Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Լռութեան Պատին Կամ Թուրանական Կամուրջին Քանդումը` Լիզպոնի Խորհուրդով Եւ Օրինակով

Յուլիս 27, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յեղափոխական աւանդներու վերադարձով յատկանշուող գործողութիւններու գագաթնակէտը Լիզպոնն էր իր տարողութեամբ, անձնազոհութեան գերագոյն աստիճանաչափի օրինակով եւ ձգած արձագանգով ո՛չ միայն ներազգային, այլ նաեւ միջազգային առումներով:

Յետահայեաց դիտարկում մը այդ գործողութիւններուն ձեռք բերած արդիւնքներուն անպայման լուսարձակ կը կեդրոնացնէ 27 յուլիս 1983-ի Լիզպոնին վրայ: Խօսքը լռութեան պատի քանդումին մասին է: Կրաւորականութեան շրջումը եւ այնուհետեւ բարձրաձայնումը Հայ դատի իրաւացիութեան մասին: Ժամանակի հեռաւորութենէն կատարուող ակնարկը պիտի նկատէ յետլիզպոնեան ժամանակահատուածին իւրայատկութիւնը` Ցեղասպանութեան ճանաչման յաղթարշաւի նոր զսպանակումի առումով:

Լիզպոնը ուրեմն լռութեան պատի քանդումին ամէնէն հզօր հարուածն էր: Եւ թիւր է այն ընկալումը, սխալ է հիմնովին այն փորձը, որ Լիզպոնի գերագոյն զոհաբերութեան օրինակի նսեմացումը կը կատարէ` քաղաքական արդիւնքի չյանգելու սխալ վարկած յառաջ քշելով:

Լիզպոնեան արարքի քաղաքական ընթերցումը այս օրերուն կ՛առնչուի ուրեմն աշխարհաքաղաքական միտումներն ու ծրագիրները խոչընդոտելու եւ նոր իրավիճակ ստեղծելու գաղափարին: Լուռ էր միջազգային ընտանիքը Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտացիութեան դիմաց եւ անտարբեր` հայոց կորսուած իրաւունքներու պահանջներուն առջեւ: Լիզպոնը յաջողեցաւ իրավիճակ փոխել:

Այնուհետեւ ո՛չ միայն թափ հաւաքեց ճանաչման յաղթարշաւը, այլ նաեւ թեւակոխուեցան նոր փուլեր: Ժխտողականութեան քրէականացման եւ հատուցման բաղադրիչները մաս կազմեցին ո՛չ միայն նոր հայեցակարգին, այլ նաեւ ունեցան գործնական դրսեւորումներ` տարբեր միջազգային ատեաններու թէ պետութիւններու խորհրդարաններուն մէջ:

Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ անշուշտ, որ աշխարհաքաղաքական միտումներու փոփոխութիւնը եւ միջպետական յարաբերութիւններու ելեւէջները սերտօրէն կ՛ազդեն նման գործընթացներու վրայ: Բնականաբար: Խնդիրը սակայն  ներազգային մակարդակի վրայ պայքարի եւ ազգային իրաւունքներու պահանջի սկզբունքայնութեան եւ անտեղիտալիութեան երաշխիքի ապահովումն է եւ ապա քաղաքական գործընթացներուն մէջ հայանպաստ յաղթաթուղթի տրամադրումը: Իսկ Լիզպոնը այդ առումով անգերազանցելի օրինակ է: Ամբողջ սերունդներ լիզպոնեան արարքին մէջ տեսան` հայ ժողովուրդի իրաւունքները վերականգնելը իրենց կեանքին նպատակը համարելու կենսափիլիսոփայութիւնը: Պետութիւնները հետագային Լիզպոնի փոխանցած պատգամները Անգարայէն իրենց ունեցած պահանջներու թեմաներու վերածեցին:

Լռութեան պատին ճարճատումին նման այսօր դրուած է թուրանական կամուրջի նախագիծի քանդումի առաջադրանքը: Լիզպոնի անտեղիտալիութեան օրինակը ուղերձներ կը յուշէ եւ թելադրանքներ կը կատարէ պայքարի սկզբունքայնութիւնը պահելու եւ հակառակ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն, միջպետական համաձայնութիւններուն, նոյեմբեր 9-ին եւ անոր ներառած կէտերուն` պայքարելու, անդուլ աշխատելու այդ կամուրջի ծրագիրը խափանելու համար:

Արժանապատիւ խաղաղութիւնն ու բնականոն գործընթացներով ապաշրջափակումը այլ բան են, պարտուողական  դիրքերէ միակողմանի զիջումներով թուրանական կամուրջին համաձայնութիւն տալը` այլ բան: Խնդիրը այս պարագային «միջանցք» եզրի օգտագործումը կամ չօգտագործումը չէ: Խնդիրը թուրանական կամուրջ կառուցելն է եւ իբրեւ առաջին փուլ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ցամաքով կապելը: Այդ կամուրջի ծրագիրը տապալեցաւ 1918-ին, ինչ որ մայիսեան հերոսամարտերուն տուաւ քաղաքակրթութիւն փրկելու հանգամանք միջազգային առումով:

Հիմա հայաստանեան եւ սփիւռքեան ընդդիմութիւնն է, որ կը պայքարի այդ կամուրջի գործարկման դէմ: Հակառակ` աշխարհաքաղաքական միտումներուն եւ Մոսկուա-Անգարա համաձայնութիւններուն: Քանդել կամուրջը, ինչպէս Լիզպոնը խնդիր դրած էր իր առջեւ քանդել լռութեան պատը:

Պատին ճարճատումը կամ կամուրջին քանդումը  պայքարի անտեղիտալիութիւն կ՛ենթադրեն եւ չեն կքիր միջազգային միտումներուն դիմաց: Ինչպէս փաստեցին Լիզպոնի հերոսները:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Հայաստանին Եւ Արցախին Սպասող Վտանգը Չէզոքացնելու Մէկ Ճամբայ Կայ` Գործող Իշխանութեան Հեռացումը»

Յաջորդը

«Ռուսիան Եւ Իրանը Պէտք Է Սուրիոյ Հարցին Մէջ Իրենց Դիրքորոշումները Ճշդեն» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?