Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սահմանափակող-Սահմանափակուող Գլխաւոր Խաղցողն Ու Գործիքը

January 30, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահը միայն օրեր առաջ բացատրելով «Ձիթենիի ճիւղ» զինուորական ներխուժման նպատակը` կը յայտարարէր. «Մընպեժը պիտի ձերբազատենք ահաբեկիչներէն… որովհետեւ անոնք անոր իսկական տէրերը չեն, այլ անոր իսկական տէրերը մեր արաբ եղբայրներն են: Մեր գործողութիւնները պիտի շարունակենք հասնելով մինչեւ իրաքեան սահման` վնասազերծելու համար բոլոր ահաբեկիչները»:

Միայն օրեր ետք` երէկ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը հաղորդէր, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը սահմանափակ է, եւ անոր թիրախը Աֆրինի շրջանին մէջ գտնուող ահաբեկիչներն են:

Անգարայի կողմէ իբրեւ թէ Սուրիան ահաբեկչազերծելու քաղաքականութեամբ արդարացուող ներխուժումը էութիւն եւ ուղղութիւն սկսած է փոխել երեւութապէս: Իսլամական ժիհատի, ահաբեկչազերծման, քրտական գործօնի չէզոքացման դրօշներուն ներքեւ մղուող պատերազմը մղելով` Անգարան ըստ էութեան իր հին յանկերգն է, որ կը փորձէ իրականութեան վերածել: Անվտանգութեան գօտիներու ստեղծման Անգարայի ծրագիրը, որ միշտ կը մերժուէր միջազգային համաժողովներուն, հիմա գետնի վրայ առարկայացման փուլեր կ՛արձանագրէ:

Անվտանգութեան գօտիի սահմանագծումը դիւրին չ՛ընթանար: Որքան ալ համաձայնեցուած եւ թոյլատրուած ներխուժում ըլլայ դէպի Աֆրին թրքական զօրքերու տեղաշարժը, այնուամենայնիւ որոշ գօտիներու մէջ մէկ քայլ առջեւ երկու քայլ ետեւ տեղապտոյտները տեսանելի կը դառնան:

Երբ այդ սահմանափակման մասին ակնարկութիւն կը կատարէ պաշտօնական Անգարան, խորքին մէջ անիկա թրքական ուժերուն պարտադրուած սահմանափակում մըն է: Քրտական զինեալ խմբաւորումները այնքան մը պիտի չչէզոքացուին, որ Անգարան կարենայ իր առաջադրած գօտիները իր վերահսկողութեան տակ առնել: Միաժամանակ սակայն, Սուրիոյ տարածքին քիւրտերու աշխարհագրական միաւորումը տեղի պիտի չունենայ, որպէսզի իրողապէս ինքնավար իրավիճակը կայացման միտումներ չպարզէ:

Ուժերու հաւասարակշռումի այս խաղի կանոնները որոշ առումով կը թելադրէ գլխաւոր խաղացող Ռուսիան, որ ահաւասիկ ստանձնած է միջնորդութիւնը քրտական ուժեր-Դամասկոս բանակցութիւններու գործընթացին:

Այդ բանակցութիւնները կը նպատակադրեն Աֆրինի վերահսկողութիւնը յանձնել պաշտօնական Դամասկոսին:

Եթէ ատիկա իրականանայ, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանուի մինչ այդ պատահածը: Անգարան կանաչ լոյս կը ստանայ Մոսկուայէն սկսելու ներխուժման գործողութիւնը: Համեմատաբար արագ ներխուժման կը յաջորդեն լուրջ դիմադրութիւններ: Կը վերագրաւուին դիրքեր, որոնք քիւրտերը կորսնցուցած էին: Քիւրտ-թուրք պատերազմը որոշ տեղեր կը կերպարանափոխուի եւ կը վերածուի կառավարական  եւ անոնց յենած ժողովրդային ուժերու  եւ սուրիական ընդդիմադիր ուժերու միջեւ ընդհարումներու: Կտրուկ կշռոյթներով կը գրաւուին, կը կորսնցուին եւ կը վերագրաւուին կարեւոր դիրքեր:

Այս բոլորին զուգահեռ միայն օրերու տարբերութեամբ թրքական յոխորտանքները մինչեւ իրաքեան սահման ներխուժումը ծաւալելու կը վերածուին սահմանափակուելու որոշումներու: Մինչ, քաղաքական բանակցային գործընթացը թէ՛ Աֆրինի ճակատագիրը ճշդելու տեղական առումով եւ թէ՛ Սոչիի բանակցութիւնները դարձեալ գլխաւոր միջնորդի նախաձեռնութեամբ` Սուրիոյ տագնապի հանգուցալուծման ուղիներ ճշդելու, տեղի կ՛ունենան միեւնոյն օրերուն:

«Ա.»

Նախորդը

Արմէն Սարգսեանը Հանդիպում Ունեցած Է ՀՅԴ Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (30 Յունուար 2018)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.