Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ժողովրդահաճոյախօսութիւն, Կենսոլորտ Եւ Ընտրութիւններ

January 25, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները` վարչակառավարականէն ընկերային-տնտեսական, ուսուցիչներու խոստացուած աշխատավարձերու յաւելումներու առկախումէն մինչեւ կենսոլորտի, փտածութեան եւ քաղաքացիական շարժում անուան տակ առաջադրուող բազմաթիւ խնդիրներ, սուր կերպով իրենք զիրենք զգալի կը դարձնեն:

Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ ներպետական հակասութիւններու սրումը դրսեւորուած հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն միջեւ հեռակայ բանավէճով: Որքան ալ ընդգծուի այդ հակասութեան վարչական բնոյթը եւ հանգստեան կոչուած թոշակառուներու ստանալիք իրաւունքներուն հետ կապուած թնճուկի երեւոյթը, այնուամենայնիւ համակողմանի համոզումի կը վերածուի այն, որ խնդիրը ըստ էութեան քաղաքական ենթահող ունի:

Այս բոլորին առընթեր,  հրապարակային եւ տեղեկատուական շրջանառութեան մէջ կը դրուի ընտրական օրէնքի բարեփոխման հրամայականը շեշտող վերլուծաբանութիւնը, որ եթէ մէկ կողմէ կ՛արծարծէ ընտրական օրէնքին բացթողումները, կասկածի տակ առնելով ժողովրդավարական կարգերու կիրարկման ապահովութիւնը, միւս կողմէ հասարակական ընդհանուր ենթագիտակցութեան մէջ ընտրութիւններու յետաձգման հաւանականութիւնը արմատներ նետելու առիթ կ՛ընծայէ:

Մինչ, ո՛չ միայն ընտրական օրակարգով, այլ ընդհանրապէս սահմանադրական ընթացակարգի փուլերու յարգումներու մօտեցումները եւ մանաւանդ պաշտօնավարման ժամկէտներու աւարտի թուականները անխախտելի պահելու պետական որոշ կեդրոններու պնդումները կը տարհամոզեն բոլոր անոնք, որոնք ընտրութիւններու յետաձգման հաւանականութեան մասին շրջանառուող հրապարակումներու կը հետեւին:

Քաղաքական այս խճանկարին մէջ ժողովրդահաճոյ յայտարարութիւնները, լիբանանցի ժողովուրդը կենսոլորտային աղէտէ փրկելու համար նախաձեռնուած քարոզչական գործողութիւնները մտածել կու տան ներկայ ժամանակը ընտրարշաւային նպատակներու համար լիարժէք օգտագործելու մղումներու մասին:

Ժողովրդահաճոն իր մէջ ունի նաեւ զգայացնցումի գործօնը. եւ այն ինչ որ զգայացունց է, շատ արագ տեղ կը գրաւէ ոչ անպայման հաւաստիութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւն ցոյց տուող լրատուամիջոցին համար:

Այսպէս է, որ իրականութեան չհամապատասխանող յայտարարութիւնը առանց ստուգման ենթարկուելու կը հարուածէ մամլոյ նշանակէտը եւ անպատասխանատու յայտարարութիւնը կը գրաւէ մամուլի լուրերուն առաջին հորիզոնականը:

Այս տեսաբանութենէն անցնինք վերջին օրինակին: Լիբանանեան ծովափը հարուածած աղբերու ալիքին մակընթացութեան սկզբնագօտիին մասին  առանց ստուգուելու կատարուած յայտարարութիւնը, փոխանակ յետ ստուգման շրջանառութեան մէջ դրուելու, ընդօրինակութիւն-տեղադրում (քափի փէյսթ) այսօրուան մակերեսային լրագրողականութեամբ կը գրաւէ նկատելի տարածականութիւն եւ կ՛ազդէ հանրային կարծիքին վրայ:

Աղբերու պատճառով ծովային ապականում եւ կենսոլորտային տագնապ, այո գոյութիւն ունին: Հանրութիւնը այս մասին իրազեկելու համար պէտք է յենիլ կենսոլորտի մասնագէտներու հետաքննութիւններու եւ անոնց եզրակացութիւններուն վրայ` տագնապին լուծում բերելու աշխատանքներուն ձեռնարկելու համար:

Արագ ժողովրդահաճոյախօսութեան մղումով կատարուող իրողութիւններու աղաւաղումը, հարցերու լուծման ճիշդ ճանապարհը մատնացոյց չեն ըներ:

Այս բոլորը կրկնակի սխալներու տեղի կու տան, եթէ կատարուին ոչ թէ կենսոլորտի միջազգային չափանիշներու պահպանման ակնկալութեամբ, այլ զուտ ընտրական հաշուարկներով:

Վերադառնանք ընտրութիւններուն եւ նախատեսենք, որ քաղաքացիական նման պահանջներ հասկնալիօրէն մաս պիտի կազմեն խորհրդարանական ընտրարշաւներու հռետորաբանութեան, կարգախօսերուն, պահանջներուն եւ քուէահաւաքի աշխատանքներուն:

Հայկական քաղաքական շրջանակները – խօսքը չի վերաբերիր քաղաքական այդ շարժումներուն ներառած հայ անհատներուն – եւ յատկապէս Դաշնակցական շրջանակները եւս քաղաքացիական խնդիրները կը ներառեն իրենց ընտրական ծրագիրներուն մէջ. մէկ առաջնային տարբերութեամբ` առաջադրելով այնպիսի լուծումներ, որոնք այսօրուան պայմաններու նկատառումով կը նպատակադրեն իրականացնել արմատական եւ հեռանկարային լուծումներ համալիբանանեան տարողութիւն ստացած տագնապին:

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ԵԽԽՎ-ի Մէջ Ունեցաւ Իր Պաշտօնավարութեան Վերջին Ելոյթը. «Արցախեան Տագնապը Լուծելու Ժամանակը Շատոնց Հասունցած Է»

Յաջորդը

Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով` Մանչեսթըր Եունայթըտ Կը Գերազանցէ Ռէալ Մատրիտը Եւ Պարսելոնան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.