Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Տարեփակի Տարեմուտի Խոհեր. Վերանորոգ Զսպանակումով (Վերջ)

Դեկտեմբեր 30, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժամեր անց տարեմուտ է արդէն: Վերանորոգ զսպանակումով կը շարունակենք գործը: «Ազդակ»-ի գործը: Շուրջօրեայ աշխատանք` շուրջօրեայ ընթերցանութեամբ:

«Ազդակ»-ի աշխատանքները 24 ժամուան ընթացքին դադար չունին: Երբ առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն թերթը տպարանէն դուրս կու գայ, ցրուիչները կը ստանձնեն դրօշարշաւը, երբ թերթը իր վերջին բաժանորդներուն կը հասնի, խմբագրատուն մուտք կը գործէ քարտուղարութիւնը, առաւօտեան խմբագրակազմը, աշխատակազմը, որ ապա կը փոխարինուի գիշերային խմբագիրներով եւ անձնակազմով. շարունակական շղթան առանց ընդհատուելու, գործը կը շարունակուի տպարանի անձնակազմով:

Նման շուրջօրեայ կշռութաւոր ընթերցանութեան շղթայ կայ նաեւ մեր տարածաշրջանի ու Եւրոպայի, ապա աւստրալիական եւ ամերիկեան ցամաքամասի «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն մօտ: Խմբագրման եւ տպագրական աշխատանքներուն անընդմէջ ընթացքով թերթը իր տպագիր եւ ելեկտրոնային տարածքներով նոյն անընդմէջութեամբ կը կարդացուի` կայքի հաշուիչին կամ ֆէյսպուքեան էջերուն դիտելիութեան համրանքներուն դադար չտալով: Աւելի յաւակնոտ բանաձեւով` արեւը մար չի մտներ «Ազդակ»-ի վրայ…

Նախորդ խմբագրականներուն մէջ նշումներ եղան բացուող տարուան վերաբերող ծրագիրներու նախանշային իմաստով:

Քուլիսներու ետին «Ազդակ»-ի համար աշխատած անձնակազմերու խորհրդանիշը արձանով մնայուն արժեւորումի ենթարկելու գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը յանգեցաւ Պուրճ Համուտի կեդրոնին մէջ խոնարհ եւ անծանօթ զինուորի խորհուրդով «Ազդակ»-ի երկարամեայ եւ մինչեւ մահ իբրեւ ցրուիչ աշխատած Ափոլլոյի արձանը կանգնեցնելով: Անպայման այդ քայլին հանդիսաւոր արժեւորումի առիթը կ՛ունենան «Ազդակ»-ի ընտանիքն ու շրջանակը:

«Ազդակ»-ի ելեկտրոնային գրադարանի առաջին նախադրեալները կան արդէն: Մամուլի բազմաթիւ ներկայացուցիչներու առընթեր սպառած հատորներ, յատկապէս ուսումնասիրութիւններու համար օգտագործուող հրատարակութիւններ արդէն թուայնացուած են: Մինչ կեդրոնը կը շարունակէ ստանձնել արխիւային նիւթերու, մամուլի տարբեր հաւաքածոներու, պատմական նշանակութիւն ունեցող լուսանկարներու  թուայնացման աշխատանքը: Արխիւային շտեմարան ունենալու հեռանկարը մեզ կը գօտեպնդէ այդ ուղղութեամբ աշխատանք ծաւալելու:

Մարդուժի պատրաստութեան միտող ծրագիրները աւելի կատարելագործելու, սեմինար կազմակերպելու եւ հայ տեղեկատուական դաշտի համախմբման, համակարգման եւ համագործակցութեան ուղղութիւններով մշակուած ծրագիրներու հիման վրայ նոր ձեռքբերումներու ձգտելու մղումը հրամայական է: Կը գիտակցինք, որ մարդուժի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը մէկ կարեւոր բաժինով այսօր «Ազդակ»-ի պատասխանատուութիւնն է: Այս հարթութեան վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան ոլորտի պատասխանատուներու հետ համագործակցութիւնը բաւական ճամբայ կտրած է: Ճամբայ ելած է նաեւ միեւնոյն համագործակցութիւնը Արցախի լրատուադաշտի պետական, հասարակական պատասխանատուներուն հետ: Տարին կրնայ յատկանշուիլ մեզի համար այս ուղղութիւններու վրայ կարեւոր նախաձեռնութիւններ իրականացնելով, մանաւանդ նկատի ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը եւ արցախեան շարժումի սկզբնաւորման 30-ամեակը: Այս երկու թեմաներու ուղղութեամբ Ազդակի արաբերէն կայքը կ՛ունենայ համարժէք արձագանգում։

Ասոնք «Ազդակ»-ի յառաջիկայ տարուան գերակայ ուղղութիւններն են: Կան բնականաբար ենթածրագիրներ, որոնց առարկայացումին համար պէտք է որոնել միջոցներ:

Բոլորս գիտենք, որ տնտեսական իրավիճակը մխիթարական չէ ընդհանրապէս. առաւել եւս դասական մամուլի ապրած սուր տագնապին հետ կապուած հետեւանքները կրնան չյուսադրել մամուլի պատասխանատուները: Ծանուցումի բաժինը մէկ կարեւոր մասով յարատեւ ճիգի մէջ է նիւթական բացը լրացնելու, մինչ «Ազդակ»-ի կողքին կանգնած նուիրատուներ կը շարունակեն աջակցիլ կարեւորագոյն ծրագիրներու: Փակուող թերթերու շղթայական օրինակները եւ տպագիրի ապրած խոր ճգնաժամերը կրնային մշուշապատել մեր հեռանկարները, եթէ… «Ազդակ»-ի դրօշը բարձր պահելու եւ ո՛չ միայն դիրքերը չլքելու, այլեւ նոր դիրքեր գրաւելու մեր մղումները ներշնչանք չունենային ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն, որ ամէն առիթի փաստեց, որ գաղափարական մամուլի արթուն պահակն է, թէ՛ նիւթապէս, թէ՛ բարոյապէս եւ գործնապէս մնայուն սատար հանդիսացողը, որ առաջնահերթ նկատեց մամուլի առաքելութեան համար ցցուող դժուարութիւններու յաղթահարման արագ տնօրինումները: Հաւաքական գիտակցութիւն է համակողմանիօրէն, որ «Ազդակ»-ի յարկին տակ պատրաստուածութիւնը միայն լրագրական մարդուժի գոյառման համար չէ. այլեւ` մեր հասարակական կեանքին ընդհանրապէս ազգային-քաղաքական մտածողութեան ձեւաւորման գործընթացին միտք բիւրեղացնելու կարեւոր արտադրամասի յենասիւնը:

Այս համոզումով «Ազդակ»-ի ընտանիքը կը թեւակոխէ Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը` իր ընթերցող զանգուածին մաղթելով լաւագոյնը:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Ժորժ Ուէա` Լիպերիոյ Նախագահ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?