Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «Ձիթենիի Ճիւղ»-ի Արտօնուած Ծլարձակումները

January 23, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը պատերազմական ոճի կայծակնային բռնկումով կամ յանկարծակիութեան գործօնով չէ բնութագրուած: Երկար ատենէ ի վեր նախապատրաստութիւն, զօրքերու կուտակում, ազդանշանի յայտարարութիւն, նպատակի բանաձեւում եւ ապա նոր ներխուժման քայլեր:

Որքան ալ լարուած իրավիճակի կապուելով սպասելի ըլլայ հակամարտութիւններու պարագային ռազմական բախումներու մեկնարկը, այնուամենայնիւ հակառակորդը անակնկալի բերելու եւ գործողութիւնները մետասաներորդ պահուն սկսելու գործնականութիւնը բազմիցս դրսեւորած է ինքզինք տարբեր միջավայրերու մէջ եւ տարբեր ժամանակներու ընթացքին:

Աֆրինի ուղղութեամբ Անգարայի առած քայլը ո՛չ միայն հեռու է յանկարծակիութեան գործօնի տեսութենէն, այլեւ նախքան մեկնարկը այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ  թիրախին առընթեր կ՛ուզէ ուշադրութիւնը գրաւել համայն աշխարհին, կամ աւելի ճիշդը` միջազգային հանրային կարծիքին:

Սուրիական պատերազմի ապրած անդադար ձեւափոխումներուն հերթական արարն է, որ տեղի կ՛ունենայ` ռազմական գործողութիւնները տեղափոխելով թուրք-քրտական հակամարտութեան հարթութիւն:

Այս երկարատեւ նախապատրաստութիւնը անշուշտ միայն ռազմական ոլորտի եւ զինուժի կուտակման չի վերաբերիր: Զուգահեռ, կար ներխուժումը համաձայնեցնելու խնդիր տարբեր կողմերու հետ: Իսկ քաղաքական նախապատրաստութիւնը «Ձիթենիի ճիւղ»-ին հետեւեալ դիտակէտերուն շուրջ կը զարգացնէ վերլուծական փորձը:

Դամասկոս-Անգարա յայտարարողական հարթութեան վրայ արձանագրուած ելեւէջներու վերջին փուլը թշնամական ոճաբանութեան վերադարձով յատկանշուած էր: Անգարան կը վերյիշեցնէր Ասատի վարչակարգի տապալման նախապայմանականութիւնը, մինչ պաշտօնական Դամասկոսը կ՛ազդարարէր, որ անհետեւանք պիտի չմնայ Անգարայի կողմէ սուրիական տարածքներու ուղղութեամբ կատարուած որեւէ զինուորական ոտնձգութիւն:

Բնականաբար Դամասկոսի հակահարուածի կանաչ լոյսը պիտի գար Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ռուսական զօրաբանակի հրամանատարութենէն: Իսկ այստեղ կը շարունակուի արդէն քաղաքական իրադրութիւններու շղթայական կապի տրամաբանութիւնը: Սպառնալիքի յայտարարութիւնը ռազմական գործնականութեան վերածելը կամ ձեւական հակահարուածէն ուղղակի հակայարձակողականի անցնիլը (կամ չանցնիլը) կը նախագծէին խաղի կանոններու ընդհանուր սահմանները:

«Ձիթենիի ճիւղ»-ը թոյլատրուած գործողութեան  դաշտի մէջ դիտարկելի երեւոյթ է, այն առումով, որ Սուրիոյ մէջ տեղակայուած այլ գլխաւոր խաղացողի` Թեհրանի նախազգուշացումները կամ այս առիթով դրսեւորուած անհանգստութիւնը զուսպ է եւ ըստ էութեան չ՛արգելակեր կամ չի կանխարգիլեր ներխուժման իրականացումը:

Մինչ Ուաշինկթըն, Սուրիոյ քիւրտերուն նկատմամբ կ՛որդեգրէ Իրաքի քիւրտերուն ուղղութեամբ որդեգրած դիրքորոշումներու յարափոփոխ  նման պահուածք: Որոշ, սահմանափակ կտրուածքով արտօնել քիւրտերուն խաղաթուղթի կարգավիճակ ձեռք բերելու գործընթացները:

Հակաահաբեկչական պայքարի միջազգային կարգախօսի եւ նորաձեւ եզրերու որդեգրումով Անգարան կը փորձէ միջազգային հանրութիւնը համոզել, որ մարդկութեան դէմ լուրջ սպառնալիքի դէմ պատերազմն է, որ կը մղէ:

Ճիշդ է, որ քրտական գործօնի սահմանափակման համար շահերու համատեղման կէտեր կ՛երեւին ձիթենիի ճիւղերու արտօնուած ծլարձակումներուն մէջ: Աւելի վերէն օգտագործուած մանրադիտակային տեսողութիւնը կը նշմարէ, որ սահմանափակ շրջագիծեր կան նաեւ Անգարայի շարժումներուն համար եւ թոյլտուութիւն պահանջող քայլեր: Որոնց շարքին նաեւ «Ձիթենիի ճիւղ»-ը:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հանդիպումը Փարիզի Քաղաքապետին Հետ

Յաջորդը

Ուաթֆորտ Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.