Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Շնորհաւորանքներուն Քաղաքական Ժամանակը

Յուլիս 14, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետին եւ Թուրքիոյ նախագահին միջեւ կայացած հեռաձայնային փոխշնորհաւորանքները լայն հնչեղութիւն ապահոված են եւ կը ձգեն այն տպաւորութիւնը, որ գործընթացը արագ է` արդիւնքներու յանգելու ուղղութեամբ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը բեմադրուած է: Դժուար է պատկերացնելը, որ Ատհայի տօնի շնորհաւորանքին դիմաց Թուրքիոյ նախագահը արագօրէն պիտի մտաբերէր հայոց Վարդավառը եւ փոխադարձէր շնորհաւորանքը: Բեմադրութիւնը, ուրեմն, կը միտէր երկխօսութեան գործընթացի ընդգծումը կատարելու եւ շեշտելու խաբուսիկ հեռանկարայնութիւնը, մանաւանդ, որ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կը խօսի Ատհա-Վարդավառէն ետք Վիեննայի վերջին հանդիպումին ձեռք բերուած երկու համաձայնութիւնները. շուտով կեանքի կոչելու անդրադարձին մասին:

Այս բեմադրութեան մէջ կարեւոր այլ հանգամանք կայ, որ չի վրիպիր ուշադրութենէ: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան նախաձեռնողը հայկական կողմն է: Նախաձեռնողականութիւնը այս պարագային անպայման խաղի կանոն ճշդողի հանգամանքին համազօր չէ: Նախաձեռնողականութեան գործօնը այս պարագային պարտուած կողմէն պահանջուած քայլի վերափոխուած է:

Այլապէս, երբ տակաւին ըստ մեր անվտանգութեան հայեցակարգային փաստաթուղթերուն Թուրքիան ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլեւ ընդհանրապէս տարածաշրջանային մակարդակով սպառնալիք է, շնորհաւորանքի նախաձեռնութիւնը կը դարձնէ խիստ տարակուսելի:

Տակաւին. Անգարան կը շարունակէ փոխկապակցել Երեւանի հետ երկխօսութիւնն ու հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւնները: Անգարան կը շարունակէ պահանջել «Զանգեզուրեան միջանցք»-ը` վերափոխելով դասական պայմանները. եւ մանաւանդ` արծարծել Հայաստանի Հանրապետութիւն – Թուրքիա սահմանագծումը:

Ըստ էութեան այս երեք պայմանները Անգարայի առաջ քշած դասական նախապայմաններու վերափոխուած տարբերակներն են:

Հիմա անցնինք Թուրքիոյ ունեցած դերակատարութեան` 44-օրեայ պատերազմը հրահրելու, Ազրպէյճանը զինելու եւ ահաբեկիչներ գործուղելու գործողութիւններով: Այս բոլոր տուեալները կրնան կապուիլ ռազմական յանցագործութիւններու ստուար թղթածրարի մը:

Ատհա-Վարդավառ շնորհաւորանքներուն առընթեր եւ անոնցմէ առաջ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան կանոններու յանձնաժողովի մօտ կ՛արծարծէր հիմնական երեք կէտ`

– Հայ ռազմագերիներու ազատ արձակում,

–  Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններու մասին հաշուետուութեան պահանջ,

– Սահմանափակել «Էֆ-16»-ներու վաճառքը Թուրքիոյ:

Այստեղ շեշտակիօրէն յստակ է Անգարայի դերը թէ՛ ռազմագերիներու շահարկումին եւ թէ՛ ընդհանրապէս պատերազմի ընթացքին գործադրուած զանազան տեսակի յանցագործութիւններուն մէջ:

Հայ դատի բանաձեւած պահանջներէն երկուքը կը վերաբերին Պաքուին, երրորդը` Անգարային, պարզ է ուղերձը: Անգարան է պատասխանատուն առաջին երկու կէտերուն, հետեւաբար Ուաշինկթընէն կը պահանջուի դիրքորոշուիլ:

Մէկ կողմէ նախաձեռնութիւն կ՛առնուի Թուրքիան ռազմական յանցագործի աթոռին նստեցնելու, միւս կողմէ նախաձեռնութիւն կը տրուի, կը պատուիրուի կամ կը պահանջուի Ատհայի տօնը շնորհաւորելու:

Շնորհաւորանքները պետութիւններու միջեւ օրինաչափ են եւ արարողակարգային: Անոնք տարբեր հանգամանքներու կրնան ձեւափոխուիլ, առկախուիլ կամ ընդհանրապէս տեղի չունենալ, երբ զուգահեռ ճնշող եւ պարտադրող քայլեր կ՛առնուին մէկ կողմէն:

Մանաւանդ երբ այդ կողմը պատերազմ սանձազերծած է եւ կը պատրաստուի պատերազմի արդիւնքներու հիման վրայ միակողմանի զիջումներ ձեռք ձգելու:

«Ա.»

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Պիտի Քուէարկէ Հայ Դատի Յանձնախումբի Հովանաւորած Չորս Բանաձեւերու Վերաբերեալ

Յաջորդը

«Ուքրանիան Կրնայ Անհետանալ Աշխարհի Քարտէսէն» Կ՛ըսէ Փենթակոնի Նախկին Խորհրդարանականը

RelatedPosts

Հսկայական Պայթում Երեւանի «Սուրմալու»  Առեւտուրի Կեդրոնին Մէջ. 3 Զոհ Եւ 61 Վիրաւոր
Գլխաւոր լուրեր

Հսկայական Պայթում Երեւանի «Սուրմալու» Առեւտուրի Կեդրոնին Մէջ. 3 Զոհ Եւ 61 Վիրաւոր

Օգոստոս 15, 2022
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Մասնակցի Յունաստանի Կառավարութեան Կազմակերպած Միջազգային Համագումարին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Ցաւակցի

Օգոստոս 15, 2022
Ալիեւ. «Ղարաբաղ Ապրող Հայերը Ո՛չ Կարգավիճակ,  Ո՛չ Անկախութիւն, Ո՛չ Յատուկ  Արտօնութիւններ Պիտի Ունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ալիեւ. «Ղարաբաղ Ապրող Հայերը Ո՛չ Կարգավիճակ, Ո՛չ Անկախութիւն, Ո՛չ Յատուկ Արտօնութիւններ Պիտի Ունենան»

Օգոստոս 15, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In