Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Միջադէպ Եւ Հետեւութիւններ

August 13, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանին հետ աշխարհը հինգշաբթի, 11 օգոստոսին հետեւեցաւ ժապաւէնանման իրադարձութեան մը, երբ լիբանանցի քաղաքացին զէնքով եւ վառելանիւթով մուտք գործեց դրամատուն, պատանդ վերցուց այնտեղ գտնուողները եւ պահանջեց իր սեփական գումարը: Իրաւապահ մարմիններու համապատասխան բաժանմունքները պաշարեցին դէպքին վայրը, փակեցին տարածքը եւ անցան բանակցութիւններու: Միջադէպը հանգուցալուծուեցաւ բանակցութիւններու արդիւնաւորումով, համաձայնուած գումարի տրամադրումով եւ ենթակային իրաւապահ մարմիններու ինքնայանձնումով: Վիրաւորներ եւ զոհեր չարձանագրուեցան:

Քանի մը հետեւութիւն կարելի է ընել այս  միջադէպի երեւոյթէն մեկնելով: Նախ այն, որ լիբանանցի քաղաքացիները սկսած են դիմել արտակարգ միջոցներու, իրենց սեփական գումարներէն անհրաժեշտին տիրանալու համար: Արտակարգը այս պարագային անձնասպանութեան դիմելու պատրաստակամութիւնն է, այլոց կեանքերուն սպառնալն է, բռնամիջոցի դիմելն է: Եթէ ասիկա կ՛ենթադրէ մարդոց համբերատարութեան վերջնագիծը հատած ըլլալը, միաժամանակ կը յուշէ, որ անհատական կենսական իրաւունքներու ձեռքբերման համար քաղաքացիներ կրնան դիմել հարցերը անձնական ձեւերով լուծելու ընտրանքին. ընդ որում` ամէնէն ծայրայեղ: Եւ այս առումով պատահածը ահազանգային է:

Հանրային հետեւութիւնը այս բոլորին կրնայ ըլլալ այն, որ եթէ այս նախադէպը կ՛առաջնորդէ ոեւէ անհատի իր յարմար տեսած ոչ օրինաւոր ճանապարհով հարց լուծելու, ապա կրնայ նախադէպի սահմաններէն դուրս գալ եւ այլ դրսեւորումներ ունենալ: Իսկ այդ պարագային բնականաբար չ՛երաշխաւորուիր, որ նման համեմատաբար անվնաս ելքով աւարտի ձեռնարկելի որեւէ ոդիսական:

Այս տեսութիւններէն մեկնած չի բացառուիր, որ լիբանանեան կիսաշխատանքային դրութեան մէջ եղող դրամատուներու անվտանգութեան պայմանները խստացուին` աւելիով դժուարացնելով քաղաքացիներուն դրամատնային գործարքներու արդէն իսկ կաթուածահար վիճակը:

Շարունակենք հետեւութիւնը այս անգամ իրաւապահ մարմիններուն վերաբերող բաժինով: Որքան ալ համատարած համոզում ըլլայ, որ Լիբանանի պետական հաստատութիւնները, որոնց շարքին նաեւ անվտանգային եւ իրաւապահ բաժանմունքները, անդամալուծուած վիճակի մէջ են եւ տնտեսական տագնապի բերումով չեն իրականացներ իրենց վերապահուած գործառոյթները, այս պարագային անոնց համակարգուած գործունէութիւնը փաստեց, որ այդ բաժանմունքներու համապատասխան ճիւղերը ի վիճակի են վերահսկելու նման իրողութիւններ, կը գործեն արհեստավարժ մակարդակով եւ համակարգուած օղակներու հեզասահ բանեցումով: Իրաւապահութիւնը ուրեմն կարմիր գիծ է, որ կը պահպանուի թէկուզ նաեւ արտաքին օժանդակութիւններով: Այս ինքնին կ՛ենթադրէ, որ ամբողջական քաոսացումի միտում չէ այն մեծ ծրագիրը, որուն հարուածին տակ յայտնուած է երկիրը:

Արագ անցում` քաղաքական իրավիճակի ընդհանուր ուրուագիծի: Երեւցող նախադրեալներ են, վերլուծումի դուռ բացող` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ կայացած հանդիպումը: Զուգահեռ` արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու  նախարարի պաշտօնակատարին յայտարարութիւնը, թէ` «Սուրիա բոլոր դիւրութիւնները կը տրամադրէ` տեղահանուածներու վերադարձը ապահովելու նպատակով», ինչ որ տնտեսական բեռնաթափումի կարեւոր քայլ կը նկատուի: Իրաքեան քարիւղի տրամադրման շարունակութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը տագնապի առնուազն թեթեւացման նպաստող քայլ է: Կամ խորհրդարանի փոխնախագահին յայտարարութիւնը, թէ Կազայի վերջին դէպքերը ուշացուցած են ծովային սահմանագծումի գործընթացը, կ՛ենթադրէ, որ գործընթացը ընթացքի մէջ է եւ կայացած հրադադարի պատճառով կը վերագործարկուի:

Այս նշումները ուռճացուած լաւատեսութիւն փոխանցելու նպատակը չունին: Քաղաքական տրամաբանութեամբ պարզապէս կը յուշեն, որ իրաւապահութեան գործունեայ վիճակին առընթեր կան քաղաքական գործընթացներ` ներլիբանանեան երկխօսութիւն յառաջացնելու, տնտեսական բեռնաթափումներ ապահովելու, ծովային սահմանազատման համար փոխզիջումնային լուծման երթալու կամ իրաքեան վառելանիւթի ներկրման շարունակութիւնը երաշխաւորելու:

Անհատական միջադէպը, հասարակական հնչեղութենէն մինչեւ իրաւապահ մարմիններ եւ քաղաքական այսօրուան էջին վրայ արձանագրուող էսքիզներ, կը վերահամոզեն, վերահսկելի քաոսով, ամբողջական փլուզումի չերթալու եւ ճնշամիջոցներով փուլ առ փուլ հարցեր լուծելու ընդհանուր ծրագիրի մը առկայութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

«Պէտք Է Հասկնանք, Որ Այս Երկիրը Փրկելու Միակ Միջոցը Երկխօսութիւնն Է, Ո՛չ Զէնքը, Ո՛չ Պատերազմը Եւ Ո՛չ Ալ Սադրանքը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (12 Օգոստոս 2022)

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տամ»

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.