Խմբագրական. Աւանդականի Եւ Ժամանակակիցի Համատեղումով (Պատանիի Օրուան Առիթով)
Պատանիի օրը, Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին համար աւանդական ընկալումով կը շաղկապուի Խանասորայ արշաւանքին հետ: Սերունդներ ամբողջ այդ օրը, յուլիս ամսու 25-ին կը կատարէին իրենց պատանեկան խոստումը, որ առաջին հաւաքական յանձնառութիւնն էր ծառայելու ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու ճամբով հայրենիքի ազատագրութեան դատին: Տօնը ուրեմն կուսակցական պատասխանատու մարմիններու որոշումով աղերսուած էր Խանասորայ արշաւանքի յիշատակման օրուան հետ. պարզ այն պատճառով, որ թէ՛ տարողութեամբ, թէ՛ բազմաթիւ առաքինի...



















