Աւանդութիւն դարձած տարեփակի խոհերու կարգով, անգամ մը եւս այս սիւնակներուն մէջ կը տեղաւորենք «Ազդակ»-ի միամեայ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, իրագործումները, բացթողումները եւ յառաջիկայ տարուան կարեւորագոյն ծրագիրներու նախանիշերը:
«Ազդակ»-ի 90-ամեակի նշումը յոբելենական հանդիսութիւններէն աւելի, մեզ մղեց մնայուն հետք ձգելիք որոշ ծրագիրներ իրականացնելու հրամայականին ուղղութեամբ աշխատելու:
Մեր առաջին առաջադրանքը եղաւ հրատարակել յատուկ բացառիկ հատոր մը, որ կարելիի սահմաններուն մէջ պիտի հաւաքէր «Ազդակ»-ի պատմութեան հետ առնչուած նիւթեր, հիմնական լուսանկարներ, «Ազդակ»-ի անցած 90-ամեայ ուղիի կարեւորագոյն փուլեր, «Ազդակ»-էն անցած տնօրէնններու, խմբագիրներու, աշխատակիցներու կամ ընդհանրապէս անձնակազմին մաս կազմած եւ տարբեր բաժանմունքներու մէջ գործած անհատներու անուանացանկը:
Հատորի բովանդակութիւնը ունեցաւ հիմնականին մէջ արխիւային, յուշագրական, հարցազրուցային, վկայութիւններու եւ ողջունագրային բաժիններ: Իբրեւ մեթոտաբանութիւն, անկախ բովանդակութեան նախագիծն ու առանցքը բացատրող նամակ-դիմումներէն, խմբագրութիւնը դիմեց նաեւ նախկին տնօրէններու, պատասխանատու խմբագիրներու, որպէսզի իրենց հետ կայանալիք զրոյցներու ճամբով փոխանցեն այն ինչ որ իբրեւ յուշ, առաջադրանք, իրականացած գործունէութիւն կրնային հարստացնել հատորը:
Այդպէս ալ եղաւ, կարելիի սահմաններուն մէջ, խմբագրութիւնը հրատարակութեան յանձնեց այդ բոլորը. փաստօրէն ընթերցողը այնտեղ գտաւ «Ազդակ»-ի պատմականն ու ներկան` նկարագրականներով, վերլուծումներով, յուշերով: Բազմահարիւր անհատ նշած անուանացանկը ամիսներ տեղադրուած մնաց համացանցի վրայ եւ յատուկ տարածում գտաւ դիմումը` այդ ցանկը համալրելու: Ճշդումներ, յապաւումներ, նոր անուններ եկան համալրելու եւ վերջնական տեսքի բերելու «Ազդակ»-էն անցած մամուլի գործիչներու եւ աշխատակիցներու անուանացանկը:
Յաւակնութիւնը չունինք անշուշտ «Ազդակ»-ի ամբողջական պատմութիւնը ներկայացնող հատոր մը ընթերցող հասարակութեան տրամադրութեան տակ դնելու: Բայց…
Աշխատանքի առընթեր մեր խմբագիրները համոզուեցան, որ այն ինչ որ կը պակսէր մեզի իբրեւ արխիւային նիւթ, այն ինչ որ ամէն օր «Ազդակ»-ի էջերուն հրատարակուած սիւնակներէն դուրս մնացած էր ու չէր գրուած, այն ինչ որ իբրեւ լուսանկար չէր հրատարակուած «Ազդակ»-ի էջերուն, տակաւի՛ն` այն ինչ որ չէր պատմուած նախորդ տնօրէններու եւ պատասխանատու խմբագիրներու կողմէ.. կամ` այն ինչ որ նեղ շրջանակներու մէջ իբրեւ քաղցր յիշատակ պատմուած էր, բայց թուղթին չէր յանձնուած շարունակելու համար` այն ինչ որ այսօր իբրեւ յիշողութիւն կար, բայց վաղը կրնար կորսուիլ, այս բոլորը համատեղուեցան, խմբագրուեցան եւ լոյսին եկան:
Այլ խօսքով, մամուլի պատմութեամբ զբաղող ոեւէ մատենագէտ, սփիւռքահայ մամուլի պատմութիւնը խմբագրելու համար այսօր իր տրամադրւթեան տակ ունի «Ազդակ»-ի 90-ամեայ գործունէութեան մասին շատ կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցող անշրջանցելի հրատարակութիւն մը: Իսկ այդ հրատարակութիւնը արդէն մամուլի մատենագիտական աշխատանքներուն համար, տարբեր գիտաշխատողներու կողմէ նկատուեցաւ, ու տակաւին կը նկատուի անպայման, սկզբնաղբիւր:
Խմբագրական խորհուրդին համոզումով այս հրատարակութիւնը փրկութեան աշխատանք մըն էր. փրկելու` բանաւորը, յուշը, լուսանկարը, կարեւոր փուլերու իրագործումներն ու դժուարութիւնները, նոյնիսկ մամուլի աշխատակիցներու նկարագրային գիծերու թողած ազդեցութիւնը աշխատանքին վրայ: Տնօրէններ, խմբագիրներ, աշխատակիցներ, տարբեր բաժիններու անձնակազմեր, որոնց անմնացորդ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք 90 տարիէ ի վեր ամէն օր լոյսին կու գայ «Ազդակ»-ը:
«Ազդակ»-ի համար կարեւորագոյն առաջադրանք էր քանի մը տարի առաջ սկսած արխիւի ամբողջական թուայնացումը, որ պէտք էր իր լրումին հասցնել 90-ամեակին: Այս մասին օրը-օրին հաղորդած էինք մեր ընթերցողներուն, նշելով արխիւի հաւաքածոյին մէջ պակսող թիւերը` թուականներով, մանրամասնութիւններով: Կարելի ամբողջացումը, տարբեր գրադարաններէ մեզի ուղարկուած, մեր մօտ պակսող համարներու նկարահանումները համալրեցին մեր թուային արխիւը: Համալրման միտող այս աշխատանքը կարելի է փակուած նկատել` տրուած ըլլալով, որ ընդամէնը մէկուկէս տարուան ժամանակի վրայ երկարող պակսող թիւերը որեւէ տեղ չգտնելով (գէթ այս պահու դրութեամբ) կ՛ենթադրենք, որ անոնք չեն հրատարակուած (մանաւանդ նկատի ունենալով Համաշխարհային Բ. պատերազմի զուգադիպելու փաստը):
Այս աշխատանքին զուգահեռ նկարահանուեցան եւ թուայնացան հնատիպ այլ մամուլի որոշ թիւեր, բոլորն ալ` օրաթերթով ներկայացուած. մինչ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանին հետ մեր գործակցութիւնը յանգեցաւ նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան (1918-1921) օրերուն լոյս տեսած մամուլի թուայնացման: Այս ալ «Ազդակ»-ի մասնակցութիւնն էր Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի ընդհանուր աշխատանքներուն:
Դիմումներն ու հարցումները բազմաթիւ են, թէ ե՞րբ հանրութեան եւ ուսումնասիրողին հասանելի պիտի դառնայ ամբողջական արխիւը: Մինչ, տարբեր հայագիտական կեդրոններ թէ ազգային հաստատութիւններ վճարումի դիմաց կը ստանան «Ազդակ»-ի ամբողջական եւ թուայնացուած հաւաքածոն:
Նկատի ունենալով, որ թուայնացման այս աշխատանքը հասկնալիօրէն իրականացաւ որոշակի գումարով, հաւաքածոները նախ եւ առաջ պիտի տրամադրուին արխիւային կեդրոններու, հայագիտական ամպիոններու եւ ազգային հաստատութիւններու: Մինչ, խմբագրատուն այցելողները կրնան օգտուիլ ելեկտրոնային արխիւէն: Արդէն իսկ, ուսանողներ թէ հետազօտողներ կ՛այցելեն խմբագրատուն եւ իրենց աւարտաճառերուն եւ աշխատասիրութիւններուն համար մեծապէս կ՛օգտուին արխիւէն:
Թուայնացման բաժանմունքի աշխատանքը այստեղ չ՛աւարտիր անշուշտ: «Ազդակ» պիտի շարունակէ ընդունիլ մամուլի այլ ներկայացուցիչներու դիմումները` ստանձնելու եւ որոնման համակարգով թուայնացնելու անոնց հաւաքածոները: Հեռանկարային առումով «Ազդակ» մեկնարկած է արդէն ելեկտրոնային գրադարան ունենալու ծրագիրը, որուն հիմնական բաժինը պիտի ըլլայ հայկական մամուլը, բայց նաեւ սկսելու համար` հնատիպ գիրքերու ելեկտրոնային տարբերակները:
Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով Ս. Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» հատորի թուայնացումն ու օրին յայտարարուած գիրքերը այս հեռանկարին համար իրագործուած առաջին աշխատանքներն են:
Կը գիտակցինք, որ ժամանակները ճշդած են թուային ռազմավարութեան աշխատելաեղանակները եւ ամէն կազմակերպութիւն, հաստատութիւն, կառոյց կ՛ուղղուի ո՛չ միայն արխիւները, այլ նաեւ ընդհանրապէս աշխատանքային համակարգը այս դաշտին մէջ տեղաւորելու եւ նորարար ուղղութիւններով աշխատելու: Մենք եւս պիտի փորձենք քայլ պահել հրամցուող աշխատելաձեւերուն հետ:
Հիմա սակայն կրնանք յայտարարել, որ կատարուած է մեր առջեւ դրուած առաջադրանքը: «Ազդակ»-ի ամբողջական արխիւը թուայնացած է: