Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման հերթական տարեթիւի նշումի պաշտօնական ուղերձները խնամքով շրջանցեցին շատ կարեւոր իրաւադրոյթ մը, որ խիստ այժմէական նշանակութիւն ունի այս օրերուն:
Անկախութեան հռչակագիրի նախաբանը կը հաստատէ. «…Կենսագործելով ազգերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբերի 1-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհրդի համատեղ որոշման վրայ…»:
1 դեկտեմբեր 1989-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդը եւ ՀԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը համատեղ նիստ գումարած էին, որուն ընթացքին որոշած` ՀԽՍՀ-ի եւ ԼՂԻՄ-ի վերամիաւորման մասին: Ազգային խորհուրդը գործեց մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումը` 2 սեպտեմբեր 1992: Կ՛արժէ այդ որոշումը մէջբերել բառացի`
– «Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը եւ ԼՂԻՄ-ի Ազգային խորհուրդը հռչակում են Հայկական ԽՍՀ-ի եւ ԼՂԻՄ-ի միաւորումը: ԼՂԻՄ-ի բնակչութեան վրայ կը տարածուին Հայկական ԽՍՀ-ի քաղաքացիական իրաւունքները:
Վերջնանպատակը ուրեմն Արցախի միաւորումն է Հայաստանին, ըստ Սահմանադրութեան հիմքը կազմող Անկախութեան հռչակագիրին: Դեկտեմբերեան որոշումը յատուկ կէտ ունի նաեւ ինքնորոշման իրաւունքի գերակայութեան մասին. փաստօրէն Ա. կէտը կ՛արձանագրէ`
«Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը ճանաչում է ԼՂԻՄ-ի ինքնորոշման փաստը` հաստատուած ԼՂԻՄ-ի մարզային խորհրդի 1988 թուականի փետրուարի 20-ի եւ յուլիսի 12-ի նստաշրջանների, ինչպէս նաեւ մարզի բնակչութեան լիազօր ներկայացուցիչների 1989 թուականի օգոստոսի 16-ի համագումարի եւ Ազգային խորհրդի հոկտեմբերի 19-ի նիստի որոշումներում»:
Ասով ալ իրաւականօրէն կը բացատրուի հետագային իբրեւ ռազմավարութիւն որդեգրուած Անկախութիւն հռչակելու 2 սեպտեմբեր 1992-ի որոշումը:
Անկախութեան հռչակագիրը ուրեմն կը խօսէր ԼՂԻՄ-եան տարածքներուն Հայաստանի վերամիաւորման մասին. ԼՂԻՄ-ի հինգ շրջաններն էին` Շուշի, Ասկերան, Մարտակերտ, Մարտունի եւ Հատրութ:
Շուշիի եւ Հատրութի վերաազատագրումի առաջադրանքը պիտի դառնար օրուան հրամայականը: Համաձայն` Անկախութեան հռչակագրին: ԼՂԻՄ-եան տարածքներու վերաազատագրման առաջադրանքէն զատ այլ նիւթերու ընդգծումներ կատարելը այսօր,
փաստօրէն շրջանցել է ամէնէն էական խնդիրը, օրուան ամէնէն սահմանադրական առաջնային կէտը:
Շուշիի եւ Հատրութի ապաբռնագրաւումը առաջադրելով հայկական կողմը յուշում կատարած կ՛ըլլար նաեւ բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք ամէն առիթի կը յայտարարեն, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը չէ լուծուած եւ թէ ընդհանրապէս հակամարտութիւնը չէ լուծուած իբրեւ նախապայման` խաղաղութեան համաձայնագիրին: Կարգավիճակը աշխարհագրական հասկացողութիւն ունի եւ կը վերաբերի յստակ աշխարհագրական գօտիի: Այս պարագային ԼՂԻՄ-եան տարածքներուն. ուրեմն նաե՛ւ Շուշիին եւ Հատրութին:
Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման օրուան նշումը կ՛ենթադրէր նաեւ այդ տարածքներու վերաազատագրման ճանապարհային քարտէսի մշակում: Շեշտելու, որ արցախահայութեան ինքնորոշումի իրաւունք հասկացողութիւնը հաւասարապէս կը ներառէ թէ՛ անվտանգային խնդիրները, թէ՛ մարդու իրաւունքները եւ թէ՛ տարածքներու պատկանելիութիւնը: Այս իրաւադրոյթներու տարբաղադրումը պարզապէս կ՛ականահարէ մեր բռնագրաւուած հայապատկան տարածքներու վերադարձի գործընթացը եւ մանաւանդ պետական մակարդակով կը հակասէ Սահմանադրութեան հիմքը կազմող Անկախութեան հռչակագիրի հիմնադրոյթներուն: