երբ անհրաժեշտութիւն զգացուեցաւ ստեղծուած ճգնաժամին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի դիրքորոշումները վերլուծական հայեացքով ներկայացնելու:
Չենք ժխտեր, որ աքիլէսեան կրունկը կը շարունակէ մնալ լեզուական խնդիրը. միաժամանակ սակայն, պէտք է այստեղ նշել, որ լեզուագիտական մարզին մէջ հեղինակութիւն եղողի մը կատարած սրբագրութիւնը անպայման չի բաժներ միեւնոյն յատկութիւններով օժտուած այլ լեզուագէտ մը եւ նման պարագաներու չկայ այն հասցէն, արեւմտահայերէնի այն յանձնաժողովը, որ վճռէ նոյն բառի ուղղագրութեան տարբեր մօտեցումները:
Տպագիր թէ ելեկտրոնային էջերուն վրայ բազմաթիւ են այն յօդուածները, այն տեսակէտները, որոնք ո՛չ միայն հաշտ չեն մեր ընդհանուր վարքագծային մօտեցումներուն, այլեւ երբեմն նոյնիսկ տրամագծօրէն հակոտնեայ: Այո՛, պատահած է, որ որոշ յօդուածներ ընդհանրապէս չարժանանան տպուելու որոշումին, այլ յօդուածներէ սղումներ կատարուին, ուրիշներ ալ խմբագրական բացատրութեամբ յանձնուին թուղթին: Անհպելի մնացած են նաեւ կայքին վրայ եղած տեսակէտներու ճամբով կատարուած թէ ֆէյսպուքի էջին ճամբով յայտնուած զանազան տեսակէտներ, եթէ անշուշտ չեն հատած պատշաճութեան սահմանը: Նոյնիսկ «Ազդակ»-ի հասցէին կատարուած մեղադրական խօսքերը պահուած են նոյնը. անոնցմէ ոմանց տրուած է պատասխան-բացատրութիւն:
«Ազդակ»-ի արագ լրահոսի (էփի) բաժինը ստանձնած են մեր խմբագիրները: Մենք եւս անդրադարձած ենք, որ ոչ արձակուրդային օրերը միեւնոյն արագակշռոյթ թափով չեն տեղար լուրերը. ընդհանրապէս նման բաժանմունք կը գործէ առընթեր խմբագրակազմին. մեր պարագային, թէ՛ մարդուժի եւ թէ՛ նիւթական հնարաւորութիւններու պատճառով մեր խմբագիրները իրենք վերցուցած են այս բաժինի աշխատանքը. պէտք է նկատելի եղած ըլլայ, թէեւ ոչ նոյն կշռոյթով, այսուհանդերձ շաբաթավերջի կամ արձակուրդի օրերուն եւս հիմնական լուրերու թողարկումը, այն ալ բաւական ուշ կամ կանուխ առաւօտեան ժամերուն:
Արեւելահայերէնի կամ ընդհանրապէս ռըփորթաժային նիւթերու եւ ինքնուրոյն յօդուածներու ուղղութեամբ արձակուած սլաքները յաճախ լսած ու զգացած ենք: Այսօր հայաստանեան շատ կարեւոր նիւթեր, լրագրական բարձր որակով պատրաստուած հրապարակումներ արագ արձագանգում ապահովելու համար, ուղղագրութեան փոփոխութեամբ կ՛արտատպուին մեր էջերուն մէջ. յաճախ անոնցմէ ոմանք ուղարկուած են յատուկ «Ազդակ»-ին, ինչ որ կը նշանակէ տուեալ յօդուածագիրին կողմէ «Ազդակ»-ին տրուած նախապատուութիւնը առաջին անգամ տպուելու առումով: Պատահած է նաեւ, որ յօդուածագիրներ խնդրած ըլլան մեր խմբագիրներէն, որ նիւթը տպուի բնագրային հարազատութեամբ, միայն ուղղագրութիւնը դասականացնելով: «Ազդակ»-ին մօտէն հետեւողները նիւթերու իմաստով նկատած պիտի ըլլան, որ եթէ մէկ կողմէ կը բացակային ռըփորթաժային լրագրական ակնկալուած չափի երեւումները, միւս կողմէ ակնյայտ է թէ՛ նորութիւններու մատուցումը, թէ՛ լրագրական ոճով էջերու խմբագրումը եւ թէ՛ գաղափարական-գաղափարաբանական կամ միջազգային ու թուրքեւազրպէյճանական քաղաքական գործընթացներու մասին արդէն կայացած երիտասարդ յօդուածագիրներու ներկայութիւնը: Այս երիտասարդ յօդուածագիրներու հաւաքագրման եւ մնայուն աշխատակիցի վերածուելու քաջալերանքն ու մղումը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէէն` նպաստեցին «Ազդակ»-ի էջերուն նոր շունչով վերաթարմացման:
Կ՛անդրադառնանք, որ մարզական էջի բովանդակութիւնը չի յագեցներ մարզասէր ընթերցող հասարակութիւնը: Մարզաձեւերու առատութեան, մրցումներու գերխճողուած ժամանակացոյցը եւ տակաւին տեղական, համայնքային, եւ միջազգային այս մարզին մէջ լրատուահոսքին դիմաց շատ նեղ ու սահմանափակ են օրական մէկ էջի սահմանները:
Տպագրական որակի բարելաւումը նկատուած է յատկապէս սեւ-ճերմակ տարբերակներուն պարագային: Գունաւորը որակական բարձրացում ունենալով հանդերձ տակաւին տեղ ունի բիւրեղանալու: Առանց հաստատ եզրակացութիւն ընդգծելու, այս ուղղութեամբ պէտք է յաւելեալ քայլերու ձգտինք:
Ուշացման պարագաները կապուած են վերջին ժամու լուրերը ներառելու կամ միեւնոյն օրը համայնքի մակարդակով տեղի ունեցած բազմաթիւ ձեռնարկներու լուսաբանումները հրամցնելու եւ գունաւոր թիւ հրատարակելու հեւքին: Բայց ասոնք բացատրութիւններ են պարզապէս. պարտաւոր ենք նեղ ժամանակի մէջ տեղաւորուելով լուծել այս խնդիրը:
Պարզ է, որ ծանուցողական պատուէրով հրատարակուող գունաւոր թիւերու առաջնային նպատակը ֆինանսական է: Գործնական լուծումը բովանդակային համաչափութիւնը պահելու, այդ օրերը յաւելեալ էջեր հրատարակելն է, որ այլապէս դժուարութիւններ կը յարուցէ, բայց որուն մասին պէտք է մտածել:
Բոլոր մատնանշուած հարցերուն պատասխանը չի տար անշուշտ խմբագրաշարքի այս թիւը: Բնականաբար կան նաեւ այլ խնդիրներ. «Ազդակ» կը շարունակէ ընդունիլ կառուցողական քննադատութեան ամէն մէկ հրապարակային գրութիւն: