Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Չհիմնաւորուած Լաւատեսութիւն Եւ Շտապողականութիւն

Օգոստոս 2, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին-ներքին լաւատեսական շտապողականութիւն մը առկայ է լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ` ծովային սահմանազատումը իրականացնելու ուղղութեամբ:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար-միջնորդին մագոգային այցելութիւններէն վերջինին ընթացքին կատարուած յայտարարութիւնները համաձայնութեան նախաշեմին մէջ գտնուելու տպաւորութիւնը կը ձգեն: Նախորդներէն կը տարբերին անոնք, որովհետեւ ժամկէտի մասին ակնարկ կը կատարեն պաշտօնապէս: Բառացի. «Երախտապարտ եմ հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին. յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին համաձայնութեան յանգելու ուղղութեամբ շատ լաւատես եմ»:

Ամերիկացի դիւանագէտին կատարած յայտարարութեան հետեւողը այն տպաւորութիւնը կը կազմէ, որ ծովային սահմանազատման միջպետական համաձայնութիւնը շաբաթներու հարց է:

Դիւանագիտականօրէն աւելի օրինաչափ է թէեւ լաւատեսութիւն ներշնչող, այդուհանդերձ ժամկէտի մասին չխօսող եւ նոյն գերշտապ վիճակը չփոխանցող Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարին բանաձեւը իրականացուող գործընթացին մասին. «Սահմանագծման բանակցութիւնները տակաւին չեն աւարտած, սակայն ընթացքի մէջ են. գոյութիւն ունի հսկայական եւ նկատառելի յառաջխաղացք»:

Քանի մը օր առաջ խորհրդարանի նախագահին վճռականութեամբ ընդգծուող յայտարարութիւնները, թէ Կանայի նաւթահորը իր ամբողջութեան մէջ Լիբանանի պահանջ է եւ թէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումի օրակարգ չէ Պէյրութի համար, երեւութապէս չեն համապատասխաներ լաւատեսական եւ շտապողական ամերիկեան յայտարարութիւններուն:

Մանաւանդ որ ներքին առումով աւելի քան պարզ է, որ կառավարութեան կազմութիւնը եւս միջազգային համաձայնութեամբ պայմանաւորուած է: Ինչ որ տակաւին չ՛երեւիր լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ: Նման պայմաններու մէջ համաձայնութեան ցուցանիշը նախ կառավարութեան կազմութիւնն է: Ի վերջոյ որոշումներ կայացնելու լիազօրութիւններ ունեցող կառավարութիւն պէտք է, որ համաձայնութիւն տայ սահմանազատման կամ սահմանագծման նման վճռորոշ գործընթացներու մեկնարկին:

Առ այս պահը այդ ներքին լաւատեսութիւնը յառաջացնող նախադրեալները չկան, եւ աւելի իրատեսական կը թուին խորհրդարանի նախագահին յայտարարութիւնները, քան տարածաշրջան յաճախ այցելող ամերիկացի պաշտօնատարին:

Ներքին իրադարձութիւնները այլ բան կը յուշեն: Պէյրութի քաղաքապետական բաժանումի խնդիրէն հասնելով մարոնի եպիսկոպոսի դատական խնդիրին առնչուած եւ հետզհետէ բաժանարար դիրքորոշումներու յանգող երեւոյթները, այո՛, խորհրդարանի նախագահին բնորոշումով հրաշքի համազօր երեւոյթի կը վերածեն կառավարութեան կազմութիւնը: Մինչ երկիրը` կանգնած հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նախափուլին, խորապէս կը զգայ այդ օրակարգի իրականացման թէականութիւնը. նախագահական ընտրութեան նիստի կայացումը պայմանաւորուած է արդէն Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ պահանջուած բարեկարգումի օրէնքներու վաւերացումով:

Պայմանական շղթայ մըն է, որ պարուրուած է պետութեան շուրջ, որուն օղակներուն քանդումի գործողութիւնները տակաւին իրականանալի չեն թուիր:

Հիմա հարցումը ուրեմն` ինչո՞ւ այս լաւատեսական շտապողականութիւնը եւ այն տպաւորութիւնը նոյնիսկ ժամկէտի ակնարկելով, որ հանգուցալուծումը շատ մօտ է:

Դարձեալ հանրային կարծիքի ուղղորդում տեղի կ՛ունենայ: Փորձ կը կատարուի այն համոզումը կազմելու, թէ ամերիկեան միջնորդութեամբ կողմերը մօտ են լուծումի: Այդ լուծումին շնորհիւ Լիբանանը պիտի օգտուի իր բնականոն հարստութենէն, պիտի բարելաւէ իր յարաբերութիւնները հարաւի հարեւանին հետ. պիտի վերականգնէ տնտեսութիւնը եւ դուրս գայ շրջափակումէն:

Այս յորդորը կը թուի, որ կը կիրարկուի նաեւ հարաւային Կովկասի մէջ:

Լաւատեսութիւնն ու շտապողականութիւնը նոյնքան հեռու են իրականութենէն, որքան հիմնախնդիրին լուծումը:

«Ա.»

Նախորդը

Դաւիթ Բաբայեան. «Անհանգստանալու Եւ Խուճապի Մատնուելու Կարիք Չկայ, Ամէն Ինչ Կը Գտնուի Մեր Զինուած Ուժերու Վերահսկողութեան Տակ»

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն (Քաղաքացիներուն Եւ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերուն` 2022 Յուլիս Ամսուան Ելեկտրականութեան Վճարումին Վերաբերեալ)

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?