Խմբագրական

Editorial

Խմբագրական.  Հայ Մամուլի Օրուան Առիթով

Խմբագրական. Հայ Մամուլի Օրուան Առիթով

Հայ մամուլի օրը շնորհաւորանքներու եւ մամուլի դերը շեշտող գրութիւններէն անդին  առիթ պէտք է հանդիսանայ ընդհանրապէս հայկական լրատուադաշտի ամէնէն արդիական խնդիրներու քննարկման, բայց մանաւանդ  տեղեկատուական նոր ռազմավարութեան մշակման համար: Կան դասական խնդիրներ` հաւաստիութեան, լեզուի պահպանման, համագործակցութեան, տպագիրի հեռանկարներուն, նորարարութիւններուն հետ քայլ պահելուն եւ նման բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Ամէնէն արագ կշռոյթներով կը փոխուին հրատապ թեմաներու առաջին հորիզոնականները: Հիմա փաստօրէն պարտադրուող զիջումներուն դիմաց համահայկական...

Ակնարկ.  Միջազգային Պահանջներն ու  Օղակ-Շղթայի Տեսութիւնը

Ակնարկ. Միջազգային Պահանջներն ու Օղակ-Շղթայի Տեսութիւնը

Պէյրութ-Թել Աւիւ միջնորդաւորուած բանակցութիւնները տեղ հասած են: Կողմերը իրենց համաձայնութիւնը տուած են առաջարկուած ծովային սահմանագծումի պատկերացումին: Ներիսրայէլեան դաշտը միանշանակ չէ դիրքորոշուած այս հարցին շուրջ, մինչ լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական դաշտը դրական կ՛ընկալէ համաձայնութիւնը: Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնաթողման նախօրէին կը կայանայ համաձայնութիւնը: Այս ծրագիրի մեկնարկը ներկայ վարչակարգի օրերուն էր եւ համաձայնութեան յանգիլը` եւս: Միջազգային շտապողականութիւնը այլ շարժառիթներ կրնայ ունենալ: Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք...

Ակնարկ.   Փրակայի Քառակողմն ու Ազրպէյճանի Հինգ Կէտերէն Առաջինը

Ակնարկ. Փրակայի Քառակողմն ու Ազրպէյճանի Հինգ Կէտերէն Առաջինը

Փրակայի մէջ կայացած քառակողմ հանդիպումէն բխած յայտարարութեան ամէնէն խնդրայարոյց բաժինը հետեւեալն է. «Հայաստանն ու Ազրպէյճանը հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականին Ալմա Աթայի հռչակագիրին նկատմամբ, որոնց միջոցով երկու կողմերն ալ կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը»: ՄԱԿ-ի անդամակցութեամբ կամ Ալմա Աթայի հռչակագիրը ընդունելով կայ իրաւադրոյթ եւ ներքին կարգ, որ անդամագրուողները կը ճանչնան գործող սահմանները կամ տարածքային ամբողջականութիւնները:...

Խմբագրական.   Նոր Թարգմանչաց Մը` Յաղթելու Համար Պարտադրուող Պատերազմները

Խմբագրական. Նոր Թարգմանչաց Մը` Յաղթելու Համար Պարտադրուող Պատերազմները

Թարգմանչաց տօնը, կրթական տարեշրջանի վերամուտը եւ հայրենիքի մէջ Ուսուցիչի օրը իրար կը յաջորդեն անմիջականօրէն: Խորհուրդները անշուշտ փոխկապակցուած են եւ ուղղակիօրէն մեր կրթութեան խնդիրները լոյսին բերելու եւ յառաջիկայ աշխատանքները ուղենշելու պահեր կը ստեղծեն: Հայրենի կրթակարգի դիմագրաւած խնդիրներու քննարկումները մասնագիտական մօտեցում կ՛ենթադրեն: Աղմկայարոյց բարեփոխումներ` ռազմահայրենասիրական կամ հայ եկեղեցւոյ դասանիւթերը կրթական ծրագիրներէն դուրս բերելէն մինչեւ համալսարանական համակարգի բովանդակային փոփոխութիւններու հայեցակարգեր, մինչեւ Գիտութիւններու ազգային...

Ակնարկ.  Պաքու-Ստեփանակերտ Յարաբերակցութեան Նախանիշը

Ակնարկ. Պաքու-Ստեփանակերտ Յարաբերակցութեան Նախանիշը

Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն բխած լրատուութիւնը ուշագրաւ բաժին ունի, որ հետեւեալն է. «Նոր յարձակումներու կանխարգիլման պարունակին մէջ ընդգծուած է սահմանային իրավիճակի մշտադիտարկման եւ վերահսկման միջազգային գործիքակազմերու ներդրման կարեւորութիւնը: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի մշակման ու Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու գործիքակազմի ստեղծման վերաբերեալ: Համաձայնութիւն գոյացած է  շարունակելու քննարկումները`...

Ակնարկ.   Հակասական Պատկերներ` «Համաձայնող» Կողմերուն Մօտ

Ակնարկ. Հակասական Պատկերներ` «Համաձայնող» Կողմերուն Մօտ

Դիւանագիտական եռուզեռ կ՛արձանագրուի Պէյրութի մէջ: Լաւատեսական յայտարարութիւններ վերստին կը հնչեն տարբեր կողմերէ` ծովային սահմանազատման մօտալուտ ըլլալուն մասին: Ամերիկացի բանագնացը անընդհատ նամակներ կը ստանձնէ, կը վերախմբագրէ, դարձեալ կը ներկայացնէ: Այս արարին, Լիբանանը կը պահէ իր միասնականութիւնը: Հանրապետութեան նախագահն ու օրէսնդիրի եւ գործադիրի ղեկավարները միաձայն են եւ զիրար կ՛ամբողջացնեն լիբանանեան իրաւունքներէն չզիջելու, ազգային-պետական շահերէ թելադրուած համաձայնութեան սկզբունքներուն կառչած մնալու առումով: Արդարեւ, Լիբանանի...

Ակնարկ.   Սահմանագծումը` ԵԱՀԿ-ի Եւ ԱՊՀ-ի Միջեւ

Ակնարկ. Սահմանագծումը` ԵԱՀԿ-ի Եւ ԱՊՀ-ի Միջեւ

Աշխարհագրական եւ քաղաքական տարբեր միջավայրերէ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատման գործընթացին առնչութեամբ կը հնչեն տարբեր տեսակէտներ: Ռուսիոյ նախագահը ազրպէյճանական վերջին յարձակումին առիթով կը հաստատէր, որ խնդրի լուծման բանալին սահմանազատումն է երկու երկիրներու միջեւ Ռուսիոյ երաշխաւորութեամբ: Ֆրանսայի արձագանգը չէր ուշանար: Նախագահ Մաքրոն կ՛ակնարկէր սահմանազատման գործընթացին ՄԱԿ-ն ու ԵԱՀԿ-ը ներառելուն մասին: Աւելի առաջ Միացեալ Նահանգները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած էին սահմանազատման աշխատանքներուն իրենց թեքնիք օժանդակութիւնները բերելու:...

Ակնարկ.   Յոյն Դիւանագէտը Թիրախաւորեց Ազրպէյճանը Հովանաւորող Պետութիւնը

Ակնարկ. Յոյն Դիւանագէտը Թիրախաւորեց Ազրպէյճանը Հովանաւորող Պետութիւնը

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին Երեւան այցելութիւնը եւ այնտեղ կատարած յայտարարութիւնները լուսարձակի տակ կը բերեն ուշագրաւ հանգամանքներ: Ազրպէյճանի սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմի օրերուն պաշտօնական Աթէնքի ներկայացուցիչին Երեւան այցելութիւնը քաղաքական մեկնաբանութեամբ զօրակցութեան հաւասարազօր քայլ էր: Հիմա եւս պատահականութեան պէտք չէ վերագրել  պատերազմի երկրորդ տարելիցին առիթով Յունաստանի  արտաքին գործոց նախարարին կատարած այցելութիւնը Երեւան: Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու ուղղութեամբ Ազրպէյճանի յարձակման եւ ներխուժման առիթով պաշտօնական Աթէնքի...

Ակնարկ.   Սպասելով Ձեռնտու Պայմաններուն  Կամ Պետական Նաւի Աւազախրումին

Ակնարկ. Սպասելով Ձեռնտու Պայմաններուն Կամ Պետական Նաւի Աւազախրումին

Հիւսիսային Լիբանանէն դէպի Իտալիա մեկնող ապօրինի գաղթականութեան շղթայական առաքումներու վերջին խմբաքանակը սուրիական ջուրերուն մէջ ծովամոյն եղաւ: Աշխարհը ականատես եղաւ մարդկային ողբերգութեան հերթական արարին, երբ անտեսելով ամէն վտանգ եւ տրամադրելով մեծաթիւ գումարներ, ընտանիքներ կը հերթագրուին Լիբանանէն ապօրինի եղանակներով դուրս գալու: Ողբերգութիւններու շղթային հերթական արարը անշուշտ ունի ընկերաքաղաքական պատճառներ: Լիբանանի տնտեսական ահագնացող տագնապը, ապահովական անորոշութիւնը եւ շնչահեղձ եղած ընտանիքը փրկելու մղումը հզօր...

Խմբագրական.  Ազատ Սիւնիք 2-ի Հրամայականը  (Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Ազատ Սիւնիք 2-ի Հրամայականը (Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով)

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնը բաւական բարդ պայմաններու մէջ կը նշուի: Մեր երկրորդ պետութիւնը կորսնցուցած է տարածքներ եւ ըստ էութեան իր անկախութիւնը կամ հանրապետութեան միջազգային ճանաչումի ապահովման երթը 44-օրեայ պատերազմէն ետք ծանր հարուած ստացած: Խախտած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները: Թշնամին ներխուժած է մեր ինքնիշխան տարածքներ եւ կը սպառնայ մեր անվտանգութեան ու գերիշխանութեան, պարտադրելով նոր պայմաններ: Բերձորի միջանցքի փակումէն ետք, այժմ...

Ակնարկ.  Մեր Առջեւ Ցնցումնային Հանգրուաններ Են. Բացառիկ Հաւասարակշիռ Դիւանագիտութեան Հրամայականը

Ակնարկ. Մեր Առջեւ Ցնցումնային Հանգրուաններ Են. Բացառիկ Հաւասարակշիռ Դիւանագիտութեան Հրամայականը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահին Երեւան այցելութեան շարժառիթները միայն ներամերիկեան ընտրական մղումներով բացատրելը իրադարձութեան ամբողջական պատճառականութեան վրայ լոյս չի սփռեր: Նախ, Քոնկրեսի նախագահին այցը մետասաներորդ պահու չնախատեսուած ժամանում չէր. Փելոսին աւելի վաղ ստացած էր Երեւան այցելելու հրաւէր. այստեղ յատկանշականը այն է, որ պատերազմական իրավիճակի բերումով կրնար այցը յետաձգուիլ կամ նոյնիսկ չեղեալ նկատուիլ, այդուհանդերձ կայացաւ ճշդուած ժամանակին, ինչ որ ամերիկեան ներգրաւուածութեան...

Խմբագրական.   Լիբանանահայութիւնը Առաջնագիծին Վրայ

Խմբագրական. Լիբանանահայութիւնը Առաջնագիծին Վրայ

Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումները բնականաբար պիտի զուգորդուէին միջազգային հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելու պետական քարոզչական աշխատանքներով: Պաքուն շրջանառութեան մէջ կը դնէր հաղորդագրութիւններ, որոնց բովանդակութիւններու առանցքը այն էր, որ Ազրպէյճան կը հակադարձէ հայաստանեան նախայարձակ գործողութիւններուն: Պաշտօնական Երեւանի առընթեր սփիւռքեան եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ ո՛չ միայն պիտի հակադարձէին ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան, այլ նաեւ յարձակողապաշտ էութիւնը բացայայտէին` նախորդող հանգամանքները եւս պարզելով: Լիբանանահայութիւնը բնականաբար...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մտահոգութիւն  Յայտնեց Հայաստանի Գերիշխանական Տարածքին Վրայ Ազրպէյճանական Զինուորական Գործողութիւններուն Մասին

Խմբագրական. Դիւանագիտական Առաւելներ Պէյրութի Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներու վրայ Ազրպէյճանի նախաձեռնած յարձակումին առիթով Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը ներառած  է հասցէական կարեւոր բաղադրիչներ: Առանցքը այդ հասցէականութեան այն է, որ Լիբանանը  մտահոգութիւն կը յայտնէ Հայաստանի գերիշխան տարածքներու վրայ ազրպէյճանական զինուորական գործողութիւններուն մասին: Նախ, մէջբերենք հաղորդագրութիւնը. «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խիստ մտահոգութիւն կը յայտնէ զինուորական այս գործողութիւններուն նկատմամբ եւ կը ցաւի հայկական...

Ակնարկ.  «Խաղաղութեան» Ծրագիրի Իրականացման Փուլերը

Ակնարկ. «Խաղաղութեան» Ծրագիրի Իրականացման Փուլերը

Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւային տարածքներուն ուղղութեամբ Պաքուի սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները շարունակական օղակներն են Պաքուի յարձակողապաշտութեամբ յատկանշուող ընդհանուր քաղաքականութեան: Պէտք է մտաբերել պարզապէս Բերձորի միջանցքի փակման գործընթացը ապահովելու համար ազրպէյճանական զինեալ ուժերու յարձակումները Բերձորի շրջակայ տարածքներուն եւ Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ: Հարուածել` ստանալու համար պահանջուած կէտերը: Այս վարքագիծը թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի որդեգրածն է եւ ըստ էութեան հիմնուած` Շուշիի հռչակագիրի հիմնադրոյթներուն վրայ: Պաքուն անցած...

Ակնարկ.  Ծովային Սահմանազատման  Ալեկոծ Գործընթացը

Ակնարկ. Ծովային Սահմանազատման Ալեկոծ Գործընթացը

Ամերիկացի միջնորդ-բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի Պէյրութ կատարած հերթական այցելութիւնը ծովային սահմանազատման գործընթացին առումով մօտալուտ հանգուցալուծման նախադրեալներ չի ներառեր, ի տարբերութիւն նախավերջին այցելութեան ընթացքին անոր կատարած յայտարարութիւններուն: Նախորդող ամիսներուն Հոքշթայն գրեթէ մօտալուտ ժամկէտի մասին ակնարկութիւններ կը կատարէր: Հիմա կը խօսուի ընդհանուր լաւատեսութեան, լրացումներ կատարելու, բացեր գոցելու եւ բանակցութիւնները շարունակելու մասին: Հակառակ անոր որ թէ՛ հանրապետութեան եւ թէ՛ խորհրդարանի նախագահները լիբանանեան միեւնոյն սկզբունքային...

Ակնարկ.  Թիրախաւորուած Է Եւ Ականապատուած  Սահմանադրական Կարգը

Ակնարկ. Թիրախաւորուած Է Եւ Ականապատուած Սահմանադրական Կարգը

Ելեկտրածին մեքենաներու հայթայթած ելեկտրականութեան սակագիներու տոլարի շուկայական համարժէք պահանջը վերափոթորկեց լիբանանեան հասարակութիւնը, որ պայքար կը մղէ արագընթաց սղաճի պատճառով սակագիներու օրական մագլցողականութեան դէմ: Հիմա, արդէն լիբանանեան լրատուադաշտը ողողուած է նոր յուսալքման առաջնորդող տեղեկութիւններով, թէ վառելանիւթի գիները եւս ելեկտրականութեան նման շուկայական տոլարի համարժէք սակագիներով պիտի ճշդուին: Այս կը նշանակէ, որ քաղաքացիներու սպառման համար պետական զօրակցական նուազագոյն միջամտութիւնները եւս պիտի ջնջուին, եւ...

Պրիւքսէլեան Ձեւաչափն Ու Ռուսիան

Ակնարկ. Հակամարտութեան Ձեւակերպումի Փոփոխութեան Վտանգը

Պրիւքսելի եռակողմ հանդիպումէն ետք Ազրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը, թէ ինք  կը հաւատայ, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը կարելի է կնքել քանի մը ամիսէն, վերստին կ՛ընդգծէ Պաքուի շտապողականութիւնը Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու: Այս շտապողականութեան իբրեւ հիմնաւորում Ալիեւ կը հաստատէ, որ հայկական կողմը ընդունած է Ազրպէյճանի առաջարկած հինգ կէտերը, եւ այդ համաձայնութիւնը վերահաստատած է Հայաստանի վարչապետը Պրիւքսելի հանդիպումին: Աւելի մանրամասնելով ան յստակացուցած է,...

Խմբագրական. Արցախը Կ՛ազդարարէ Ազգային Վերահամախմբումը (Սեպտեմբեր 2-ի Տօնին Առիթով)

Արցախի համաժողովրդային ցոյցը, որ տեղի կ՛ունենայ այսօր Ստեփանակերտի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման տօնին առիթով, գաղափարական առումով շատ կարեւոր ուղենիշներ կ՛ամփոփէ իր մէջ: Նախ` միասնականութեան մասին. Արցախի ժողովուրդը միասնութեան հրամայականն է, որ կ՛ընդգծէ այսօր: Փաստօրէն հանրահաւաքին կը մասնակցին բոլոր ուժերը անխտիր: Այստեղ որեւէ նշանակութիւն չունի իշխանութիւն կամ ընդդիմութիւն: Սեպտեմբեր 2-ի խորհուրդը համախմբած է բոլորը` վերանորոգելու համար Արցախի ազատագրութեան պայքարը: Օրը...

Ակնարկ.  Թուրքեւազրպէյճանական Շտապողականութիւնը Սանձող Դրսեւորումներ

Ակնարկ. Թուրքեւազրպէյճանական Շտապողականութիւնը Սանձող Դրսեւորումներ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր նախագահի նշանակումին առիթով տեղի տուած է Պաքուի սուր հակազդեցութեան: Պլինքըն գրած է, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են օգնել Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին բանակցելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման շուրջ: Դեսպան Ռիքըրը կ՛աշխատի նաեւ համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպիսին է Եւրոպական Միութիւնը, եւ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ  կը նպաստէ Հայաստանի...

Ակնարկ.  Պարանաձգումի Խաղի Շարունակութիւն

Ակնարկ. Պարանաձգումի Խաղի Շարունակութիւն

Վիեննայի հիւլէական բանակցութիւններու գործընթացը նոր խոչընդոտներու առջեւ է: Կայ յստակ տարբերութիւն Եւրոպական Միութեան պաշտօնական յայտարարութիւններուն համեմատական լաւատեսութեան եւ ամերիկեան անհամաձայնութիւններուն միջեւ: Փաստօրէն Թեհրանի կատարած լրացուցիչ առաջարկներուն համաձայն չէ Ուաշինկթընը: Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ բանակցութիւնները կը դադրեցուին. հիմա կը սկսի նոր շրջափուլ` նոր առաջարկներ, նոր միջնորդութիւններ, նոր համաձայնութիւններ կամ առարկութիւններ: Կը թուի, որ ընդհանուր համաձայնութեան յանգելէն աւելի այս փուլին նպատակը...

Page 26 of 62 1 25 26 27 62

Արխիւներ