Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «Միջանցք»-ն Ու Հիւսիս-Հարաւը

Հոկտեմբեր 28, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զանգեզուրի միջանցքին աշխարհագրական ուղղութեան փոփոխութիւնը համընկնեցաւ 3+3 ձեւաչափի Իրանի մէջ կայացած հանդիպումին: Առաջինը այս մասին ազդարարեց Թուրքիոյ նախագահը: Հետեւեցան Պաքուի ներկայացուցիչներուն համահունչ յայտարարութիւնները: Միջանկեալ հրապարակումներ եղան անշուշտ թէ՛ Անգարայէն եւ թէ՛ Պաքուէն, որոնք մտածել տուին միջանցքի մասին կատարուող նոր յայտարարութիւններուն խուսանաւումնային բնոյթ ունենալուն մասին:

Սակայն միջանցքին իրանեան ուղղութեան մասին կատարուող հետզհետէ պաշտօնական յայտարարութիւնները սկսան համոզել դիպաշարին հետեւողը, որ ապաշրջափակման նոր հաղորդուղիներու մասին կան հիմնական համաձայնութիւններ:

Երկու կարեւոր յայտարարութիւններ եկան ընդգծելու նոր համաձայնութիւններու տեսանելիութիւնը:

Ազրպէյճանի նախագահին արտաքին հարցերու խորհրդականը կը յայտարարէ, որ իր երկիրը  մտադիր չէ գրաւելու Սիւնիքը, որովհետեւ երկու կողմերը չյաջողեցան «Զանգեզուրի միջանցք»-ին հարցով: Իր խօսքով, այս ծրագիրը կորսնցուցած է  իր գրաւչութիւնը, փոխարէնը Ազրպէյճանը կրնայ այդ մէկը իրականացնել Իրանի հետ: Աւելցուցած, որ Ազրպէյճանի եւ Իրանի ներգրաւուածութեան շարժառիթը փոխադրական միջոցներու կապերու կառուցումն է:

Տարբաղադրելով հատուածներ, փորձենք ընկալել ըսուածը: Ազրպէյճան մտադիր չէ գրաւելու Սիւնիքը, որովհետեւ կողմերը չյաջողեցան համաձայնութեան գալ: Գրաւել եւ համաձայնիլ: Եթէ հայկական կողմը համաձայն ըլլար Զանգեզուրեան միջանցքի ծրագիրին, ապա Ազրպէյճանը պիտի գրաւէր Սիւնիքը: Հետաքրքրական է տրամաբանութիւնը եւ լոյս կը սփռէ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի բուն նպատակներուն վրայ:

Շարունակենք. հայկական կողմի անհամաձայնութեան մասին է ուղղակի խօսքը: Իրադարձութիւններուն հետեւողը արագօրէն կրնայ հաստատել, որ հայկական կողմի անհամաձայնութիւնը չէր բաւեր Զանգեզուրեան միջանցքի ծրագիրը կասեցնելու: Մանաւանդ ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ շատ թոյլ են հայկական կողմի բանակցային դիրքերը:

Պարզ է տեղի ունեցածը. իրանեան կողմի վճռականութիւնը կասեցուցած է ծրագիրը եւ համոզած Անգարային փոխել խաղի կանոնները: Իրանեան գործօնն է, որ դադրեցուցած է Հայաստան-Իրան սահմանային կարգավիճակի որեւէ փոփոխութիւն գրաւիչ նկատուելէ:

Այլ ենթաուղերձ ալ կայ ազրպէյճանցի դիւանագէտին կատարած յայտարարութեան մէջ: Խօսելով զուտ փոխադրական միջոցներու հաստատման մասին, Պաքուն ըսել կ՛ուզէ, որ որեւէ ձեւով բացուելիք ճանապարհը պիտի չօգտագործուի զինուժ տեղափոխելու համար:

Հիմա գանք երկրորդ ուշագրաւ յայտարարութեան. Ռուսիոյ դաշնութեան փոխվարչապետ Օվերչուքը ըսած է,  թէ Հայաստանը Հիւսիս-հարաւ միջանցքի մաս չէ, որովհետեւ յստակ դիրքորոշում չունի:

Եթէ պահ մը միջանցքի յղացքը մոռնանք եւ Նախիջեւան-Ազրպէյճան առաջադրուած ցամաքային կապը դիտարկենք իբրեւ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակում, ապա երկու յայտարարութիւնները այնպէս կ՛ըմբռնենք, որ կայ ընդհանուր հասկացողութիւն Հայաստանը շրջանցելու, տարածաշրջանային ապաշրջափակումներու ծրագիրներուն մէջ:

Նկատենք նաեւ, որ նոր հաղորդակցուղիներու մեծ ծրագիրներուն մէջ իրանեան գործօնը առանցքային է: Թէ՛ Զանգեզուրեան միջանցքի նոր ուղղութեամբ եւ թէ՛ Հիւսիս- հարաւ գիծին վրայ:

Նախապէս այս մեծ օրակարգերը ներառուած էին նոյեմբերեան եռակողմի 9-րդ կէտին մէջ, որ կը խօսէր ամբողջ տարածաշրջանի ապաշրջափակումին մասին: Հիմա այդ օրակարգը տեղափոխուած է 3+3 ձեւաչափին մէջ:

Մէկ դիտարկում եւս: Նոյեմբերեան եռակողմի գլխաւոր ճարտարապետը, երաշխաւորն ու միջնորդը Ռուսիոյ դաշնութիւնն էր: Հիմա այդ հանգամանքը Ռուսիան կը կիսէ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ, իբրեւ այլեւս մաս` տարածաշրջանի գլխաւոր հաւաքական 3-ի:

«Ա.»

Նախորդը

Զախարովա. «Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Առաքելութիւնը Մշտադիտարկման Անուան Տակ Իրականութեան Մէջ Հետախուզական Տուեալներ Կը Հաւաքէ Ռուսիոյ Եւ Իրանի Դէմ»

Յաջորդը

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

RelatedPosts

Ակնարկ.  22-րդ Կէտը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 22-րդ Կէտը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի  Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»

Հոկտեմբեր 1, 2025
Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?