Խմբագրական

Editorial

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Բ.)  Առցանց Լսարաններ Եւ Մատենաշարի Մեկնարկ

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Բ.) Առցանց Լսարաններ Եւ Մատենաշարի Մեկնարկ

Հայաստանեան-արցախեան, միջինարեւելեան թէ լիբանանեան կացութիւնները չքաջալերեցին, որ «Ազդակ» վերադառնայ առկայ լսարաններու իր շարքին: Այս երեք ուղղութիւններուն վրայ ստեղծուած կացութիւնը պատճառ դարձաւ, որ նոյնիսկ առցանց լսարաններու շարքը որոշ ժամանակի համար ընդհատուի: Յատկապէս Արցախի կորուստով պայմանաւորուած առցանց լսարանները դադար առին: Անոնք նոր վերսկսան ազդարարելով, որ յառաջիկայ ամիսներուն «Ազդակ» պիտի մղէ իր շուրջ համախմբուած փորձագիտական մարդուժի ներկայացուցիչները, որ դասախօսութիւններով արծարծեն Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու...

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Ա.)  Ազգային Կողմնացոյցի Անհրաժեշտութիւնը

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Ա.) Ազգային Կողմնացոյցի Անհրաժեշտութիւնը

Տարեփակի աւանդութիւնը պէտք է շարունակուի: «Ազդակ» խմբագրաշարքով կը ներկայանայ իր ընթերցողներուն` լոյսին բերելու համար փակուող տարուան հիմնական աշխատանքային ուղղութիւնները: Անշուշտ նաեւ այն, որ տարբեր հանգամանքներով պայմանաւորուած չյաջողեցանք իրականացնել: Եւ` այն, որ կը ծրագրենք իրականացնել յառաջիկային, եթէ անշուշտ յատկապէս երկրին մէջ ռազմաքաղաքական վիճակը եւ անոր կապուած տնտեսական  պայմանները թոյլատրեն: Տարին շատ ծանր էր նախ համահայկական տարողութեամբ: Կորսնցուցինք մեր երկրորդ հանրապետութիւնը: Պէտք...

Ակնարկ.  Գործընթացի Խաղաղ Արգելակում

Ակնարկ. Գործընթացի Խաղաղ Արգելակում

Ազրպէյճանի նախագահի խորհրդականը «խաղաղասիրական» յայտարարութիւններ  կատարած է` ընդգծելով, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը գտնուին ամէնէն խաղաղ շրջափուլին մէջ: Պաքուէն եւ Անգարայէն հրապարակուած էին համահունչ յայտարարութիւններ, փոխանցելու համար, որ պատասխանատուութիւնը կը գտնուի հայկական կողմին մօտ, դէպի խաղաղութեան պայմանագիր հաստատուն քայլեր առնելու առումով: Հիմա, իբրեւ փաստ օրինակ կը բերուի գերիներու վերադարձը, սահմանային հանգստութիւնը, հաստատելու համար, որ վերջին եռամիսը 30-ամեակի ամէնէն խաղաղ եւ...

Ակնարկ.  Պաշտօնավարման Ժամկէտներ Եւ Միջազգային Օրակարգեր

Ակնարկ. Պաշտօնավարման Ժամկէտներ Եւ Միջազգային Օրակարգեր

Բանակի հրամանատարին պաշտօնավարման ժամկէտի յետաձգումի օրակարգը հանգուցակէտի վերածուած էր լիբանանեան պետական դաշտին մէջ: Սահմանադրութեան համապատասխան իրաւադրոյթներու մեկնաբանութիւններ, անվտանգային հարցեր, կառավարութեան եւ խորհրդարանի իրաւասութեան դաշտի ճշդումի քննարկումներ եւ այդ ուղղութեամբ պարանաձգութիւններ: Բայց նաեւ` միջազգային ճնշումներ, ֆրանսացի պատուիրակի այցելութեան ընթացքին փոխանցուած պահանջներ եկան համոզելու, որ հարցը, ինչպէս լիբանանեան մակարդակի վրայ ճշդելի որեւէ բանալի խնդիր, ներգրաւած է տարածաշրջանային խաղ թելադրող պետութիւնները: Առաջին մօտեցումով...

Ակնարկ.  Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ Պարանձգութիւն` ՄԱԿ-ի 2 Խաղադաշտերու Վրայ

Ակնարկ. Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ Պարանձգութիւն` ՄԱԿ-ի 2 Խաղադաշտերու Վրայ

ՄԱԿ-ը հերթական անգամ Համաս-Իսրայէլ պատերազմի հրադադարի  բանաձեւ կ՛որդեգրէ պահանջելով անմիջապէս եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել բոլոր գերիները եւ կռուող երկու կողմերու յարգումը միջազգային օրէնքին, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի քաղաքայիններու պաշտպանութեան: Բանաձեւը հաւասար հեռաւորութիւն կը պահէ եւ ատով իսկ կը հակադրուի Իսրայէլի մօտեցումին, յատկապէս զինադուլ հաստատելու նախապայմանային դիրքորոշումին: Ուշագրաւ է Պաղեստինեան իշխանութիւններու ողջունումը բանաձեւի որդեգրումին առիթով, ինչ որ կը նշանակէ, որ...

Ակնարկ.  Օթթաուային Կատարած Յղումը Հելսինքիին

Ակնարկ. Օթթաուային Կատարած Յղումը Հելսինքիին

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայացած համաձայնութեամբ գերիներու ազատ արձակումի վերաբերող միացեալ յայտարարութիւնը կը շարունակեն ողջունել պետութիւնները: Միջազգային օրինաչափ երեւոյթ կարելի է սեպել նման ողջունաշարք մը, յատկապէս երբ հակամարտող կողմեր համաձայնութեան կու գան որոշ կէտերու շուրջ: Այս շարքէն կ՛առանձնանայ Քանատան, որուն արտաքին գործոց նախարարութեան այս առիթով կատարած յայտարարութիւնը շատ կարեւոր հիմնադրոյթներ ներառած է: Այսպէս. արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ արձանագրուած է....

Ակնարկ.  Ազրպէյճան. Ներքին-Արտաքին Ճնշումներ

Ակնարկ. Ազրպէյճան. Ներքին-Արտաքին Ճնշումներ

Արցախի հարցով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տան լսումներուն առընթեր յայտարարողական մակարդակի վրայ լարուած էին Ուաշինկթընի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները: Հասցէական սուր քննադատութիւններու դիմաց Պաքուի առաջնորդը նոյնիսկ խօսած էր Ուաշինկթընը  իբրեւ միջնորդ Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններուն չընդունելու մասին: Իրավիճակ փոխուած է. Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Օ՛Պրայընի Ազրպէյճան կատարած այցելութեամբ: Այս առիթով Ազրպէյճանի ղեկավարը նշած է, որ Ուաշինկթընը, հաշուի առնելով...

Ակնարկ.  Ուաշինկթընը, Անգարան Եւ Համասը

Ակնարկ. Ուաշինկթընը, Անգարան Եւ Համասը

Համասի հարցով Ուաշինկթըն - Անգարա տարակարծութիւնը թատերական էութիւն ունենալու տպաւորութիւնը կը ձգէ: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի ահաբեկչութեան եւ ելեւմտական հարցերու տեղեկահաւաքի հարցերով օգնականը Թուրքիա այցելութեան ընթացքին Համասի հետ Անգարայի յարաբերութիւններուն նկատմամբ Ուաշինկթընի խոր մտահոգութիւնը յայտնած էր` կոչ ուղղելով, որ Համասի ֆինանսաւորումը շարունակելու պարագային Թուրքիան ծանր հետեւանքներ կրնայ կրել: Համասի հովանաւոր եռեակը կը բնութագրուի ռազմական ուղղութեամբ Իրանով, ֆինանսական` Քաթարով, իսկ գաղափարախօսական`...

Ակնարկ.   Նախագահի Ընտրութեան Օրակարգին Առընթեր Հնչող Այլ Պահանջներ

Ակնարկ. Նախագահի Ընտրութեան Օրակարգին Առընթեր Հնչող Այլ Պահանջներ

Ֆրանսայի յատուկ պատուիրակին հերթական այցելութիւնը կը զուգադիպէր Համաս-Իսրայէլ պատերազմի զինադուլի փուլին, առ երեւոյթ ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, որ զինադուլի հաստատման առընթեր միջազգային ընտանիքը վերստին պիտի կեդրոնանայ Լիբանանի նախագահութեան ընտրութեան օրակարգին վրայ: Զինադուլի երկարաձգման վերջին բանակցութիւնները արդիւնք չեն տուած: Չի նշանակեր անշուշտ, որ անոնք պիտի չշարունակուին, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք  Սպիտակ տան յայտարարութիւնը, թէ մարդասիրական զինադուլի երկարաձգման աշխատանքը պիտի շարունակուի: Այս պայմաններուն...

Ակնարկ.  Կազայէն Արագ Ոստումը Դէպի Կոլան

Ակնարկ. Կազայէն Արագ Ոստումը Դէպի Կոլան

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որդեգրած բանաձեւը Իսրայէլէն պահանջելու, որ հեռանայ Կոլանի բարձունքներէն,  միջազգային ընտանիքի որդեգրած ընդհանուր քաղաքականութեան մէկ օղակն է: Բանաձեւը բնականաբար պարտադիր բնոյթ չունի, սակայն միջազգային ընտանիքի կեցուածքն է, որ կրնայ իբրեւ ճնշամիջոց, համապատասխան յղումով արծարծուիլ Թել Աւիւի նկատմամբ այս կամ այն պետութեան կողմէ, տարբեր առիթներու: Մինչ Կազայի ուղղութեամբ կը սաստկանան զինադուլը տեւական դարձնելու ճնշումները: Կարճատեւ երկարաձգումները մարտավարական նշանակութիւն ունին...

Ակնարկ.  Քաթարեան Հանգուցակէտը  Եւ Միջին Արեւելեան Իրադարձութիւնները

Ակնարկ. Քաթարեան Հանգուցակէտը Եւ Միջին Արեւելեան Իրադարձութիւնները

Իսրայէլ-Համաս պատերազմի կանգառային այս փուլը հիմնականին մէջ գերիներու փոխանակման համար է: Փուլ առ փուլ կ՛իրականացուի համաձայնուած փոխանակումը: Փոխանակման առաջին փուլի ամբողջացումէն ետք, ըստ յայտարարութիւններու կը վերսկսին զինուորական գործողութիւնները: Այս տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, որ երկրորդ զինադուլը կը պայմանաւորուի գերիներու փոխանակման երկրորդ փուլով, երկու կողմերէն ազատ արձակելի գերիներու թիւերու շուրջ համաձայնութենէն ետք: Եւ այսպէս շարունակ: Թել Աւիւը յայտարարած է, որ պատերազմական գործողութիւնները պիտի...

Խմբագրական.  Ընթացիկ Անկախութիւն Եւ Ինքնահոս Հասարակարգ (Լիբանանի Անկախութեան 80-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Ընթացիկ Անկախութիւն Եւ Ինքնահոս Հասարակարգ (Լիբանանի Անկախութեան 80-Ամեակին Առիթով)

Լիբանանի անկախութեան նշումը ներկայ պայմաններուն մէջ հեռու է տօնական ըլլալէ: Անկախութեան տօնի նշումին պետական աւագանիի համախմբումը, եռանախագահութեան մէկտեղումով փոխանցուած միջհամայնքային համակեցութեան խորհուրդը եւ անոնց դիմաց զինեալ ուժերու շքերթը արդէն յուշ են լիբանանցի ժողովուրդին համար: Չունինք հանրապետութեան նախագահ, չունինք ամբողջական լիազօրութիւններով գործող վարչապետ. կը շարունակէ պաշտօնավարել խորհրդարանի նախագահը, որուն վերապահուած հիմնական առաքելութիւնը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը յաջողցնող խորհրդարանի նիստի կայացումն է: Այս...

Ակնարկ.   Հնգօրեայ Ժամանակաւոր  Զինադուլի Շեմի՞ն

Ակնարկ. Հնգօրեայ Ժամանակաւոր Զինադուլի Շեմի՞ն

Կարմիր ծովուն մէջ հուսիներու կողմէ իսրայէլեան նաւու գրաւումը տարատեսակ կանխատեսումներու դուռ բացաւ: Նախ տեղեկաուական-վերլուծական դաշտը արագօրէն նախանշեց, որ իրադարձութիւնները այս ձեւով դուրս պիտի գան Կազայի սահմաններէն եւ տարածաշրջանային բնոյթ հաղորդեն պատերազմին: Միայն տեղեկավերլուծական դաշտին չէին վերաբերեր այս ենթադրութիւնները: Իսրայէլեան բանակին բանբերը յայտնեց, որ նաւուն առեւանգումը «համաշխարհային տարողութեամբ վտանգաւոր դէպք է»: Իսկ Իսրայէլի վարչապետին գրասենեակը նաւուն գրաւումը նկատեց իրանեան «ահաբեկչական» արարք...

Ակնարկ.   Պիւտճէն Եւ «Ծայրագաւառային  Հայրենասիրութիւն»-ը

Ակնարկ. Պիւտճէն Եւ «Ծայրագաւառային Հայրենասիրութիւն»-ը

Հայաստանի վարչապետը Ազգային ժողովին մէջ հայրենասիրութիւն յղացքին նոր սահմանում կատարեց: Կեդրոնացաւ հայրենիք-պետութիւն նոյնացումի տեսութեան վրայ: Մանրամասնեց` ըսելով. «Հայրենիքը պետութիւնն է, կը սիրես հայրենիքդ` հզօրացո՛ւր պետութիւնը, եղի՛ր օրինապահ եւ վճարէ` հարկերդ»: Պետութիւնը  պարզ է, որ ազգի մը կազմակերպուածութեան բարձրագոյն մակարդակն է. համակարգ է, որուն կը ձգտի ամէն ազգ  գերիշխան եւ ազատ ապրելու համար իր հայրենիքին մէջ: Հայրենիքը սակայն, մեր նման ժողովուրդներուն...

Ակնարկ.  Զուգակցել Վերադարձի Եւ Ինքնորոշման Իրաւունքները

Ակնարկ. Զուգակցել Վերադարձի Եւ Ինքնորոշման Իրաւունքները

Ազրպէյճանի նախագահը  ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահին կազմակերպած ընդունելութեան  ընթացքին նշած է, որ իբրեւ թէ Ազրպէյճանը ներկայացուցած է համակեցութեան եւ վերադարձի իրաւունքի վերաբերեալ  յստակ եւ թափանցիկ ծրագիր, իսկ Հայաստանը մերժած է ազրպէյճանցիներու Հայաստան վերադառնալու իրաւունքը եւ այդ կապակցութեամբ որեւէ տեսակէտ չէ ներկայացուցած: Այս լրատուութեան մէջ քանի մը հանգամանք կայ, որ պէտք է լուսարձակի տակ առնել: Առաջինը այն է, որ Արցախի ժողովուրդի...

Ակնարկ.  Զանգեզուրի Միջանցքը Ծուարած` Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք Տարազին Տակ

Ակնարկ. Զանգեզուրի Միջանցքը Ծուարած` Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք Տարազին Տակ

Թուրքիոյ նախագահը վերստին արծարծած է թուրքեւազրպէյճանական դաշինքին նախապայմանը ուղղուած հայկական կողմին: «Զանգեզուրի միջանցք»-ը նախ ուղղութիւն կը փոխէ, յետոյ` գրաւչութիւն, ապա կը մեկնաբանուի Հայաստանի շրջանցումով, յետոյ վերստին կը սպրդի յայտարարութիւններու բովանդակութեան մէջ, կը վերածուի Նախիջեւան-Ազրպէյճան հաղորդուղիի, կը կորսուի յանկարծ ընդհանուր ապաշրջափակման ոլորապտոյտներուն մէջ, հիմա ալ Ուզպէքիստանի մէջ Թուրքիոյ նախագահին ճամբով կը վերածուի խաղաղութեան հաստատման նախապայմանի, իբրեւ Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապող փոխադրական գիծ,...

Ակնարկ.  Միջին Արեւելքի Մէջ Խաղի Կանոններու Փոփոխութիւնը

Ակնարկ. Միջին Արեւելքի Մէջ Խաղի Կանոններու Փոփոխութիւնը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութիւնը` հրատապ հրադադար հաստատելու Կազայի մէջ,  չ՛առարկայանար, պարզ այն պատճառով, որ Իսրայէլ որեւէ ձեւով մտադիր չէ կրակը դադրեցնելու: Առաջադրուածը Կազայի ժողովուրդին տեղահանումն է եւ Համասի արմատական ոչնչացումը: Ընդհանուր քարտուղարը հաստատած է նաեւ, որ այսպիսով Կազան կը վերածուի երեխաներու հաւաքական գերեզմանի: Պահանջը  երկու կողմերուն ուղղուած ըլլալու տարրեր ունի, որովհետեւ ան նկատած է, որ Կազայի ժողովուրդին կենդանի վահանի դեր...

Ակնարկ.  «Միջանցք»-ն Ու Հիւսիս-Հարաւը

Ակնարկ. «Միջանցք»-ն Ու Հիւսիս-Հարաւը

Զանգեզուրի միջանցքին աշխարհագրական ուղղութեան փոփոխութիւնը համընկնեցաւ 3+3 ձեւաչափի Իրանի մէջ կայացած հանդիպումին: Առաջինը այս մասին ազդարարեց Թուրքիոյ նախագահը: Հետեւեցան Պաքուի ներկայացուցիչներուն համահունչ յայտարարութիւնները: Միջանկեալ հրապարակումներ եղան անշուշտ թէ՛ Անգարայէն եւ թէ՛ Պաքուէն, որոնք մտածել տուին միջանցքի մասին կատարուող նոր յայտարարութիւններուն խուսանաւումնային բնոյթ ունենալուն մասին: Սակայն միջանցքին իրանեան ուղղութեան մասին կատարուող հետզհետէ պաշտօնական յայտարարութիւնները սկսան համոզել դիպաշարին հետեւողը, որ ապաշրջափակման նոր...

Ակնարկ.  Ցամաքային Ներխուժման Ձգձգումին Հետ Կապուած Հանգամանքներ

Ակնարկ. Ցամաքային Ներխուժման Ձգձգումին Հետ Կապուած Հանգամանքներ

Իսրայէլեան խոստացուած ցամաքային ներխուժումը դէպի Կազա կը յետաձգուի կամ կ՛առկախուի: Քանի մը հանգամանք նկատի պէտք է ունենալ որոշումի գործադրութեան առկախման երեւոյթին դիմաց: Նախ այն, որ Թել Աւիւը փորձ կը կատարէ  միջազգային  հանրութեան համոզելու, որ ինք կ՛ուզէ տարանջատել ժողովուրդը «ահաբեկչական միաւոր»-էն: Առիթ կու տայ, որ ժողովուրդը տեղաշարժուի դէպի հարաւ: Այս տարանջատումի փորձը հեզասահ չ՛ընթանար անշուշտ: Նախ այնպէս չէ, որ ժողովուրդը զանգուածային...

Ակնարկ.  3+3-1

Ակնարկ. 3+3-1

Արցախեան վերջին միօրեայ պատերազմէն ետք կարելի է արձանագրել, որ եռակողմ յայտարարութիւնը չեղեալ նկատուած է: Եռակողմի ամբողջ հանգոյցը 9-րդ կէտն է, այլ խօսքով` տարածաշրջանի ապաշրջափակումը: Եռակողմը հրադադարի յայտարարութեան սահմաններէն շատ հեռու գացած է եւ անցած տնտեսաքաղաքական նոր յարաբերութիւններու, առանց անուանապէս յիշելու, ըստ էութեան սակայն ներգրաւելով տարածաշրջանային ուժեր` Իրանէն մինչեւ Վրաստան, անցնելով Թուրքիայէն, Ռուսիայէն եւ Ազրպէյճանէն: Մէջբերենք 9-րդ կէտը. կ՛ապաշրջափակուին տարածաշրջանին մէջ...

Page 19 of 62 1 18 19 20 62

Արխիւներ